Շաբաթ՝ 8 Յունիս 2019ի երեկոյեան, Հայ Գթութեան Խաչի Գոմոթինիի «Էրեբունի» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց մօր նուիրուած տօնը ազգային սրահին մէջ։ Ներկայ էին հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս վրդ. Սաղտըճեան, միջ թաղայինի տտենապետ Պետրոս Մելքոնեան, Գոմոթինիի թաղային խորհուրդի ատենապետ Ստեփան Մատէոսեան եւ անդամներ, մշակութային միութեան ստենապետուհի Ճէնի Գասապեան եւ անդամներ, խաչուհիներ ու գնահատելի թիւով ժողովուրդ։
Բացման խօսքը կատարեց ատենապետուհի ընկ. Ռուզաննա Զոհրապեան։ Ան, յանուն վարչութեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որմէ ետք բեմ հրաւիրեց ընկ. Թուլա Խաչատուրեանը։ Ան խօսեցաւ մօր կարեւոր դերին, պարտականութեան ու արժէքներուն մասին։ Ետքը, վարչութիւնը յատուկ յուշանուէրներով պատուեց տիկ. Ֆէնիա Գիլինկարիտիս, որ կը ներկայացնէր մօր գեղեցիկ տիպարը։
Միօրեայ վարժարանի աշակերտներէն խումբ մը, գլխաւորութեամբ ուսուցչուհի Ռուզաննա Զոհրապեանին, ինչպէս նաեւ մշակութային միութեան «Հայուհիներ» երգչախումբը ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը։
Աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ինչպէս նաեւ վարչութիւնը մայրերուն յանձնեց նուէր մը։
ԹՂԹԱԿԻՑ
Մայրերու տօն՝ Գոմոթինիի մէջ
Մայրերու տօն՝ Գոմոթինիի մէջ










