Նորա Քիւրտօղլեան- Գույումճեան
Մայրենի լեզուի միջազգային օրը առիթ կ՛ընծայէ բոլորիս որ պահ մը մեր մտածումները կեդրոնացնենք մե՛ր մայրենիին վրայ:
Լեզուի հիմնական գործողութիւնը հաղորդակցութիւնն է: Սակայն հաղորդակցելու-յարաբերուելու միջոց ըլլալէ առաջ ու վերջ, լեզուն ժողովուրդի մը արժէքներուն եւ սկզբունքներուն, մտային ու մշակութային ստեղծագործութիւններուն, առաջադրանքներուն, քաղաքական եւ ընկերային բարոյականութեան արտայայտիչն է: Միեւնոյն ազգին պատկանող անհատներուն՝ «ազգակիցներուն» միջեւ զիրար ճանչնալու գործօն եւ հասարակ յայտարար: Ազգային գիտակցութիւն եւ միութիւն կերտելու ազդակ:
Այսինքն հաղորդակցութեան գործիք ըլլալէ աւելի, լեզուն արժէք է:
Unesco-ի լեզուաբաններու ուսումնասիրութիւնները աշխարհի վտանգուած լեզուները գրանցած են «Աշխարհի վտանգուած լեզուներու Աթլաս»ին վրայ հետեւեալ հինգ խմբաւորումներու կարգավիճակով.-
ա.- «Խոցելի» կը նկատուին այն լեզուները, որոնք կը խօսուին երեխաներու եւ պատանիներու կողմէ, բայց սահմանափակ վայրերու մէջ (օրինակ՝ միայն տան մէջ):
բ.- «Հաստատօրէն վտանգուած» կը նկատուին այն լեզուները, որոնք այլեւս չեն ուսուցուիր երեխաներուն իբրեւ մայրենի լեզու՝ տան մէջ:
գ.- «Խստօրէն վտանգուած»՝ երբ լեզուն կը խօսին միայն մեծ մայրերն ու մեծ հայրերը եւ անոնց սերնդակիցները, մինչ ծնողները հաւանաբար կը հասկընան, բայց չեն գործածեր զայն՝ իրարու եւ զաւակներուն հետ հաղորդակցելու համար:
դ.- «Ճակատագրականօրէն վտանգուած» կը նկատուին լեզուներ, որոնք հազուադէպօրէն ու մասնակի պարագաներու միայն կ՛օգտագործուին երէց սերունդին կողմէ:
Եւ վերջապէս
ե.- «Յանգած» կ՛որակուին լեզուներ, որոնք չեն գործածուիր: Այլեւս այդ լեզուներով ոչ մէկ խօսող մնացած է:
Արեւմտահայերէնը 2010-ին ներառուեցաւ Unesco-ի «Աշխարհի վտանգուած լեզուներու Աթլաս»ին վրայ, դասուելով «խիստ վտանգուած» գ. խմբաւորումին մէջ:
Արեւմտահայերէնի համար Une-sco-ի լեզուաբաններու այս հաստատումը մտահոգիչ է անկասկած, միաժամանակ ահազանգիչ պատգամ է ուղղուած այդ լեզուին տիրոջ՝ հայ հասարակութեան, յատկապէս սփիւռքահայութեան, որպէսզի զայն վերակենդանացնելու մեծ ճիգի նուիրուի եւ առաջքն առնէ, որ անիկա չհասնի «ե» խմբաւորումին, այսինքն «յանգած լեզու» կարգավիճակին:
Այդ տարողութեամբ ճիգը անպայման կը նշանակէ կեանքի պայմաններուն դէմ երթալ, կ՛ենթադրէ յանձնառու դառնալ բազմակողմանի նուիրուածութեան: Կը նշանակէ մեծով-պզտիկով ահաւոր պայքար մղել առարկայական պայմաններու դէմ:
Պատմութեան ժամանակին մէջ ազգեր կը յարատեւեն եւ կը զարգանան այնքան ատեն, որ իրենց լեզուն կը պահպանեն եւ կը զարգացնեն: Մինչ հակառակը պատահած է, ազգեր տկարացած եւ կորսուած են՝ երբ իրենց լեզուն անտեսուած, տկարացած ու կորսուած է:
Մասնագէտներու ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ լեզուն անմիջականօրէն փոխներգործութեան կապ ունի մարդու մտածողութեան հետ: Լեզուն կը խորացնէ մտածումը եւ անոր կարողութիւնը եւ փոխադարձաբար՝ մտածումը կը մշակէ ու կը հարստացնէ լեզուն: Պատահական չէ որ բոլոր երկիրներուն մէջ, Լեզուն եւ Շարադրութիւնը իբրեւ մէկ դաս՝ հիմնական դասերէն կը նկատուի եւ համալսարանական մուտքի քննութիւններուն նիւթ է ան, անկախ թէ քննուող աշակերտը ինչ ուսման ճիւղ պիտի հետեւի:
Այսպէս ալ, ազգային անկախութեան ու միասնականութեան գաղափարները եւ բարգաւաճման իղձը զօրաւոր են ժողովուրդին մէջ, եթէ աճած եւ մշակման բարձր մակարդակի նուաճած ըլլայ մայրենի լեզուն:
Մեր պարագային, սփիւռքի հայ սերունդները, ընկերութեան գործօն անդամ դառնալու հոգեկան ու զգացական ամբողջացման գործընթացը կ՛ապրին երկու տարբեր մշակոյթներու ընդմէջէն, մէկ կողմէն հայկական ընտանիքէն փոխանցուած պատկանելիութեան ժառանգով, եւ միւս կողմէն իրենց բնակած երկրի մշակութային եւ քաղաքական իրականութեան կազմաւորումով:
Սփիւռքի հայ երեխան եւ պատանին լաւագոյն պարագային կը մեծնան երկու լեզուներու ներգործութեամբ եւ գործածութեամբ: Այս պարագային նոյնիսկ դրական կ՛ըլլար լեզուներու եւ մշակոյթներու իրարազդեցութիւնը երեխաներու հոգեմտաւոր զարգացման համար, եթէ՛ հայերէնը չտուժէր եւ հարց չդրուէր, թէ ո՞ր լեզուին հետ աւելի մտերիմ կապ կը մշակեն, ո՞ր լեզուով կը մտածեն անոնք:
Լեզուին տիրապետել չի նշանակեր միայն անոր արտայայտութեան ձեւերուն ընտելանալ, այլ լեզուին ընդմէջէն անհատը ու մանաւանդ պատանին կը կապուի դէպքերու, դէմքերու, ապրումներու: Յուշեր կը կազմաւորէ եւ ազգային ինքնութիւն կը կերտէ ու կը մշակէ: Յաճախ կը լսենք. «սա կամ նա լեզուին լաւ կը տիրապետեմ»: Խորքին մէջ շրջուած իմաստն է իրականութիւնը.- լեզուն է որ մեր վրայ կը տիրապետէ…:
Unesco-ի «Աթլաս»ի ընթերցումս յիշողութեանս խոշորացոյցով միտքս բերաւ անցեալի դիպուկ պատկերներ, որոնցմէ մէկը հետեւեալն է.-
Անցեալի սիրելի եւ այնքա՜ն օրինակելի պատկերներէն մէկն է: Երիտասարդական միութեան անդամակցութեանս տարիներուն, երբ պահանջք դրուած էր ազդու միջոց ի գործ դնել նոր սերունդին մէջ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան թափանցումին եւ զարգացման համար, փափաքող եւ լեզուական որոշ նախապայմաններ լրացնող երիտասարդներու կորիզ մը կազմուեցաւ, որ հետեւեցաւ հայոց լեզուի յատուկ դասընթացքներու շարքի մը: Լեզուական գիտելիքները ճոխացնելէ անդին, ծանօթացաւ մեր գրականութեան հեղինակներուն, անոնց անժամանցելի գործին ու խօսքին: Այդ երիտասարդները իրենց կարգին, հայերէն կարդալ ու գրել սորվեցուցին, այլ տեսակի դասընթացքներու նախաձեռնութեամբ մը, յունախօս՝ բայց հայերէն սորվելու զօրաւոր փափաք ունեցող իրենց ընկերներուն:
Այսպէս, կարծես օղակները մէկը միւսին մէջ անցնելով մարդկային շղթայ մը կազմուած էր մայրենի լեզուին փառքը պահպանելու եւ փոխանցելու համար: Այդ նախաձեռնութիւններուն արդիւնքները անվիճելիօրէն կը վայելեն մինչեւ այսօր թէ՛ մասնակիցները՝ անհատաբար, թէ՛ մեր գաղութը, իր հաւաքական կեանքին մէջ:
Լեզուն կենդանի բջիջ է: Եթէ չսորվինք, չգործածենք, չզարգացնենք, կը մեռնի:
Այսօր սփիւռքի հայը հեռու է հայ գրքէն, հայատառ թերթէն, կապ չունի հայ գրականութեան հետ: Կը խօսինք հայախօսութեան տկարացման, նահանջի, նոյնիսկ անգործածականութեան մասին:
Մտահոգութիւններ կ՛արտայայտենք, լուծումներ կ՛որոնենք, խորհրդաժողովներ կը կազմակերպենք, սփիւռքի հայուն մօտ մայրենի լեզուին զօրացման համար առաջարկներ կ՛ընենք: Բայց այնքան ատեն որ, Unesco-ի հաստատումով ալ, հայերէն «կը խօսին միայն մեծ մայրերն ու մեծ հայրերը եւ անոնց սերնդակիցները, մինչ ծնողները հաւանաբար կը հասկնան, բայց չեն գործածեր զայն՝ իրարու եւ զաւակներուն հետ հաղորդակցելու համար», այնքան ատեն որ օրինակի համար՝ իբրեւ ծնողք հպարտ ենք երբ մեր զաւակը անգլերէն լեզուին կը տիրապետէ, մինչ գոհ ենք երբ ան հայերէնը գիտէ այնչափ որ հասկնայ լսածը եւ մի քանի բառեր քով-քովի դնելով միտք մը հազիւ կարենայ արտայայտել, այնքան ատեն որ ճիգ չենք ըներ տան մէջ հայերէն խօսելու, կը նշանակէ թէ չենք անդրադարձած լրջութիւնը այն մարտահրաւէրին, որուն առջեւ կը գտնուինք այսօր ազգովին:
Ճիշդ է, որ ներկայ սերունդին մէջ կան անձեր որոնց հայերէնի մէջ տկար տիրապետումը արգելք չէ որ անոնք հպարտօրէն հայ զգան: Նոյնպէս հաստատելի է, որ բոլոր հայախօս անձերը անպայման ազգային կեանքին մէջ բարձր նուիրուածութեամբ չեն յատկանշուիր: Սակայն պիտի ընդունինք նաեւ, որ «հայերէն չեմ գիտեր, բայց հայ կը զգամ» մտայնութեան զոհն ենք ընդհանուրով: Այդ մտածողութեան դէմ պայքարելու կամքը գրեթէ գոյութիւն չունի կարծէք, բոլոր մակարդակներու վրայ:
Խուսափում մը կայ պահանջելէ, որ անպայման հայերէն խօսուի հայկական միջավայրի մէջ:
Իբրեւ ազգային միաւոր յարատեւելու համար նախապայման է որ ազգի մշակոյթին եւ անոր հիմք՝ լեզուին հետ հայ անհատի կապը սերտանայ: Անժխտելի է դպրոցին, մամուլին, կազմակերպութիւններուն դերակատարութիւնը՝ ամէն մէկը իր ծիրէն ներս եւ բոլորը միասին՝ գործակցաբար: Իսկ առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ անհատական կամքը:
Հայ անհատները ինքնադաստիարակութեամբ եւ ինքնազարգացմամբ, կրնան մշակել սէրը հայերէն լեզուին հանդէպ եւ սկսիլ մտածել հայերէնով: Ապա թերեւս արեւմտահայերէնը փրկուի «խիստ վտանգուած լեզու» ըլլալէ եւ վերստին դառնայ ներշնչող ու մեզ արտայայտող մեր «մայրենին»:
Անձնական կամքով եւ մէկս միւսին՝ զիրար մղելով:
Ի վերջոյ ազգային արժանապատուութեան հարց է: