Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչ
Հայաստանի պետական տօնացոյցին վրայ Փետրուար 21ի թուականը իր արժանի տեղը ունի, այն օրէն, երբ Եունեսքոյի կողմէ միջազգայնօրէն հռչակուեցաւ «Մայրենիի օր»։ Իսկ մեր ժողովուրդին համար մայրենի լեզուի պահպանութիւնն ու տարածումը՝ ազգային այնպիսի լուրջ նշանակութիւն ունի, որ ուղղակիօրէն առընչուած է հայեցի դաստիարակութեան եւ հայու ինքնութեան ձեւակերպման հարցերուն հետ։
Հայ անհատի ինքնութեան ճշդորոշման հարցին մէջ կրնանք առանձնացնել՝ լեզուն, կրօնքը, հաւաքական յիշողութիւնը եւ անոնց դրսեւորման բոլոր բնագաւառները՝ դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, միութիւն, մշակութային ձեռնարկ եւայլն։
Մեր համայնքային իրականութեան մէջ, ժամանակին կար այն համոզումը, որ հայեցի դաստիարակութիւն եւ հայկական ուսում զիրար կատարելագործող եզրեր էին: Այսուհանդերձ, մեր առօրեայ կեանքը ցոյց կուտայ, թէ հայեցի դաստիարակութիւնը հայօրէն ապրելու ձեւն է փաստօրէն:
«Մայրենիի օր»ուայ նշումին առիթով, այսօր կ’ուզենք ծանրանալ՝ աշխարհասփիւռ հայութեան համար միասնականացման կարեւոր այս ազդակի, հայերէն լեզուի օգտագործման ու զարգացման հնարաւորութիւններուն, որ մեր համախմբուածութեան գրաւականը կը կազմէ։
Սփիւռքի մէջ ապրող հայ անհատին ու յատկապէս հայ երիտասարդին համար, ընդհանրապէս լեզուի գործածութիւնը տարրական սահմաններու մէջ կը մնայ, սահմանափակելով լեզուի օգտագործումը ամէնապարզ մակարդակի վրայ։ Բարդ միտքեր արտայայտելու ժամանակ, պարտաւորիչ անցում կը կատարուի մայրենին փոխարինած՝ տեղական օտար լեզուին: Ուստի կարելի է եզրակացնել, որ շատ մը պարագաներու, լեզուամտածողութիւնը հայերէն չէ, ինչ որ ազգային ինքնութեան կարեւոր բաղադրիչներէն է։
Պէտք է ընդունինք, որ յատկապէս Արեւմուտքի սփիւռքի պարագային, սեղմ են հայերէնի գործածութեան մարզերը, իսկ գործածուելու պարագային, կը գերիշխէ ամէնապարզ հայերէնը, սովորաբար խառնուած տեղական լեզուի բառերով: Ասոր պատճառներու շարքին են մեր հայրենակիցներուն հետ ընկերային-հասարակական շփումներու նուազեցումը, լեզուական օգտագործումը կենցաղային մակարդակով միայն, հասարակական վայրերու մէջ երկրի պետական լեզուի գործածութիւնը։ Նկատենք, թէ գիտական հայերէնը գրեթէ ի սպառ կը բացակայի, նոյնիսկ մեր հայատառ մամուլէն, որ գերազանցապէս տեղեկատուական եւ հրապարակախօսական յօդուածներու ոճը կը գործածէ: Իսկ համացանցային հայերէնը, նոյնիսկ օգտագործուելու պարագային, լատինատառ հայերէնի կը վերածուի, զերոյի իջեցնելով անհատի մը ճիգը եւ ուղղագրական ճիշդ գրութիւն մը հրատարակելու մղձաւանջէն զինք «փրկելով»…։
Ահազանգը կը հնչեցնենք, տեսնելով թէ մեր վարժարաններուն մէջ հայեցի դաստիարակութեան գծով գործադրուող ճիգը լիովին չ’արժեւորուիր, քանի որ մեր շրջանաւարտ պատանիներուն մէկ կարեւոր տոկոսը, վարժարանէն հեռանալու պահուն՝ արդէն վերջակէտ մը կը դնէ հայերէնի սերտողութեան մէջ, ինչ որ հաստատել կուտայ, թէ հայեցի դաստիարակութիւնը պէտք է տարածուի դպրոցական գրասեղաններէն անդին, անհատ հայուն ամէնօրեայ կեանքին մէջ:
Հոս կուգայ իր օգտակար ներդրումը բերելու ընկերային-հասարական մեր կեանքը, միութենական աշխատանքով՝ շաբաթական ժողովներով, խորհրդաժողներով, բանակումներով եւ մանաւանդ միջ-համայնքային կամ համագաղութային զանազան կազմակերպումներով, որ ընտանիքի դերակատարութեան կողքին, ամէնէն ազդու միջոցներէն են, ուր հայերէնը կը դառնայ հաղորդակցութեան միակ օգտագործելի լեզուն։ Յաւելեալ, մեր միութենական պարտաւորութիւններու՝ ատենագրութեան, ատենապետութեան, բանաձեւերու սղագրման, եւայլն ձեւերով, կը զարգանայ հայերէնի գրաւոր թէ բանաւոր մակարդակը։ Այն գիտակցութեամբ թէ՝ ինքնազարգացումով կարելի է բարելաւել հայերէն լեզուի ու գրականութեան հանդէպ անձի մը իմացութիւնը։ Այդ կը մղէ զինք յաւելեալ ընթերցասիրութեան, յաւելեալ բառարաններու օգտագործման, յօդուածագրութեան սերտողութեան։
Այսօր Սփիւռքի մէջ ծնած հայը՝ պատանի թէ չափահաս, կ՚ապրի ճնշիչ ազդակներու լարած ընկերային մթնոլորտի մէջ, ուր հայերէն լեզուի դերը կը սահմանափակուի միայն ընտանեկան յարաբերութեան շրջանակէն ներս։ Այդ ալ՝ մասամբ։ Այսուհանդերձ, նոր մակարդակ պարտաւոր ենք նուաճելու մեր մայրենի լեզուին համար։ Երկու ճամբով.
Ա) առարկայական գիտելիքներու ճամբով՝ հայկական վարժարաններ, ինչպէս նաեւ արտադպրոցական ձեռնարկներ, գաղութային աշխուժ կեանք, մամուլ, ակմբային կեանք.
Բ) Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառոյցներու գործնական նախաձեռնութիւններուն ընդմէջէն։
Փետրուարի 21ը թող դառնայ հայոց լեզուն արժեւորելու, պահպանելու եւ արժանաւորապէս տարածելու կարեւոր հանգրուան, մեր բոլորին համար։