­Դի­ւա­նիս 31 ­Մա­յիս 2016 թո­ւա­կիր հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ տե­ղեակ պա­հեր էինք պա­տո­ւա­կան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը, որ վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին Մ­խի­թա­րեան ­Միա­բա­նու­թեան դի­մագ­րա­ւած տնտե­սա­կան եւ այլ կարգ մը հար­ցե­րուն առն­չու­թեամբ, իբ­րեւ նե­ցուկ եւ օ­ժան­դակ նման հար­ցե­րու լուծ­ման հա­մար, Հ­ռո­մի Ս. Ա­թո­ռին կող­մէ կար­գո­ւած էին հեր­թա­բար, 1977էն սկսեալ, մաս­նա­ւոր խորհր­դա­կան­ներ եւ գոր­ծա­կա­տար­ներ` «այ­ցե­լու» տիտ­ղո­սով եւ տար­բեր ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րով օժ­տո­ւած: Այս ան­ձե­րը, ծա­նօթ` ի­րենց վար­չա­կան, գի­տա­կան, հո­գե­ւոր կամ մշա­կու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թեամբ, յա­ճախ նաեւ` մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ, ոչ-հայ կրօ­նա­ւոր­ներ էին, ե­կե­ղե­ցա­կան տար­բեր աս­տի­ճան­նե­րով:
Դժ­բախ­տա­բար այդ հեր­թա­կան «այ­ցե­լու­թիւն»նե­րէն չէին քա­ղո­ւած ակն­կա­լո­ւած վերջ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րը: Ի տես այս ի­րադ­րու­թեան, 30 Ապ­րիլ 2016 թո­ւա­կիր վճռագ­րով, Ֆ­րան­չես­կոս ­Պա­պը Մ­խի­թա­րեան ­Միա­բա­նու­թեան հա­մար պա­պա­կան պա­տո­ւի­րակ կը նշա­նա­կէր, լիա­զօր ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րով, ­Պոլ­սոյ հայ կա­թո­ղի­կէ թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Լե­ւոն Արք. ­Զէ­քիեա­նը: ­Պա­տո­ւի­րա­կի ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րը լրիւ ի զօ­րու կը դառ­նա­յին, ստո­րագ­րու­թեան ի­րա­ւուն­քով, նաեւ քա­ղա­քա­կան ա­տեան­նե­րու առ­ջեւ, 1 ­Յու­նիս 2016 թո­ւա­կա­նէն սկսեալ:
­Հիմ­նա­կան հար­ցե­րը, ո­րոնք կը ծա­ռա­նա­յին միա­բա­նու­թեան առ­ջեւ, զար­գա­ցող սրա­ծու­թեամբ, ան­ցեալ տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին, կա­րե­լի է վե­րա­ծել խոր­քին մէջ հե­տե­ւեալ ե­րեք կէ­տե­րուն.
Ա.) Կ­րօ­նա­ւո­րա­կան եւ քա­հա­նա­յա­կան կո­չում­նե­րու նո­ւա­զու­մը, որ ե­րաշ­խի­քը կը կազ­մէ գո­յա­տեւ­ման:
Բ.) Տն­տե­սա­կան հար­ցը` բնո­րո­շո­ւած յատ­կա­պէս բարձր պարտ­քե­րով:
Գ.) ­Միա­բա­նա­կան մէ­կէ ա­ւե­լի ան­շարժ գոյ­քե­րու անպտ­ղա­բեր եւ տա­կաւ վատ­թա­րա­ցող վի­ճա­կը, հե­տե­ւանք` նաեւ նիւ­թա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ անձ­նա­կազ­մի պա­կա­սի:
­Հարկ է ըն­դու­նիլ, որ ա­ռա­ջին կէ­տը հա­մընդ­հա­նուր ե­րե­ւոյթ է, յատ­կա­պէս` ա­րեւմ­տեան եր­կիր­նե­րու հա­մա­կար­գե­րուն մէջ, ինչ որ ուժգ­նօ­րէն ազ­դած է նաեւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի վրայ` ա­ւան­դա­բար գլխա­ւոր ծաղ­կա­նո­ցը Մ­խի­թա­րեան­նե­րու եւ ող­բեր­գա­կա­նօ­րէն թի­րա­խը` շուրջ կէս դա­րէ ի վեր քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­ւե­րիչ պա­տե­րազմ­նե­րու: Այս ուղ­ղու­թեամբ կը մշա­կո­ւին ար­դէն ծրա­գիր­ներ` թէ՛ ի տես կո­չում­նե­րու հնա­րա­ւոր բազ­մաց­ման եւ թէ՛ յատ­կա­պէս կա­նո­նա­կան եւ ի­րա­ւա­կան մի­ջոց­նե­րու գո­յաց­ման` պահ­պա­նե­լու հա­մար յստա­կօ­րէն լրիւ եւ վճռա­կա­նօ­րէն միա­բա­նու­թեան հա­յե­ցի եւ մխի­թա­րեան ինք­նու­թիւ­նը, նաեւ` ո­րե­ւէ ա­նակն­կալ հա­ւա­նա­կա­նու­թեան պա­րա­գա­յին:
Ինչ կը վե­րա­բե­րի երկ­րորդ կէ­տին, անց­նող տա­սը ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցած է պարտ­քե­րու նո­ւա­զում մը` թէ՛ ո­րոշ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րու շնոր­հիւ եւ թէ՛ վա­ճա­ռու­մո­վը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր լքո­ւած ու ներ­կայ մի­ջոց­նե­րով շա­հա­գոր­ծու­մը ան­կա­րե­լի դար­ձած ինչ-ինչ դա­տարկ տա­րածք­նե­րու:
­Լե­ւոն Արք.ի նշա­նա­կու­մէն քիչ ժա­մա­նակ ա­ռաջ, բա­ւա­կան շփոթ ստեղ­ծեր էր ­Լի­բա­նա­նի ­Հազ­միէ թա­ղա­մա­սին մէջ գտնո­ւող Մ­խի­թա­րեան կա­լո­ւա­ծին վա­ճառ­ման ծրա­գի­րը, ուր կը գոր­ծէ նաեւ հա­մեստ դպրոց մը: ­Լե­ւոն Արք. ­Զէ­քիեան, հա­զիւ նշա­նա­կո­ւած, միա­բա­նա­կից­նե­րուն պաշ­տօ­նա­պէս յայ­տա­րա­րեց, որ բա­ցար­ձա­կա­պէս չեն վա­ճա­ռո­ւիր`
ա.) ­Հաս­տա­տա­կար­գա­յին գոյ­քե­րը (օր. ­Վե­նե­տի­կի ­Մու­րատ-­Ռա­փա­յէ­լեան եւ ­Սեւ­րի ­Սա­մո­ւէլ ­Մու­րա­տեան վար­ժա­րան­նե­րը. ան­շուշտ բո­լո­րո­վին ա­ւե­լորդ իսկ է նոյն հաս­տա­տու­մը ը­նել Ս. ­Ղա­զա­րու մայ­րա­վան­քին եւ ­Վիեն­նա­յի մե­նաս­տա­նին նկատ­մամբ, քա­նի որ ա­սոնց բա­ցար­ձակ ան­ձեռնմ­խե­լիու­թիւ­նը գրա­ւա­կա­նը եւ խորհր­դա­նիշն է միան­գա­մայն միա­բա­նու­թեան գո­յա­տեւ­ման),
բ) ­Հազ­միէն:

­Ներ­կայ հա­ղոր­դագ­րու­թեան նպա­տակն է ո­րոշ տե­ղե­կու­թիւն­ներ հա­ղոր­դել հան­րու­թեան` ներ­կա­յիս մշա­կո­ւած ծրա­գիր­նե­րու մա­սին, փա­րա­տե­լու հա­մար նաեւ կարգ մը պա­տա­հա­կան թիւ­րի­մա­ցու­թիւն­ներ:

Ա.) ­Մու­րատ-­Ռա­փա­յէ­լեան եւ ­Սեւ­րի ­Սա­մո­ւէլ ­Մու­րա­տեան վար­ժա­րան­ներ

Եր­կու մե­ծա­գին կա­լո­ւած­ներ, ո­րոնք ա­ւե­լի քան մէ­կու­կէս դար ծա­ռա­յած են իբ­րեւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի կրթա­րան­ներ` լոյս եւ սնունդ ջամ­բե­լով հայ ընտ­րա­նի մանկ­տիին, եւ յատ­կա­պէս ա­ռա­ջի­նը, ա­մէ­նէն բախ­տո­րոշ դե­րը կա­տա­րած են ­Հայ ­Զար­թօն­քի շար­ժու­մին ծլար­ձակ­ման եւ ծա­ւալ­ման մէջ հա­նուր հայ գաղ­թօ­ճախ­նե­րու եւ մայր երկ­րի տա­րած­քին: Այդ կա­լո­ւած­նե­րը բա­ւա­կան ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը գտնո­ւին հա­մե­մա­տա­բար ան­բա­րօր պայ­ման­նե­րու մէջ, մերթ են­թա­կայ նաեւ վթա­րա­յին վտանգ­նե­րու:
Այս կա­լո­ւած­նե­րուն ժամ ա­ռաջ, պատ­մա­կան շէն­քե­րու վե­րա­նո­րոգ­ման մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նի­շե­րու հա­մա­ձայն, գոր­ծա­ծու­թեան վերս­տաց­ման եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ծո­ցին մէջ ի­րենց պատ­մա­կան մշա­կու­թա­յին վիթ­խա­րի դե­րին վե­րար­ծարծ­ման պա­հան­ջը այ­սօր ան­յե­տաձ­գե­լի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է:
­Ներ­կա­յիս միա­բա­նու­թիւ­նը կը գտնո­ւի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մէջ` տնտե­սա­պէս կա­րող եւ ծա­նօթ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ, սա հիմ­նա­կան բնա­բա­նով, որ այդ կա­լո­ւած­նե­րուն մէկ մա­սը վե­րա­նո­րո­գո­ւի, ըստ պատ­շա­ճի, որ­պէս հա­սու­թա­բեր գոյք, ու ե­կած հա­սոյ­թին մէկ մա­սով, որ վճա­րո­ւի ­Միա­բա­նու­թեան` իբ­րեւ տա­րե­կան վար­ձա­կա­լու­թիւն, ծա­ւա­լին մշա­կու­թա­յին, գի­տա­կան, կրթա­կան հա­մա­կար­գո­ւած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ կա­լո­ւա­ծի այն մա­սին մէջ, որ, ըստ պայ­մա­նագ­րու­թեան, յատ­կա­ցո­ւած պի­տի ըլ­լայ լոկ միա­բա­նա­կան գոր­ծա­ծու­թեան` ի տես սոյն նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու մշակ­ման:
­Ծա­նօթ է, որ մեր նախ­նիք, գրե­թէ միշտ, ի­րենց կա­ռու­ցած ե­կե­ղե­ցի­նե­րը եւ ու­սում­նա­րան­նե­րը օժ­տած են հա­սու­թա­բեր կա­լո­ւած­նե­րով, որ­պէս­զի ի վի­ճա­կի ըլ­լա­յին ծա­ւա­լե­լու ի­րենց կրօ­նա­կան եւ մշա­կու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը: ­Նոյ­նինքն ­Մու­րատ ­Ռա­փա­յէ­լեան վար­ժա­րա­նը ու­նե­ցած է հա­սու­թա­բեր բազ­մա­թիւ կա­լո­ւած­ներ ­Փա­տո­վա քա­ղա­քի եւ ­Վե­նե­թօ նա­հան­գի այլ վայ­րե­րուն մէջ, ո­րով դար մը եւ ա­ւե­լի հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռած են նոյ­նիսկ անվ­ճար դաս­տիա­րա­կե­լու ան­հա­մար հայ սե­րունդ­ներ: Այդ կա­լո­ւած­նե­րը դժբախ­տա­բար վա­ճա­ռո­ւած են Ի. դա­րու եօ­թա­նաս­նա­կան թո­ւա­կան­նե­րէն սկսեալ` թո­ղե­լով հաս­տա­տու­թիւ­նը ա­ռանց մնա­յուն ե­կա­մու­տի:
­Նա­խա­տե­սո­ւած ծախ­սը բար­ւոք վե­րա­նո­րոգ­ման հա­մար կը հաս­նի բարձր գու­մար­նե­րու: Իսկ տա­րե­կան վար­ձա­կա­լու­թեան իբ­րեւ նո­ւա­զա­գոյն սահ­ման կը նա­խա­տե­սո­ւի գու­մար մը, որ ար­տօ­նէ միա­բա­նու­թեան, այս եւ նման կա­լո­ւած­նե­րու հա­սոյթ­նե­րով, ո՛չ միայն ծա­ւա­լել հայ ժո­ղո­վուր­դի ժա­մա­նա­կա­կից կա­րիք­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան գոր­ծու­նէու­թիւն­ներ, այլ նաեւ կա­րե­նայ ըստ ար­ժան­ւոյն պահ­պա­նել այն վիթ­խա­րի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը` ձե­ռագ­րեր, նկար­ներ, հնա­տիպ գրքեր, հնադ­րոշմ կա­հոյք եւ ա­ռար­կա­ներ, եւ այլն, ո­րոնք նաեւ կը կազ­մեն հայ ժո­ղո­վուր­դին հարստու­թիւ­նը:
­Ներ­կա­յիս կ­՛ու­զենք յայ­տա­րա­րել միան­գա­մայն, որ ա­ռա­ջարկ­ներ, ինչ­պէս վե­րեւ յի­շո­ւած­նե­րը, զորս կրնան ներ­կա­յաց­նել հայ կամ այլ ըն­կե­րու­թիւն­ներ եւ ան­հատ­ներ, նկա­տի պի­տի առ­նո­ւին ա­մե­նայն լրջու­թեամբ, կը կրկնենք, ըստ վե­րա­նո­րոգ­ման մի­ջազ­գա­յին լա­ւա­գոյն չա­փա­նիշ­նե­րու եւ վար­ձա­կա­լու­թեան օ­րի­նա­կան պայ­ման­նե­րու, հա­մա­ձայն` միա­բա­նա­կան ծրագ­րին, պա­հե­լու եւ զար­գաց­նե­լու հա­մար կա­լո­ւած­նե­րուն տա­րա­մեր­ժօ­րէն մշա­կոյ­թի յատ­կա­ցո­ւած ան­ձեռնմ­խե­լի բա­ժին­նե­րը:
Ն­կա­տի ա­ռած ի­րադ­րու­թեան հար­կադ­րիչ հան­գա­մանք­նե­րը եւ գործ­նա­կան քայ­լե­րու հա­մար անհ­րա­ժեշտ ստու­գում­նե­րու, ար­տօ­նու­թիւն­նե­րու եւ տնօ­րի­նում­նե­րու եր­կար գոր­ծըն­թա­ցը, ա­ռա­ջարկ­նե­րու իբ­րեւ պայ­մա­նա­ժամ կը հաս­տա­տո­ւի 30 ­Յու­նիս 2017 թո­ւա­կա­նը: ­Կը խնդրո­ւի բո­լո­րէն, որ հար­ցին մօ­տե­նան գործ­նա­կա­նօ­րէն, ա­ռանց մնա­լու կա­ղա­պա­րո­ւած, հռե­տո­րա­կան բա­նա­ձե­ւե­րու մէջ կամ կրկնե­լով բազ­մա­տաս­նա­մեայ յան­կերգ­ներ, ո­րոնք կը մնան ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն ամ­լու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ, ինչ­պէս կը տես­նո­ւի նաեւ մեր­ձա­ւոր պատ­մու­թե­նէն եւ ա­ռօ­րեա­յէն:

Բ) ­Հազ­միէ

­Հազ­միէի կա­լո­ւա­ծը կը վա­յե­լէ ար­դէն ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի չա­փա­նի­շով ծա­նօթ հայ գոր­ծա­կա­լու­թեան մը ար­հես­տա­վարժ հո­գա­տա­րու­թիւ­նը: Ն­պա­տակն է այն­տեղ գոր­ծող դպրո­ցը փո­խադ­րել ­Ռաու­տա` յետ այս­տե­ղի կա­լո­ւա­ծին վե­րա­նո­րոգ­ման, իսկ պա­հել ­Հազ­միէն որ­պէս նո­րա­շէն հա­սու­թա­բեր կա­լո­ւած` ի նպաստ գլխա­ւո­րա­բար միա­բա­նու­թեան ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ գոր­ծու­նէու­թեան:
Այս հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը կը հրա­պա­րա­կո­ւի ի գի­տու­թիւն եւ ի լու­սա­բա­նու­թիւն մեր ժո­ղո­վուր­դին եւ բո­լոր բա­րեա­ցա­կամ, հայ մշա­կոյ­թով եւ Մ­խի­թա­րեան ­Միա­բա­նու­թեան բա­րի­քով հե­տաքրք­րուած ան­ձե­րուն եւ խում­բե­րուն:

ԴԻՒԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ