Հա­յաս­տան ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի «­Մենք Ենք ­Մեր ­Սահ­ման­նե­րը» դրա­մա­հա­ւա­քը նա­խա­ձեռ­նո­ւե­ցաւ միաս­նա­կան ո­րո­շու­մով՝ 27 ­Սեպ­տեմ­բեր 2020-ի պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին իսկ ժա­մե­րէն։
Դ­րա­մա­հա­ւա­քին մաս­նակ­ցե­լու կո­չով հան­դէս ե­կան Հ.Հ. նա­խա­գահ, հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Ար­մէն ­Սարգ­սեա­նը, հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Ար­ցա­խի նա­խա­գա­հը, Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սը, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սը եւ այլ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ։
­Հա­մազ­գա­յին դրա­մա­հա­ւա­քին մաս­նակ­ցե­ցան հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր հայ­րե­նա­կից­ներ։
Անգ­նա­հա­տե­լի էր ­Յու­նաս­տա­նի դրա­մա­հա­ւա­քի գոր­ծըն­թա­ցին ընդգր­կո­ւած բո­լոր կա­ռոյց­նե­րու դե­րը։
Հ.Հ.Հ.-ի ­Յու­նաս­տա­նի տե­ղա­կան մար­մի­նը ըն­դու­նեց ա­ւե­լի քան 1500 նո­ւի­րա­տու­նե­րու կող­մէ տրա­մադ­րո­ւած գու­մար­նե­րը, ո­րոնք 31 ­Դեկ­տեմ­բեր 2020-ի ար­ձա­նագ­րու­թեամբ, հա­սած են 356.376 եւ­րո­յի եւ «­Փի­րէոս» դրա­մա­տան մի­ջո­ցով փո­խան­ցո­ւե­ցան հայ­րե­նիք։
Առ այժմ, վե­րոգ­րեալ գու­մա­րը կը գտնո­ւի Հ.Հ.Հ.-ի ­Հա­յաս­տա­նի՝ եւ­րո­յի դրա­մա­նի­շով պա­հո­ւած հա­շի­ւին մէջ որ­պէս պա­հեստ, ­Յու­նաս­տա­նի նո­ւի­րա­տու­նե­րու ա­նո­ւան տակ։
­Յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րու ըն­թաց­քին, երբ նպա­տա­կա­յար­մար ծրա­գիր մը ա­ռա­ջար­կո­ւի հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դին կող­մէ՝ Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մի պատ­ճա­ռով տու­ժած­նե­րու ապ­րե­լա­կեր­պը բա­րե­լա­ւե­լու եւ ճգնա­ժա­մա­յին ի­րա­վի­ճա­կը մեղ­մաց­նե­լու նպա­տա­կով, ­Յու­նաս­տա­նի տե­ղա­կան մար­մի­նը պի­տի ո­րո­շէ ստանձ­նել յու­նա­հա­յու­թեան ա­նու­նով ի կա­տար ա­ծե­լու այդ ա­մո­քիչ ծրա­գի­րը՝ տրա­մադ­րե­լով վե­րո­յի­շեալ գու­մա­րը։
Ի­րա­գոր­ծում­նե­րու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ ժա­մա­նա­կին պի­տի տե­ղե­կաց­նենք հան­րու­թեան՝ մա­մու­լի եւ տար­բեր լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րով։

Հ.Հ.Հ.-ի ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՏԵՂԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ