Կէս լուրջ — կէս կատակ
Համացանցային որսորդութիւններ
Մաղթանքներ…
ՄԻՆՍԱՐ
Բաժանումի պահուն՝ մայր ու աղջիկ իրար փաթթուած եւ մէկը-միւսին գիրկին մէջ կորսուած, սիրոյ խօսքեր կը փսփսային…
Աղջիկը պիտի ճամբորդէր…
Զօրաւոր բայց միաժամանակ բաւական փափուկ, (միայն մայր մը կրնայ նման ձեւով մը գրկել), հրաժեշտի վերջին ողջագուրումով մը, մայրը ըսաւ…
— Աղջիկս՝ քեզի շատ կը սիրեմ ու կը մաղթեմ՝ բաւական բարիք…
Աղջիկը պատասխանեց…
Սիրունիկ մայրիկս… կեանքս քեզի հետ, պէտք եղածէն մէկ աւելի «բաւական բարիք» էր… սէրդ կը բաւէր ինծի… ես միմիայն գուրգուրանքիդ կարիքը ունէի… բաւական բարիք նաեւ քեզի մայրիկս…
Ողջագուրուեցան եւ աղջիկը մեկնեցաւ…
Մայրը սկսաւ յառաջանալ, մեր նստած սրահին ապակեայ պատուհաններուն երկայնքով, նոյն ատեն տխրութեամբ նայելով, դէպի օդանաւերու թրիչքուղին…
Բացայայտ էր, որ լալ կ’ուզէր…
Չուզեցի խանգարել իր այս խիստ անձնական պահը…
Նկատեց, որ իրեն կը դիտեմ ու գլխու թեթեւ շարժումով մը, ինծի ազնուութեամբ բարեւելէն ետք, մօտեցաւ ու հարցուց…
— Դուք երբեք ոեւէ մէկէն… մշտական բաժանուե՞ր էք…
— Այո, բաժանուեր եմ, (պատասխանեցի), կը ներէք հարցումիս, սակայն ինչո՞ւ ձեր բաժանումը «մշտական» կ’ըսէք…
— Այլեւս բաւական տարիքոտ եմ տղաս, աղջիկս ալ շա՜տ հեռուները կ’երթայ… այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ վերադարձի իր յաջորդ ճամբորդութիւնը… թաղումիս ներկայ ըլլալու համար պիտի ըլլայ…
Գլուխը դառնութեամբ շարժելով, ժպտաց…
— Աղջիկիս ըսած այս քիչ առաջուան մաղթանքս, անցեալէն եկած շա՜տ հին մաղթանք մըն է… ողորմած ծնողքս սովորութիւն ունէր, բոլորին այնպէս մաղթելու…
Վայրկեանի մը համար դադրեցաւ, պարապ նայուածքով մը չորս կողմը դիտեց, (կարծես ջանալով որոշ մանրամասնութիւններ վերյիշել), ապա սկսաւ մէկ աւելի ժպտալ…
— Երբ մէկու մը կ’ըսենք, «քեզի կը մաղթեմ բաւական բարիք», խորքին մէջ իրեն կը մաղթենք, որ գեղեցիկ ու իր կեանքը բարեկարգող, «բաւական բարիքներ» ունենայ…
Շարունակաբար ուղղակի աչքերուս մէջ նայելով, (կարծես ճիշդ այդ պահուն մտածածի պէս), հետեւեալ խօսքերը ըսաւ ինծի…
— Քեզի կը մաղթեմ բաւական լուսաւոր Արեւ… որպէսզի կեանքին հանդէպ լուսաւոր կեցուածք ունենաս…
— Քեզի կը մաղթեմ բաւական անձրեւ… որպէսզի լուսաւոր Արեւը մէ՛կ աւելի գնահատես…
— Քեզի կը մաղթեմ, բաւական երջանկութիւն… որպէսզի ոգիդ ողջ պահես…
— Քեզի կը մաղթեմ բաւական ցաւ ու տանջանք… որպէսզի փոքրիկ ուրախութիւններդ, քեզի աւելի մեծ երեւան…
— Քեզի կը մաղթեմ բաւական շահ… որպէսզի քու բոլոր փափաքներդ գոհացնես…
— Քեզի կը մաղթեմ բաւական վնաս… որպէսզի քու բոլոր ունեցածներուդ արժէքը հասկնաս…
— Քեզի կը մաղթեմ բաւական բաժանումներ… որպէսզի երբե՛ք մշտական բաժանում մը չունենաս…
Գլուխը միւս կողմը դարձուց եւ մեկնեցաւ արցունքոտ աչքերով…
* * *
Ուշադիր ըլլանք եւ յարգը գիտնանք մեր սիրելիներուն…
Չվարանինք ամէն առիթով յայտնելու իրենց հանդէպ ունեցած մեր զգացումները…
Կրնայ պատահիլ, որ մէկ վայրկեանէն ուրիշի մը ճանչնանք…
Կրնայ պատահիլ, որ մէկ ժամէն իրեն գնահատենք…
Բայց… ամբողջ կեանք մը պէտք է, մեր մէկ սիրելիին կարենալ մոռնալու համար…
Եւ խօսքը մէջէրնիս… այս «մոռնալը» շատ ալ վստահ չէ…
minsar55@gmail.com