26 Ապ­րի­լին, 101 տա­րե­կան հա­սա­կին, կեան­քէն հե­ռա­ցաւ կիպ­րա­ցի հան­րա­ծա­նօթ քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն եւ հա­յե­րու ջերմ բա­րե­կամ ­Վա­սոս ­Լի­սա­րի­տիս։ Ու­սա­նե­ցաւ բժշկու­թեան ճիւ­ղին մէջ, իսկ 1955-59 տա­րի­նե­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ ­Կիպ­րո­սի ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին անգ­լիա­կան տի­րա­պե­տու­թեան դէմ։ 1969-ին հիմ­նեց ԷՏԷՔ ըն­կեր­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րու նա­խա­գա­հը ե­ղաւ եր­կար տա­րի­նե­րու հա­մար։
1985-1991 տա­րի­նե­րուն ծա­ռա­յեց որ­պէս կիպ­րա­կան խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ։
­Հա­յե­րու ջերմ բա­րե­կամ ըլ­լա­լով, զօ­րա­վիգ կանգ­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար պայ­քա­րին։
1999-ին, ան գլխա­ւոր բա­նա­խօսն էր Ա­թէն­քի մէջ ­Հա­յոց ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած քա­ղա­քա­կան կեդ­րո­նա­կան ե­լոյ­թին, ո­րուն խօս­քը մեծ տպա­ւո­րու­թիւն թո­ղած էր ներ­կայ ե­ղող յոյն քա­ղա­քա­կան հան­րու­թեան եւ յու­նա­հայ բազ­մու­թեան։