ժան Ալմուխեան այցելեց «Ազատ Օր»ի խմբագրատունը Սեպտեմբեր 2011-ին:

Վեր­ջերս, մա­հա­ցաւ նախ­կին յու­նա­հայ, ար­ժան­թի­նա­հայ յայտ­նի եր­գա­հան եւ  խմբա­վար ­Ժան Ալ­մու­խեան:
Ծ­նած էր 1932-ին, ­Յու­նաս­տան, 1947-ին ըն­տա­նի­քով հաս­տա­տո­ւած էր Ար­ժան­թին: Ու­սա­նած էր Ար­ժան­թի­նի ա­կա­նա­ւոր ե­րա­ժիշտ վար­պետ­նե­րուն մօտ:
1957-ին խումբ մը ա­րո­ւես­տա­սէր ըն­կեր­նե­րու հետ հիմ­նած էր «­Հայ ե­րաժշ­տու­թեան բա­րե­կամ­ներ» ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը եւ ա­նոր «Ա­րաքս» երգ­չա­խում­բը, ո­րուն հիմ­նա­դիրն ու գե­ղա­րուես­տա­կան խմբա­վա­րը ե­ղած էր տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ: Իր բարձր նո­ւի­րու­մին ու եր­կա­թեայ կար­գա­պա­հու­թեան շնոր­հիւ` «Ա­րաքս»-ը դար­ձած էր ­Պո­ւէ­նոս Այ­րե­սի սի­րո­ղա­կան լա­ւա­գոյն խում­բե­րէն մին` ա­ւե­լի քան 350 հայ­կա­կան, ար­ժան­թի­նեան եւ այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու խմբերգ­նե­րէ բաղ­կա­ցած հա­րուստ եր­գա­ցան­կով: «Ա­րաքս»-ի ճամ­բով ­Ժան Ալ­մու­խեա­նի կա­տա­րած մեծ աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ կա­րե­լի ե­ղած է հայ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը իր ար­ժա­նի բար­ձուն­քին վրայ պա­հել ու տա­րա­ծել ոչ միայն հայ հա­սա­րա­կու­թեան, այլ նաեւ տե­ղա­ցի ժո­ղո­վուր­դին մէջ:  Եր­կար տա­րի­ներ Ալ­մու­խեա­նի ղե­կա­վա­րած երգ­չա­խում­բին ճամ­բով ջամ­բո­ւող հա­յա­պահ­պա­նու­թեան շնոր­հիւ շա­տեր հայ մնա­ցած են:
Ե­րաժշ­տա­հան ­Ժան Ալ­մու­խեան ու­նե­ցած էր բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն:
Շր­ջած էր զա­նա­զան եր­կիր­ներ, ուր դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րով ներ­կա­յա­ցու­ցած էր
երգ­չա­խում­բին պատ­մա­խօ­սը, նաեւ եր­գա­հան­դէս­ներ տո­ւած էր: «Ա­րաքս» երգ­չա­խում­բը մեծ ըն­դու­նե­լու­թիւն գտած էր հան­րու­թեան մէջ
իսկ մաէսթ­րօ ­Ժան Ալ­մու­խեան բազ­միցս պար­գե­ւատ­րո­ւած անձ­նա­ւո­րու­թիւն եշ­ղած էր:
Ան 1972-ին ստա­ցած էր ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Խո­րէն ­Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ «Ս. ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց» շքան­շա­նը՝ «­Բար­սեղ ­Կա­նա­չեան» երգ­չա­խում­բին հա­մար:
1982-ին ­Խո­րէն ­Վե­հա­փա­ռի ձե­ռամբ ստա­ցած էր «­Կի­լի­կեան աս­պետ­ներ» շքան­շա­նը: Ա­մե­նայն հա­յոց ­Վազ­գէն ­Կա­թո­ղի­կո­սի ձե­ռամբ ստա­ցած էր «­Սա­հակ ­Պար­թեւ» շքան­շա­նը:
1990-ին ­Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ հայ   եր­գա­հան­նե­րու միու­թիւ­նը  միաս­նա­բար պար­գե­ւատ­րած են մաէսթ­րօն՝ ­Հա­յաս­տա­նի «­Կո­մի­տաս» մե­տա­լով:
2011-ին, ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 20-ա­մեա­կին ա­ռի­թով, Ս­փիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ­Ժան Ալ­մու­խեա­նը պար­գե­ւատ­րած էր «­Կո­մի­տաս» շքան­շա­նով:
2012-ին, ա­նոր ծննդեան 80-ա­մեա­կին եւ ե­րաժշտա­կան գոր­ծու­նէու­թեան 55-ա­մեա­կին ա­ռի­թով, ­Հա­յաս­տա­նի Ս­փիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան «Իմ ­Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան փա­ռա­տօ­նի ծի­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է ա­նոր եւ ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան մե­ծար­ման նո­ւի­րո­ւած ե­րե­կոյ` Ե­րե­ւա­նի «Ա­րամ ­Խա­չատ­րեան» հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ:
­Ժան Ալ­մու­խեա­նի վաս­տա­կը գնա­հա­տե­լով` ­Հա­յաս­տա­նի օ­րո­ւան սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նուշ ­Յա­կո­բեան զայն պար­գե­ւատ­րած է ­Հա­յաս­տա­նի սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան ոս­կի մե­տա­լով:
18 ­Մարտ 2014-ին, ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 22-րդ­ տարեդարձին ա­ռի­թով, ­Պո­ւէ­նոս Այ­րէ­սի ­Հայ կեդ­րո­նի «­Սի­րա­նոյշ» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է ­Ժան Ալ­մու­խեա­նի մե­ծար­ման ե­րե­կոն, ուր ա­նոր յանձ­նո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի օ­րո­ւան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նա­գի­րը, ո­րով ­Ժան Ալ­մու­խեան կը պար­գե­ւատ­րո­ւէր «­Մով­սէս ­Խո­րե­նա­ցի» մե­տա­լով:
­Ժան Ալ­մու­խեա­նը հե­ղի­նա­կած էր մեծ թի­ւով ե­րաժշ­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ` երգ­չախմ­բա­յին, սե­նե­կա­յին, սիմ­ֆո­նիք, դաշ­նա­մու­րա­յին, մե­ներգ­ներ, ո­րոնք բազ­միցս կա­տա­րո­ւած են Ար­ժան­թի­նի, եւ այլ եր­կիր­նե­րու մէջ, ինչ­պէս` Ի­տա­լիա, ­Պո­լի­վիա, ­Զո­ւի­ցե­րիա, Ու­րու­կո­ւէյ եւ այլն:
Ալ­մու­խեա­ն ան­դամ էր «­Սա­տաիք»-ի (Ար­ժան­թի­նի յօ­րի­նող­նե­րու ըն­կե­րու­թեան):
­Յու­նաս­տա­նի մէջ, ­Հա­մազ­գա­յի­նի «Յ. ­Փա­փա­զեան» երգ­չա­խում­բը տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ եր­գած է ­Ժան Ալ­մու­խեա­նի յօ­րի­նած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք միշտ ալ գնա­հա­տո­ւած են հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ։
­Յի­շեց­նենք, որ ­Սեպ­տեմ­բեր 2011-ին, ­Հա­յաս­տան իր այ­ցե­լու­թեան ճամ­բուն վրայ, ­Ժան Ալ­մու­խեան քա­նի մը օ­րով մնա­ցած էր ­Յու­նաս­տան։
Այս ա­ռի­թով, «Ա­զատ Օր» շա­հե­կան հար­ցազրոյց մը ու­նե­ցած էր մե­ծա­համ­բաւ ա­րո­ւես­տա­գէ­տին հետ, ուր ան յի­շած էր իր ման­կա­կան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րը ­Գո­քի­նիոյ մէջ, յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­լով իր ու­սու­ցի­չին՝ Օն­նիկ ­Զա­քա­րեա­նին։