Խոր կսկիծով տեղեկացանք յունահայ հասարակական եւ կուսակցական գործիչ Տիգրան Քաջիկեանի մահուան լուրը։ Հանգուցեալը որոշ ժամանակ առողջական բարդութիւններով հիւանդանոց կը գտնուէր։ Անդամակցած է Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան շարքերուն եւ երկար տարիներ եղած է կուսակցութեան Յունաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ։ Հայ դատի պահանջատիրութեան եւ ազգային հիմնախնդիրներուն շուրջ միշտ քաջալերած է միջկուսակցական գործակցութեան ոգին գաղութէն ներս։ Եղած է «Ազատ Օր»ի հետեւողական ընթերցող եւ գնահատած է հայ մամուլի նուաճումները։ Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանիքին եւ պարագաներուն։