Հայ ժողովուրդի անկեղծ բարեկամ, Հայ դատի ու հայութեան իրաւունքներու ջերմ պաշտպան, փրոֆէսոր Խրիսթոտուլոս Եալուրիտիս իր աչքերը փակեց 73 տարեկանին, անողոք հիւանդութեան դէմ պայքարելէ ետք։
Փրոֆ. Եալուրիտիս եղաւ յունական աշխարհի այն եզակի մտաւորական եւ գիտական անձնաւորութիւններէն մէկը, որ ջերմօրէն կանգնեցաւ հայութեան կողքին, զանազան առիթներով մասնակից դառնալով Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի քաղաքական նախաձեռնութիւններուն, եւ հայանպաստ կեցուածքներով յոյն ակադեմական շրջանակներուն մէջ պաշտպանեց Հայ դատի աշխատանքները։ Նաեւ ան եղած է Հայ-յունական բարեկամութեան լիկայի հիմնադիր անդամներէն մէկը: Ան, իր ակադեմական եւ գիտական խոր պատրաստութեամբ, յաճախ հանդէս եկաւ հայութեան մասին, գիտական մօտեցումներով եւ միջազգային օրէնքի հիման վրայ պաշտպանեց Հայ դատի իրաւացիութիւնը։ Եղած էր գլխաւոր խօսողներէն՝ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչական ելոյթներուն, Աթէնքի մէջ։
Յատկանշական եղաւ տարիներ առաջ՝ Փանտիօ քաղաքական գիտութեանց համալսարանէն ներս, փրոֆ. Վահագն Տատրեանի հետ կլոր սեղանի զրոյցը, ուր գիտական եւ պատմական փաստերով ներկայացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան անժխտելի իրողութիւնը։ Նաեւ, ան Հայ դատի յանձնախումբին հետ միասնաբար Փանտիոյի բեմերէն ընդունեց եւ ներկայացուց Հայաստանի ու Արցախի քաղաքական եւ պետական դէմքեր, որոնք Արցախի հիմնահարցը ներկայացուցին համալսարանական շրջանակներուն։ Բազմաթիւ յօդուածներով յունական եւ միջազգային մամուլի էջերէն անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայութեան արդար դատին։ Հայ դատի յանձնախումբին հետ իր վերջին գործակցական քայլը եղաւ իր նախաբանը Ալեքսանտրոս Փիղատասի պատրաստած գիրքին համար։ Խրիսթոտուլոս Եալուրիտիս ծնած էր Կիպրոս եւ իր համալսարանական ուսումը ստացած էր Աթէնքի պետական համալսարանին մէջ։ Իր ակադեմական մասնագիտութիւնը խորացուց ընկերաբանութեան, քաղաքական գիտութեանց, միջազգային յարաբերութիւններու եւ օրէնքի ոլորտներուն մէջ ստանալով տոքթորական աստիճան։
Աւելի քան երեք տասնամեակ դասաւանդեց Փանտիօ համալսարանէն ներս, հասնելով եւ նուաճելով ակադեմական բոլոր աստիճանները։ Նաեւ այցելու դասախօս էր Համպուրկի եւ Ֆրայպուրկի համալսարաններուն մէջ։ Դասաւանդած է Յունաստանի բարձրագոյն ռազմական ակադեմիաներէն ներս, ինչպէս նաեւ հանդիսացած է Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խորհրդատու։ Անդամ էր բազմաթիւ գիտական կառոյցներու եւ հեղինակ մեծ թիւով ակադեմական հրատարակութուններու եւ յօդուածներու։
Իր արժանապատիւ ակադեմական եւ գիտական գործունէութեան համար ստացած էր բազմաթիւ պատուոյ գիրեր եւ յուշանուէրներ։
Իր մահով, հայութիւնը կը կորսնցնէ անկեղծ բարեկամ մը եւ Հայ դատի ամենաջերմ պաշտպաններէն մէկը։
Խրիսթոտուլոս Եալուրիտիսի մահուան առիթով, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը ցաւակցութիւններ յայտնեց հանգուցեալի ընտանիքին եւ յոյն ժողովուրդին։