Մահացած է հայասէր լուսանկարիչ Նիքոլաս Մակինաս

0
340

­Պոլ­սոյ «­Ժա­մա­նակ» թեր­թէն տե­ղե­կա­ցանք, թէ Ապ­րի­լի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է հան­րա­ծա­նօթ լու­սան­կա­րիչ ­Նի­քո­լաս ­Մա­կի­նաս։ Ան 68 տա­րե­կան էր։ ­Մա­կի­նաս ե­ղած է ­Պար­թո­լո­մէոս տիե­զե­րա­կան ­Պատ­րիար­քի անձ­նա­կան լու­սան­կա­րի­չը։ Եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը կ­՚ի­րա­կա­նաց­նէր նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ ու յա­ջո­ղու­թեամբ, ար­ժա­նա­նա­լով ընդ­հա­նուր յար­գան­քի եւ հա­մակ­րան­քի. դար­ձած էր նաեւ ­Թուր­քիոյ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար խորհր­դան­շա­կան դէմք մը։
­Նի­քո­լաս ­Մա­կի­նաս ու­նե­ցած է հե­տաքրք­րա­կան կեն­սագ­րու­թիւն մը։ ­Թա­րա­պիա­ցի ըն­տա­նի­քի մը որ­դին էր, ­Պոլ­սոյ ­Պէ­յօղ­լու թա­ղա­մա­սին մէջ հա­սակ նե­տած էր, ա­ւար­տած էր «­Զող­րա­ֆիոն» յու­նա­կան վար­ժա­րա­նը։ Ա­թէն­քի մէջ բարձ­րա­գոյն ու­սում ստա­նա­լէ վերջ վե­րա­դար­ձած էր ­Պո­լիս։ 1915-ի ­Տար­տա­նե­լի պա­տե­րազ­մին ժա­մա­նակ նա­հա­տա­կո­ւած էր իր մեծ հայ­րը, ո­րու ա­նու­նով կո­չո­ւած էր ­Նի­քո­լաս ­Մա­կի­նաս։ ­Յու­նաց վեր­ջին ե­րեք պատ­րիարք­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան լու­սան­կա­րի­չը ե­ղած էր՝ նկա­րա­հա­նե­լով ա­նոնց գա­հա­կա­լու­թեան շրջա­նի ամ­բողջ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, նաեւ, բնա­կա­նա­բար, ա­կա­նա­տեսն ու վկան դառ­նա­լով պատ­մա­կան ե­ղե­լու­թիւն­նե­րուն։
Ն­շենք, որ ­Նի­քո­լաս ­Մա­կի­նաս գոր­ծակ­ցած էր նաեւ «Ա­զատ Օր»ին հետ, մա­նա­ւանդ երբ 2014-ի ­Սեպ­տեմ­բե­րին, Թ­րա­կիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տի եւ ­Պար­թո­լո­մէոս տիե­զե­րա­կան ­Պատ­րիար­քի պատ­մա­կան հան­դի­պու­մը։ Այն հան­դի­պու­մէն, ան մեծ թի­ւով նկար­ներ տրա­մադ­րած էր թեր­թիս եւ միշտ յար­գան­քով ար­տա­յայ­տո­ւած էր հա­յու­թեան մա­սին, սի­րո­ւած եւ յար­գո­ւած ըլ­լա­լով պոլ­սա­հայ հա­մայն­քէն։