Մահազդ Ծա­ղիկ ­Գա­զան­ճեանի

0
558

Ոչ եւս է համ­բա­ւա­ւոր երգ­չու­հի ­
Ծա­ղիկ ­Գա­զան­ճեան

­Դառն կսկի­ծով ի­մա­ցանք յու­նա­հայ համ­բա­ւա­ւոր եւ սի­րո­ւած երգ­չու­հի ­Ծա­ղիկ ­Գա­զան­ճեա­նի մա­հը, որ պա­տա­հե­ցաւ 2 Օ­գոս­տո­սին՝ հի­ւան­դու­թեան դէմ եր­կար պայ­քա­րէ մը ետք։
­Տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ, օ­փե­րա­յի ծա­նօթ երգ­չու­հին իր բա­ցա­ռիկ տա­ղան­դը ծա­ւա­լեց հայ­կա­կան, յու­նա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին բե­մե­րուն վրայ, պան­ծաց­նե­լով հայ ե­րա­ժիշտ­նե­րու գո­հար­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան գան­ձա­րա­նը։
Իր հան­գու­ցեալ ա­մուս­նոյն Ար­շա­ւիր ­Գա­զան­ճեա­նին հետ նշա­նա­կա­լից ներդ­րում ու­նե­ցաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի մշա­կու­թա­յին կեան­քին։ ­Հա­ւա­տա­ւոր ըն­թեր­ցողն էր «Ա­զատ Օր»-ին ու ա­մէն ա­ռի­թով իր քա­ջա­լե­րան­քը կը յայտ­նէր թեր­թին։
Իր մա­հով, կը փա­կո­ւի յու­նա­հայ մշա­կու­թա­յին կեան­քի ան­զու­գա­կան փա­ղան­գի մը պատ­մու­թեան է­ջը, ո­րոնք հա­ւատ­քով ու հա­ւա­տար­մու­թեամբ տքնե­ցան մեր գա­ղու­թի մշա­կու­թա­յին վե­րել­քին հա­մար։
Ա­ւե­լի ման­րա­մասն պի­տի անդ­րա­դառ­նանք ­Ծա­ղիկ ­Գա­զան­ճեա­նի կեան­քին ու թո­ղած վաս­տա­կին։

­Մահազդ

Տի­կին Ա­նա­յիս ­Գա­զան­ճեան, Անդ­րա­նիկ ­Յո­վա­կի­մեան, ­Թա­մար եւ ­Սի­մոս ­Լու­լու­մա­րիս եւ զա­ւակ­նե­րը, տի­կին ­Վա­սօ ­Տու­մա­նեան, Ան­ժէլ եւ ­Վա­սի­լիս ­Գամ­պու­րո­բու­լոս եւ զա­ւակ­նե­րը, ­Մա­րի-Ք­րիս­տին եւ ­Թէո­ֆի­լոս ­Սա­խի­նի­տիս եւ զա­ւակ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ­Քէ­հէյեան եւ ­Տէր Ար­թի­նեան ըն­տա­նիք­նե­րը կը ծա­նու­ցա­նեն ի­րենց մօր, մեծ մօր եւ ազ­գա­կա­նին

­Ծա­ղիկ ­Գա­զան­ճեա­նի

­մա­հը, որ պա­տա­հե­ցաւ ­Չո­րեք­շաբ­թի, 2 Օ­գոս­տոս 2023-ին:
­Յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը պի­տի կա­տա­րո­ւի ­Հինգ­շաբ­թի, 3 Օ­գոս­տոս 2023-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11-ին, ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի «Ս. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ եւ ժա­մը 12-ին մար­մի­նը պի­տի ամ­փո­փո­ւի Պ­րա­խա­միի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը:

­Հո­գե­սուրճ՝ գե­րեզ­մա­նա­տան դի­մա­ցի սրճա­րա­նին մէջ: