Մարտ 24ին, 95 տարեկանին, իր մահկանացուն կնքած է վաստակաւոր փորձարկող օդաչու զօր. Ստեփան Միկոյեան` խորհրդային քաղաքական-պետական գործիչ Անաստաս Միկոյեանի որդին:
«Իր մահը կորուստ է ամբողջ հայրենական օդուժին համար։ Անոր անունը ընդմիշտ պիտի մնայ ռազմական օդուժի պատմութեան եւ մեր յիշողութեան մէջ»,- ըսուած է «Միկ» ընկերութեան այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Ստեփան Միկոյեան ծնած էր 1922ին, Թիֆլիս: 1941ին աւարտած է օդաչուներու Կաչինեան ռազմական դպրոցը, որմէ ետք անմիջապէս մեկնած է ռազմաճակատ: