Կիրակի, 11 Դեկտեմբեր 2022-ին Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ կից գտնուող հայկական համայնքի «Տէր Զաքարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի 48-րդ պատգամաւորական ժողովը:
Ժողովին ներկայ էին շրջանից հոգեւոր հովիւը, 17 պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ Քսանթէին, Գոմոթինիէն եւ Գաւալայէն ժամանած հիւրեր:
Ժողովը սկիզբ առաւ ընկ. Կիւլա Գասապեանի բարի գալուստի եւ շնորհակալական խօսքով: Ապա տեղի ունեցաւ առժամեայ դիւանի ընտրութիւն՝ ընկ Զապէլ Պալատլեան ընտրուեցաւ ատենապետուհի եւ ընկ. Անոյշ Դաւիթանեան՝ փոխ ատենապետուհի: Ատենապետուհին իր շնորհակալական խօսքը յայտնեց այս վստահութեան համար եւ ապա ընթացք տուաւ յաջորդական բոլոր օրակարգերուն: Ընթերցուեցաւ մասնաճիւղի երկամեայ գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրը, որմէ ետք կատարուեցաւ մասնաճիւղի երկամեայ գործունէութեան քննարկումը։
Յաջորդաբար, եղան զանազան բնոյթ ունեցող գնահատականներ, առաջարկներ եւ ի մասնաւորի արծարծրուեցան Թեսաղոնիկէի Ծաղկոցի եւ Թրակիոյ միօրեայ վարժարաններու, Խալքիտիքիի ամարանոցի, նոր անդամներ ներգրաւելու, շրջաններու մէջ հայութեան շրջանակները մօտենալու եւ զանոնք աւելի աշխուժ դարձնելու վերաբերեալ հարցերը, որոնք բանաձեւուեցան դիւանի եւ որոշ փոփոխութիւններ կատարելէ ետք վաւերացուեցան:
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ փակ քուէարկութեամբ Հ.Գ.Խ.-ի նոր Շրջանային վարչութեան ընտրութիւն: Ընտրուեցաւ հետեւեալները.-
Ընկերուհի Նուարդ Ղալիլէա-Գալֆայեան
Ընկերուհի Ռուզանա Զաքարեան
Ընկերուհի Ռուզանա Զոհրապեան
Ընկերուհի Անոյշ Պապոյեան
Ընկերուհի Էմմա Շարոյեան
Ընկեր Պետրոս Հալաճեան
Ընկեր Յովիկ Գասապեան
Ժողովը փակուեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգով:
ԹՂԹԱԿԻՑ