Հ.Գ.Խ.ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը վա­յե­լող ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան ­Ծաղ­կոց» շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցը այժմ կը յա­ճա­խեն մօ­տա­ւո­րա­պէս 120 ա­շա­կերտ-ա­շա­կեր­տու­հի­ներ, ո­րոնք կը ստա­նան հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն, հա­յե­րէն լե­զո­ւի, հա­յոց պատ­մու­թեան, եր­գե­րու եւ պա­րե­րու դա­սա­պա­հեր, ինչ­պէս նաեւ՝ այլ ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք­նե­րով հա­րուստ յայ­տա­գիր։
Բ­նա­կա­նա­բար, դպրո­ցը ու­նի տնօ­րէ­նու­թիւն, ու­սուց­չա­կան կազմ, ծնո­ղա­կան միու­թիւն եւ ու­սա­նո­ղու­թիւն։ Ն­շենք, որ դպրո­ցը միշտ կը վա­յե­լէ Հ.Գ.Խ.ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը, ո­րուն օգ­տա­կար կը դառ­նայ եւս ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դը, թէ՛ նիւ­թա­պէս եւ թէ բա­րո­յա­պէս, ինչ­պէս նաեւ՝ Հ.Գ.Խ.ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղը եւս տնօ­րէ­նու­թեան, ու­սուց­չա­կան կազ­մին եւ ծնո­ղա­կա­նին կող­քին օգ­տա­կար կը դառ­նան կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րով, որ­պէս­զի դպրո­ցին դռնե­րը միշտ բաց մնան մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն առ­ջեւ։
­Հեր­թա­կան դրու­թեամբ, Հ.Գ.Խ.ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դա­մու­հի­ներ միշտ ներ­կայ կը գտնո­ւին դպրո­ցէն ներս՝ վե­րա­հա­սու ըլ­լա­լով դպրո­ցի կա­րիք­նե­րուն եւ ա­ռա­ւել օգ­տա­կար դառ­նա­լու ա­նոնց պէտ­քե­րուն։ Ու­սա­նող-ու­սա­նո­ղու­հի­նե­րը, ա­մէն ­Շա­բաթ օ­րե­րը ան­խա­փան,- ան­շուշտ նկա­տի առ­նե­լով ար­ձա­կուրդ­ներն ու տե­ղա­կան տօ­նե­րը,- նախ­քան ի­րենց դա­սա­պա­հե­րու սկսու­մը, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տուա­ծա­ծին» ե­կե­ղե­ցի մուտք կը գոր­ծեն եւ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ­Տէ­րու­նա­կան եւ «Զ­գործս ձե­ռաց մե­րոց…» ա­ղօթք­նե­րով կը սկսին ի­րենց դպրո­ցա­կան օ­րը։ Ն­շենք, որ ­Հայր ­Սուր­բը եւս իր ներդ­րու­մը կ’ու­նե­նայ՝ ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ ըլ­լա­լով, ազ­գա­յին, հո­գե­ւոր, ժո­ղովր­դա­կան եր­գեր սոր­վեց­նե­լով ա­նոնց ու մշտա­պէս մայ­րե­նի լե­զուն ա­նա­ղարտ պա­հե­լու հրա­մա­յա­կա­նը ներշն­չե­լով ա­շա­կեր­տու­թեան։
Թղ­թա­կից