Շաբաթ՝ 12 Մայիս 2018ի առաւօտեան ժամը 11։30ին, Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեանի եւ ատենադպիր պրն. Թագւոր Յովակիմեանի, ինչպէս նաեւ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ ատենապետ պրն. Յարութիւն Արթին Աբրահամեանի եւ շրջանի Հոգեւոր Հովիւին, «Հայաստան» սրահէն ներս տեսակցեցաւ Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան» Ծաղկոց շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողական յանձնախումբին հետ։ Տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ Հ.Գ.Խ.ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային եւ Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեանց անդամուհիները։
Հ.Գ.Խ.ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի տիկ. Կիւլա Գասապեան ներկայացուց դպրոցի տնօրէնուհի տիկ. Զապէլ Գալֆայեանը, դպրոցի ուսուցիչները եւ ծնողական յանձնախումբի անդամները։ Ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր պատգամը փոխանցելու այս մեծ ընտանիքին։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի գոհունակութիւնը յայտնեց դպրոցի այս ուրախալի երեւոյթին մասին, որ իբրեւ տնօրէնուհի, ուսուցչուհիներ եւ ծնողական յանձնախումբի անդամուհիներ, մեր ժողովուրդի զաւակներուն հայեցի դաստիարակութիւն կը ջամբեն, որպէսզի մեր նոր սերունդը, յատկապէս սփիւռքի ամբողջ տարածքին, իր ինքնութիւնը շարունակէ պահել ու պահպանել, իր մայրենի լեզուն ուղիղ կերպով խօսի ու, մանաւանդ, իր մէջ դրսեւորէ ազգային ու եկեղեցական արժէքներու աւանդը։ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ Թեսաղոնիկէի «Խալքիտիքի» շրջանէն ներս ամարանոցի յոյժ կարեւորութեան ու անյապաղ վերաբացումին։
Իր կարգին, խօսք առին նաեւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան եւ ատենադպիր պրն. Թագւոր Յովակիմեան՝ իրենց ուրախութիւնը յայտնելով կատարուած առաքելութեան համար եւ յորդորելով նո՛յն ոգիով շարունակելու պատրաստակամութիւնն ու բծախնդրութիւնը։
Դպրոցի տնօրէնուհին, ուսուցիչներն ու ներկաները իրենց հարցադրումները ուղղեցին հիւրերուն եւ ստացան գոհացուցիչ պատասխաններ։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։
Թղթակից