Շաբաթ՝ 12 Մայիս 2018ի կէսօրուան ժամը 1ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Յունաստանի հայոց առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի եւ ներկայութեամբ յունահայոց Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեանի եւ ատենադպիր պրն. Թագւոր Յովակիմեանի, ինչպէս նաեւ շրջանի Հոգեւոր Հովիւին, Հ.Գ.Խ.ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային եւ Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեանց, ուսուցիչներու, ծնողներու, ծնողական յանձնախումբի, ուսանողներու եւ մասնակցութեամբ դպրոցի աշակերտ-աշակերտուհիներուն, տեղի ունեցաւ երկրորդ դասարանի հանդէսը՝ դաստիարակ-ուսուցիչ ունենալով տիկ. Քրիսթինա Յակոբեանը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ դպրոցի տնօրէնուհի տիկ. Զապէլ Գալֆայեան՝ բարի գալուստ մաղթելով եւ իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին, որպէսզի այս ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակուի։
Նկատի ունենալով շաբթուան մէջ Համբարձման տօնը, աշակերտները կենդանի փոքր թատերախաղով մը եւ նուագակցութեամբ ներկայացուցին Համբարձման տօնը՝ փոքր-փոքր արտասանութիւններով։ Տիկ. Քրիսթինա Յակոբեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին եւ յատկապէս անոնց, որոնք մեծապէս օգտակար դարձան իրեն։
Աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ ուրախութեամբ յայտարարեց դպրոցի կատարած մեծ ու կարեւոր գործունէութեան մասին եւ յորդորեց բոլորը, մանաւանդ ծնողները՝ իրենց զաւակները ուղարկելու հայկական դպրոց, որպէսզի Հայու Ոգին, հայ մշակոյթը, հայ արուեստն ու հայու աննահանջ հաւատքով թրծուած մեր նոր սերունդի զաւակները, յատկապէս Սփիւռքի տարածքին գտնուողները, շարունակեն հայու արժանավայել կերպով ապրիլ ու ապրեցնել Հայաստանը։
Հանդէսը իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։ Ապա՝ եկեղեցւոյս շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ դպրոցի պարախումբին գեղեցիկ ելոյթը, պարի ուսուցիչ ունենալով տիկ. Արմէնուհի Մելքումեանին։
Աւարտին, տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։
Թղթակից