­Շա­բաթ՝ 7 ­Հոկ­տեմ­բե­րի 2017ին, բա­զում տա­րի­նե­րու ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» ­Ծաղ­կոց դպրո­ցը իր հիւ­րըն­կալ դռնե­րը բա­ցաւ իր սա­նե­րուն առ­ջեւ։
Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ջրօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւն՝ ներ­կա­յու­թեամբ գա­ղու­թի յար­գար­ժան անձ­նա­ւո­րու­թեանց, միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու՝ յան­ձինս Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դա­մու­հի ­Վե­րա Պ­լէ­ճեա­նի, ­Թա­ղա­յին ­Խորհր­դոյ ա­տե­նա­պետ Ար­թին Աբ­րա­հա­մեա­նի, «­Հա­մազ­գա­յին»ի ա­տե­նա­պե­տու­հի ­Տի­րու­հի ­Գալ­ֆա­յեա­նի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ա­տե­նա­պե­տու­հի ­Մա­րօ ­Մագ­սու­թեա­նի, Հ. Գթ. ­Խա­չի «ԱՆԻ» ­Մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նա­պե­տու­հի ­Սիր­լէի ­Փա­փա­զեա­նի, Հ. Գթ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ­Նո­ւէր ­Տէ­րէ­յեա­նի եւ ան­դա­մու­հի­նե­րուն, դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­հի ­Զա­պէլ ­Գալ­ֆա­յեա­նի, վար­ժու­հի­նե­րու, Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թեան, ծնող­նե­րու եւ ա­շա­կեր­տու­թեան։
­Հո­գեշ­նորհ ­Հայր ­Սուրբն իր խօս­քին մէջ քա­ջա­լե­րեց բո­լոր ծնող­նե­րուն զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու Հ.Օ.Մ.ին եւ վար­ժու­հի­նե­րու անձ­նո­ւէր գոր­ծին, քա­նի որ ազ­գա­պահ­պան­ման եւ լե­զո­ւի պահ­պան­ման մի­ջո­ցաւ ա­նոնք ընտ­րե­ցին ծա­ռա­յել հայ­րե­նի­քին։
­Բո­լոր ներ­կա­նե­րուն իր ող­ջոյ­նի խօս­քը ուղ­ղեց ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տը, իսկ այ­նու­հե­տեւ իր ու­ղեր­ձով հան­դես ե­կաւ Հ.Գ.Խ.ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հին, որ գե­ղե­ցիկ եւ յու­զա­կան խօս­քով ող­ջու­նեց բո­լո­րին եւ բա­րի ու­սում­նա­կան տա­րի մաղ­թեց մեր սա­նե­րուն։ Իր ամ­փո­փող եւ յու­զա­կան խօս­քը ներ­կա­նե­րուն ուղ­ղեց տնօ­րէ­նու­հին, ինչ­պես նաեւ՝ կա­տա­րեց շարք մը յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ դպրո­ցի աշ­խա­տանք­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։
Դպ­րո­ցին մէջ այ­նու­հե­տեւ «ԱՆԻ» ­Մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դա­մու­հի­նե­րը սա­նե­րուն ող­ջու­նե­ցին հա­մեղ խոր­տիկ­նե­րով եւ հիւ­թե­րով։ Դպ­րո­ցին մէջ մեծ ե­ռու­զեռ կը տի­րէր, տնօ­րէ­նու­հին եւ վար­ժու­հին կը դի­մա­ւո­րէին նո­րեկ ա­շա­կերտ­նե­րը։ ­Մեծ ու­րա­խու­թեամբ ար­ձա­նագ­րե­ցինք 18 ա­ռա­ջին դա­սա­րան­ցի­ներ՝ այս­պի­սով մեր դպրո­ցին թի­ւը ա­ռա­ւել ա­ճե­լով 116ի։
­Հարկ է նշել եւ ան­սահ­ման ե­րախ­տի­քի խօս­քեր ուղ­ղել ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դին, որ ամ­բող­ջո­վին նո­րո­գած էր դպրո­ցը, եւ մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց ու­սում­նա­կան տա­րին սկսան մա­քուր եւ գե­ղե­ցիկ դա­սա­սե­նեակ­նե­րու մէջ։
­Բա­րի վե­րա­մուտ եւ ար­գա­սա­բեր ու­սում­նա­կան տա­րի։

Հ. Գթ. ­Խա­չի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ
Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւն