­Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Սէր­րէ­սի ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դին, ա­ջակ­ցու­թեամբ եւ օ­ժան­դա­կու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի hա­յոց թե­մի Ազգ. ­Վար­չու­թեան եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դին, ­Կի­րա­կի՝ 9 ­Յու­նիս 2019ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30ին, Ս. ­Սար­գի­սի տօ­նին առ­թիւ, ­Սէր­րէ­սի «Ս. ­Սար­գիս» խո­րա­նին վրայ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ե­պիս­կո­պո­սա­կան հան­դի­սա­ւոր Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ։
Ս. ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց եւ յա­ւուր պատ­շա­ճի իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ՝ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր կը սպա­սար­կէր ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեա­նը։ Ս. ­Խո­րա­նին կը սպա­սար­կէին եւ Ս. ­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կը կա­տա­րէին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տուա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ սար­կա­ւագ­նե­րը, կի­սա­սար­կա­ւագ­ներն, ու­րա­րա­կիր­ներն ու դպիր­նե­րը, գա­ղու­թիս ծխա­յին­նե­րէն՝ հան­րա­ծա­նօթ սո­լիստ՝ տիկ. ­Սի­րա­նոյշ ­Չա­լը­գեան, որ ­Պա­տա­րա­գէն հատուած­ներ եր­գե­լով ներ­կա­նե­րուն դէ­պի եր­կինք բարձ­րա­ցուց, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ կա­մա­ւոր­ներ։
­Ներ­կայ էին նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ պրն. ­Կա­րա­պետ ­Նա­տեան, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ազգ. ­Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ տիկ. ­Վե­րա Պ­լէ­ճեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ՝ պրն. ­Յա­րու­թիւն-Ար­թին Աբ­րա­հա­մեան եւ ան­դամ­ներ, ­Սէր­րէ­սի ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ՝ պրն. ­Վազ­գէն ­Յա­րու­թիւ­նեան, ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ գոր­ծող միու­թիւն­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ ազգ. կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն մէկ հան­րա­կառ­քով հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու բազ­մու­թիւն, ­Գո­մո­թի­նիէն եւս հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, ­Սէր­րէ­սի մէջ ապ­րող հա­յե­րը եւ մեծ թի­ւով ներ­կա­ներ, ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­ներ, «­Հա­մազ­գա­յին» հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը վա­յե­լող «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բի ան­դամ-ան­դա­մու­հի­ներ, ուխ­տա­ւոր­ներ եւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը իր հայ­րա­կան պատ­գա­մին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ օ­րո­ւան հո­գե­ւոր խոր­հուր­դին, հո­գե­գա­լուս­տի տօ­նը, եւ նշեց, որ յոյն ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ պի­տի տօ­նախմ­բէ հո­գե­գա­լուս­տի տօ­նը, սա­կայն եւ այն­պէս օ­տա­րի­նը յար­գե­լով մենք մե՛­րը պա­հե­լու, պահ­պա­նե­լու կո­չը ը­րաւ ու մա­նա­ւանդ բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց տա­րո­ւած աշ­խա­տանքն ու ծա­ռա­յու­թիւ­նը ­Սէր­րէ­սի այս փոքր գա­ղու­թին, որ տա­րո­ւէ-տա­րի ա­ւե­լի կազ­մա­կեր­պո­ւած կեր­պով կ’ըն­թա­նան աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ա­ւար­տին, ան յոր­դո­րեց կողք-կող­քի մնա­լու եւ մեր Ս. բոյ­նը կա­ռու­ցե­լու։ Բ­նա­կա­նա­բար, Ս. ­Սար­գի­սի տօ­նին անդ­րա­դառ­նա­լով, յայտ­նեց, որ պա­տա­հա­կան կեր­պով չէ որ այս ­Խո­րա­նը Ս. ­Սար­գիս կը կո­չո­ւի, ո­րով­հե­տեւ Ս. ­Սար­գիս, ըլ­լա­լով ա­րա­գա­հաս ­Սուրբ, բո­լո­րին նե­ղու­թիւն­նե­րուն ու դի­մագ­րա­ւած բո­լոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն իր ձեռ­քը պի­տի եր­կա­րէ ու հաս­նի։ Իր քա­րո­զի ա­ւար­տին, ան իր սրտա­գին բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներն ու շնոր­հա­ւո­րանք­նե­րը ը­նե­լով բո­լո­րին մաղ­թեց նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ու նո­ւա­ճում­ներ, տես­նո­ւե­լու ու­րախ ա­ռիթ­նե­րով։ Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին կա­տա­րո­ւե­ցաւ մա­տա­ղօրհ­նէք եւ հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն։
Ա­պա, փո­ղո­ցին վրայ ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն ժա­մա­նած «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բի ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րը կա­տա­րե­ցին հայ­կա­կան-ա­ւան­դա­կան պա­րեր, գլխա­ւո­րու­թեամբ պա­րու­սոյց՝ ­Ռա­ֆա­յէլ ­Վար­դե­րէ­սեա­նի։
Ա­պա յա­ջոր­դեց կէ­սօ­րո­ւան ճաշ­կե­րոյ­թը ­Սէր­րէ­սի մէկ ճա­շա­րա­նէ մը ներս։ ­Պէտք է ը­սել եւ ար­ձա­նագ­րել, որ սոյն տօ­նախմ­բու­թիւ­նը իր տա­րո­ղու­թեան մէջ, ան­նա­խըն­թաց ու խան­դա­վառ մթնո­լորտ ստեղ­ծեց յատ­կա­պէս ­Սէր­րէ­սի մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն ու ընդ­հան­րա­պէս ­Յու­նա­հա­յու­թեան։ Գ­նա­հա­տե­լի ե­րե­ւոյթ էր, որ ճա­շի ըն­թաց­քին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վի­ւին հետ միա­սին այ­ցե­լեց իւ­րա­քան­չիւր սե­ղան, զրու­ցեց, խօ­սա­կից ե­ղաւ եւ իր օրհ­նու­թիւ­նը բաշ­խեց բո­լո­րին։
­Յայտ­նենք, որ մէկ օր ա­ռաջ, ­Շա­բաթ՝ 8 ­Յու­նի­սի ե­րե­կո­յեան, ­Սէր­րէ­սի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ փոքր եւ գե­ղե­ցիկ ու ներշն­չիչ հան­դէս մը՝ ար­տա­սա­նու­թիւն, երգ, պար, նո­ւագ, ե­ւայլն, ­Սէր­րէ­սի մեր դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րուն կող­մէ, ներ­կա­յու­թեամբ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր։
Ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը իր բարձր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց ու­սուց­չու­հի­նե­րուն եւ բո­լոր կա­մա­ւոր­նե­րուն, ո­րոնք նո­ւի­րու­մով, յանձ­նա­ռու­թեամբ ստանձ­նած են մեր նոր սե­րուն­դի հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն ջամ­բե­լու մեծ պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը։

ԹՂԹԱԿԻՑ