Սեպտեմբեր 25ի այս օրը, 73 տարի առաջ, Երեւանի մէջ վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք ծնունդներէն Մանուկ Աբեղեան, որ յաւերժ արժանի պիտի մնայ հայոց սերունդներու երախտագիտութեան՝ հայ գրականագիտութեան, բանասիրութեան եւ լեզուաբանութեան բնագաւառներուն մէջ իր կատարած գիտական բազմավաստակ, այլեւ տիտանական ներդրումին համար։
Անմիջապէս պէտք է նշել անշուշտ, նաեւ՝ գլխագիր, որ Մանուկ Աբեղեանի անունով կնքուեցաւ քսաներորդ դարու քսանականներուն խորհրդային իշխանութեանց կողմէ հայոց Մեսրոպեան՝ Դասակա՛ն ուղղագրութեան դէմ գործուած ծանրագոյն յանցագործութիւնը։
Պետական որոշումով եւ պետական միջոցներու խստագոյն կիրարկմամբ պարտադրուած պոլշեւիկեան այսպէս կոչուած պաշտօնական «ուղղագրութիւն»ը, փաստօրէն, ծառայեց հայոց սերունդներու ազգային յիշողութիւնն ու գրաւոր ժառանգութիւնը երկփեղկելու՝ հայ ժողովուրդը նախախորհրդային իր անցեալէն խզելու եւ էապէս խորհրդայնացնելու նպատակին։ Իսկ այդ ճամբուն վրայ խորհրդայինները գիտական հիմնաւորման զինանոցի ու յատկապէս վահանի վերածեցին Աբեղեանի «ուղղագրական» (սխալագրական՝ պիտի ըսէին Թէօլէօլեանները) մօտեցումները։ Գրաւոր մշակոյթի ու գիտութեան բոլոր մարզերէն ներս պետականօրէն արգիլուեցաւ հայոց Մեսրոպեան՝ Դասակա՛ն ուղղագրութեան գործածութիւնը, փոխարէնը ամէնուր եւ ամենայն շտապողականութեամբ թափ տալով «աբեղեանական» ուղղագրութեամբ թերթերու, գիրքերու եւ դասագիրքերու տպագրութեան…
Այդպէ՛ս, Մանուկ Աբեղեանի առաջադրած հայերէնի ուղղագրութեան իբր թէ տէր կանգնելու պատրուակով՝ Խորհրդայինները ծանրագոյն հարուած հասցուցին հայերէնի միացեալ ուղղագրութեան եւ, երկաթեայ վարագոյրով արդէն երկփեղկուած հայ ժողովուրդի զոյգ թեւերուն միջեւ, բացին նաեւ հայերէնի ուղղագրական ներհակ ուղղագրութեանց խոր խրամատը։
Անշուշտ հայ լեզուագիտութեան այդ օրերու մեծարժէք վաստակաւորները, Հրաչեայ Աճառեանի գլխաւորութեամբ, ծառացան խորհրդայիններու հակազգային քայլին դէմ, բայց ոչ միայն իշխանութիւնները անտեսումի մատնեցին զանոնք, այլեւ՝ անձնապէս շնորհազրկեցին մեծանուն այդ արժանաւորները՝ բարոյապէս ընկճելով եւ հալածանքի թիրախ դարձնելով զանոնք։
Հայաստանի վերանկախացումով բացուած հայոց պետական արխիւները տարակոյս չեն ձգեր, որ նոյնինքն Մանուկ Աբեղեանի սրտով չէր հայերէնի ուղղագրութեան իր «բարեփոխումներ»ը այդպէս բացարձակօրէն ու պետականօրէն հանրապարտադիր դարձնելու եւ հայոց սերունդները Ազգի ժառանգութեան խորթացնելու քաղաքականութիւնը։
Ահա՛ վկայութիւնը նոյնինքն Աբեղեանի.-
«Փոփոխութիւն, իմ կարծիքով, պէտք է, եւ կարելի է անել որոշ չափով. բայց եթէ որևէ փոփոխութիւն պիտի վերացնի մեր ուղղագրութեան միութիւնը եւ մեր երկու գրական լեզուներն իրարուց աւելի հեռացնի, աւելի լաւ է, որ չլինի: Իսկ մինչ այդ, ձեռք պիտի քաշել ամէն հին ու նոր փոփոխութիւններից եւ դառնալ աւանդական ուղղագրութեանը: Ա՛յս է ուղիղ ճանապարհը: («Դասական ուղղագրութիւնը նոր ուղղագրութեամբ փոխարինելու մասին», «Արարատ» ամսագիր, 1913)։
Նաեւ այս առումով կասկածէ վեր է, որ Մանուկ Աբեղեանի հայերէնի ուղղագրական տեսութիւններուն պաշտօնական՝ խորհրդային պետական այդ չարաշահումը ոչինչ կը պակսեցնէ մեծարժէք հայուն հայագիտական բացառիկ ներդրումէն՝ անոր գիտական ու անվիճելիօրէն տիտանական երախտաշատ վաստակէն։
Մանուկ Աբեղեանի գրականագիտական, բանասիրական եւ լեզուաբանական գործերուն սոսկ մատենագիտութիւնը ինքնին բաւարար է, որպէսզի ընթերցողը ամբողջական երախտագիտութեամբ խոնարհի անխոնջ աշխատանքին եւ գիտական հմտութեան առջեւ հայ մտքի այս արժանաւոր ներկայացուցիչին։
Մանուկ Աբեղեան ծնած է 1865ի Մարտ 15ին, հին Նախիջեւանի Աստապատ գիւղը, հայ հողագործ ընտանիքի յարկին տակ։
Սկզբնական կրթութիւնը ստացաւ Կարմիր վանքի դպրոցին մէջ։ 1876ին ընդունուեցաւ Էջմիածնի ԳԷորգեան Ճեմարանը եւ աւարտեց 1885ին: Անմիջապէս հրաւիրուեցաւ դասախօսելու ինչպէս նոյն Գէորգեան Ճեմարանի, այնպէս ալ Շուշիի եւ Թիֆլիսի հայոց թեմական եւ մասնաւոր վարժարաններուն մէջ։
1893ին մեկնեցաւ արտասահման եւ բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ Ենայի, Լայփցիկի, Պերլինի եւ Փարիզի համալսարաններուն մէջ։ 1898ին աւարտեց Ենայի համալսարանը՝ ստանալով փիլիսոփայութեան դոկտորի աստիճան։ Այնուհետեւ վերադարձաւ Գէորգեան Ճեմարան, ուր մինչեւ 1914 թուականը հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասատու եղաւ ու սերունդներ հասցուց։ Ապա՝ չորս տարի, մինչեւ 1918ի Հայաստանի անկախութիւնն ու Երեւանի Պետական Համալսարանի հիմնադրութիւնը, ուսուցչական պաշտօն վարեց Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցին մէջ։
Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական համալսարանին բացման օրէն իսկ՝ Մանուկ Աբեղեան փրոֆեսորի պաշտօն ստանձնեց եւ պատրաստեց հայոց լեզուի ու գրականութեան բազմաթիւ մասնագէտներ։ 1925-30 թուականներուն ղեկավարեց Խորհրդային Հայաստանի գիտութեան եւ արուեստի հիմնարկը: Ակադեմական ու դասախօսական բեղուն աշխատանքի պատնէշին վրայ մնաց մինչեւ իր մահը՝ 25 Սեպտեմբեր 1944ին։
Մանուկ Աբեղեան գրած է հայոց լեզուի, հին թէ նոր ժամանակներու գրականութեան եւ հայ ժողովրդական ստեղծագործութեանց ու բանահիւսութեանց վերաբերեալ բազում գիտական աշխատութիւններ։ Շրջած է Հայաստանի գիւղերը՝ հաւաքելով հայ ժողովրդական առասպելներ, գուսանական տաղեր, հայրէններ, գրի առած է հայկական Դիւցազներգութեան (էպոսի) բազմաթիւ տարբերակներ։ Որոշ ժամանակ եղած է նաեւ խմբագիր՝ մասնակցելով «Նոր-Դար» թերթի խմբագրութեան։
Կը նկատուի հայոց տաղաչափութեան առաջին ուսումնասիրողն ու փաստացի, ամբողջական հետազօտութեան հեղինակը։
1886ին արդէն, Աբեղեան գրառած էր «Սասնայ Ծռեր» դիւցազնավէպի մոկաց տարբերակը, կատարած էր անոր առաջին մասնագիտական հետազօտութիւնը եւ 1889ին հրատարակած՝ «Դաւիթ եւ Մհեր» վերնագրով: Հետագային ստեղծեց «Սասնայ Ծռեր»ու դասական տեսութիւնը:
Ինչպէս որ «Հայկական Հանրագիտարան»ը կը հաստատէ, Մ. Աբեղեան նորովի պարզաբանեց հայ ժողովուրդի հին ու նոր հաւատալիքները, առասպելական զրոյցները։ Մշակեց հայ առասպելաբանութեան գիտական նոր տեսութիւնը («Հայ վիպական բանահիւսութիւն», 1966):
Իր «Ժողովրդական խաղեր» (1904) եւ «Հին գուսանական ժողովրդական երգեր» (1931) մենագրութեանց միջոցաւ, Աբեղեան հետազօտեց հայոց խաղիկներու, միջնադարեան հայրէններու տեսակային (ժանրային), կառուցուածքային, տիպաբանական, տաղաչափական յատկանիշները, պարզաբանեց անոնց ժողովրդական բնոյթը, նշեց ժողովրդական երգերու ակունքները, զարգացումն ու ընթացքը:
Իր «Հայոց հին գրականութեան պատմութիւն» (1944-46) քառահատոր աշխատութեան մէջ, Մ. Աբեղեան գիտական խորացումով ու մշակումով ուսումնասիրեց հայ գրականութեան սկզբնաւորման, պատմութեան, գրական դէմքերու եւ դպրոցներու գնահատման, ծագման ու զարգացման հարցերը։
1910ականներէն սկսեալ, Աբեղեան խորացաւ հայկական բանաստեղծութեան տաղաչափութեան հետազօտմամբ («Հայերէն տաղաչափութեան մասին», 1916, «Տաղաչափութեան զարգացումը Չարենցի եւ ուրիշների բանաստեղծութիւնների մէջ», 1923, «Հայոց լեզուի տաղաչափութիւն», 1933):
Մանուկ Աբեղեանի գիտական վաստակին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն անոր լեզուաբանական-քերականական աշխատութիւնները: «Աշխարհաբարի քերականութիւն» (1906), «Աշխարհաբարի շարահիւսութիւն» (1912), «Հայոց լեզուի տեսութիւն» (1931) աշխատութիւններով, Աբեղեան եղաւ առաջիններէն, որ աշխատեցաւ գիտականօրէն համակարգել արեւելահայերէնի հնչիւնաբանութիւնը, պարզել հնչիւնափոխութեան երեւոյթները, համակողմանիօրէն հետազօտել բառագիտութիւնն ու բառակազմութիւնը: Աբեղեանի կողմէ պատրաստուած է առաջին «Ռուս-Հայերէն բառարանը» (1925 թ.). մասնակցած է շարք մը բառարաններու ստեղծման աշխատանքներուն:
Մանուկ Աբեղեանի անունով կոչուած է Հ.Հ. Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Գրականութեան Հիմնարկը։
Հայագիտութեան մեծ վարպետին նուիրուած յուշատետրի այս էջը եզրափակենք Մանուկ Աբեղեանի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով «Պատմա-Բանասիրական Հանդէս»ի էջերուն ակադեմիկոս Կ. Ա. Մելիք-Օհանջանեանի լոյս ընծայած յոբելինական յօդուածի ներածութենէն քաղուած հետեւեալ վկայութեամբ.-
«Հայ բանասիրութեան, լայն առումով հայագիտութեան, ամենա-ականաւոր դէմքերից է մեծ գիտնական Մանուկ Խաչատուրի Աբեղեանը։
«Չկայ հայագիտութեան մէջ համարեա մի բնագաւառ, որին րնդհուպ մօտեցած եւ իր ծանրակշիռ խօսքն ասած չլինի ականաւոր գիտնականը։ Նրա վիթխարի ժառանգութիւնը բազմաժանր է, իր ժամանակին վճռողական դեր է կատարել, այսօր էլ պահպանում է իր մեծ մասի անուրանալի արժէքր, որոշ բնագաւառներում՝ գերիշխանութիւնը։ Նրա աշխատութիւնների գիտական արժանիքների յարատեւութեան պատճառն այն է, որ Մանուկ Աբեղյանր երբեք չի եղել էպիգոն՝ ինքնուրոյն ստեղծագործութիւնից զուրկ սոսկական մի հետեւորդ։
«Իր երիտասարդական վաղ հասակից սկսած նա եղել եւ մինչեւ իր կեանքի վախճանը մնացել է մարտնչող, նոր ուղիներ հարթող, նորարար գիտնական։
Սայթաքումներ, հարկաւ, նա էլ է ունեցել, բայց այդ ո՞ր մեծ գիտնականն է, որ՝ անսխալ, անսայթաք անցնելով գիտութեան ծովր, մեթոդոլոգիայի բոլոր խոչընդոտներն ու խոչընդակները, «անվտանգ ու անշեղ», ուղիղ իր անքոյթ հանգրուանն է հասե…
«Ի՞նչով բացատրել այն, որ նրա գիտահետազօտական աշխատութիւններր այսօր էլ առատ նիւթ են տալիս մեր արդի գիտութեանը եւ մեր գիտնականների համար «կաթնաղբիւր»ի դերն են կատարում։
Դրա միակ պատճառը կամ բացատրութիւնը այն է, որ մեծ գիտնականը բնութիւնից օժտուած լինելով նուրբ զգացողութեամբ, դիտողական սուր ընդունակութեամբ եւ արտակարգ ջանասիրութեամբ, հետագայում ուսումնառութեան շրջանում թէ՛ Գէորգեան Ճեմարանում եւ թէ եւրոպական համալսարաններում կարողացել է գիտութիւն ամբարել, քննադատաբար իւրացնել, ստեղծագործաբար մշակել եւրոպական առաջաւոր գիտութիւնը եւ այդ ամէնն ի սպաս դնել հայրենի աշխարհի հոգեւոր մշակոյթի ուսումնասիրութեան գործին»։
Մանուկ Աբեղեան (1865-1944)
Մանուկ Աբեղեան (1865-1944). Մեծավաստակ գրականագէտը, բանասէրը եւ լեզուաբանը Ն.