Մարտ 25ին, Օրլանտոյի մէջ, 91 տարեկանին մահացած է երաժիշտ եւ «սիկառի արքայ» Աւօ Ուվեզեան:
Ան հեղինակն է Ֆրենք Սինաթրայի Strangers in the Night անմահ երգին: Երաժշտական իր ասպարէզին զուգահեռ՝ Ուվեզեան նաեւ ամէնէն թանկարժէք «AVO» մակնիշի սիկառներու հիմնադիրն էր: Ծնած էր 1926ին, Պէյրութ: Օր մը, դիպուածով կը ծանօթանայ Պարսկաստանի Ռեզա Փահլաւիին հետ, որուն համակրանքին արժանանալով՝ վերջինիս միջոցով կը ղրկուի Ա.Մ.Ն., ուսանելու Նիւ Եորքի Ճուլիարտ հանրածանօթ դպրոցին մէջ:
Այնուհետեւ, ամուսնանալով ծանօթ ոսկերիչի մը աղջկան հետ, կը զբաղի նաեւ ոսկերչութեամբ՝ երաժշտութեան զուգահեռ: 1958ին ճակատագիրը իրեն կը վերապահէ երջանիկ անակնկալ մը եւս. Լաս Վեկասի մէջ կը ծանօթանայ Սինաթրայի հետ: Տարի մը ետք Ուվեզեանի յօրինած Broken Guitar («Կոտրած կիթառ») երգը կը ներկայացուի Սինաթրային, որ մեղեդիով հիացած, կ՚առաջարկէ միայն բառերը փոխել: Այդպէսով ծնունդ կ՚առնէ աշխարհահռչակ Strangers in the Night երգը:
Մահացած է երաժիշտ Աւօ Ուվեզեան
Մ. Նահանգներու մէջ մահացած է երաժիշտ եւ «սիկառի արքայ» Աւօ Ուվեզեան