Յունուար 16ին մեր ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան անմահ արժէքներէն Մատթէոս Զարիֆեանի, որ իր պարզ ու վճիտ՝ սրտաբուխ քնարերգութեամբ կը շարունակէ, մինչեւ մեր օրերը, սիրոյ եւ գեղեցիկի պաշտամունքով համակել ընթերցողը։
Թէեւ կարճատեւ կեանք ունեցաւ Զարիֆեան, այդուհանդերձ՝ իր ինքնատիպ քնարերգութեամբ եւ յոյզերու աշխարհով անմահութիւն նուաճող արուեստի ժառանգութիւն կտակեց հայ ժողովուրդին։ Իր կենդանութեան իսկ Մ. Զարիֆեան սիրուեցաւ ընթերցողին կողմէ եւ մինչեւ այսօր, ի՛նչ տարիքի տէր ալ ըլլայ Զարիֆեան կարդացողը, անպայման անոր բանաստեղծութեան մէջ պիտի գտնէ ու վայելէ թախծոտ, քնքուշ եւ անխառն սիրոյ գեղեցիկ ու գրաւիչ աշխարհ մը։
Ահա՛ նմոյշ մը հանրածանօթ ու այնքա՜ն սիրուած Զարիֆեանի երգերէն՝ սիրոյ եւ տրտմութեան մասին.-
Պզտիկ աղջիկ մ ՚ինծի կ՚ըսէ
Որ զիս խենթի պէս կը սիրէ.
Պզտիկ աղջիկ մը զիս սիրէ՜…
Գիշերն անհուն իմ աչքերուն
Երեւի դեռ նա չէ՜ տեսեր.
Պզտիկ աղջիկ մ’ինծի տայ սէ՜ր…
Երեւի դեռ նա չէ՜ նայեր
Հոգւոյս խաւար անդունդն ի վար.
Պզտիկ աղջիկ մ՚ինձ սիրահար…
Եթէ լսէր թէ ո՛չ մէկ սէր
Այդ անդունդին մէջ կը շնչէր՝
Հէք պզտիկը չէր հառաչեր…
Ուստի եղբօր մը պէս ըսի
Որ լուսնին տակ մարդ կը մսի.
Գնա՛, գնա՛ ննջէ՛ ըսի։
Յետոյ գացի՝ հեռո՜ւն լացի…
Մատթէոս Զարիֆեան երեսուն տարի ապրեցաւ։ Թոքախտը արագօրէն հիւծեց մարմինը մարզիկի կենսունակութեամբ օժտուած երիտասարդին, որ նաեւ յաւակնորդ էր Ողիմպիական մրցանակի։ 19 տարեկան էր, երբ առաջին անգամ զգաց թոքախտին պատճառած ցաւը կրծքավանդակին տակ։ 11 տարի պայքարեցաւ հիւանդութեան դէմ, դարմանումի համար առողջարաններու եւ հիւանդանոցներու մէջ մաշեցան երիտասարդ իր տարիները, բայց Զարիֆեան բնաւ չկորսնցուց գեղեցիկը սիրելու եւ կեանքին հիացմունքով փարելու իր հոգեկան անհուն քնքշութիւնը։
Ընդհակառա՛կն. ամենայն պարզութեամբ, անկեղծութեամբ եւ գեղեցկութեամբ ընթերցողին մատուցեց՝
Ահ, հոյակապ քերթուածը իմ հոգիիս,
Իմ աւերակ, իմ քարուքանդ հոգիիս…
Կեանքի ու Մահուան միջեւ տառապալի ու ծանր պայքարի իր կենսափորձը վստահաբար մեծ դեր ունեցաւ Զարիֆեանի բանաստեղծական յապաղած բոցավառումին, այլեւ արագընթաց փթթումին մէջ։ Յատկապէս 27 տարեկանէն ետք սկսաւ թափով ստեղծագործել եւ իր կեանքի վերջալոյսին, երեք տարիներու ընթացքին, լոյս ընծայեց իր «Տրտմութեան եւ խաղաղութեան երգեր»ն (1921) ու «Կեանքի ու մահուան երգեր»ը (1922), որոնք մնայուն պատուանդանը դարձան մեծ բանաստեղծին։
Ծնած է 1894ին, Կէտիկ-Փաշա (Պոլիս)։ Թաղային վարժարանի մէջ նախակրթութիւնը ստանալէ ետք, յաճախած է Պէրպէրեան վարժարան, Պարտիզակի Ամերիկեան վարժարան, Պոլսոյ «Ռոպըրթ Գոլէճ» եւ, ապա, վերստին Պէրպէրեան վարժարան, որմէ շրջանաւարտ եղած է 1912ին՝ մեծ մանկավարժ, հոգեբան եւ իմաստասէր Շահան Պէրպէրեանի տնօրէնութեան օրով։
Կենսուրախ եւ մարզիկի ընդունակութիւններով օժտուած՝ Զարիֆեան մասնակցած է ողիմպիական մրցախաղերու եւ մրցանակներու տիրացած։ Այդ մրցապայքարներէն մէկուն ընթացքին, երեք քայլ ոստումի ժամանակ, 1913ին, երբ արդէն կրթական ասպարէզին նուիրուած էր Ատանայի մէջ, Զարիֆեան առաջին անգամ կրծքավանդակի ուժեղ ցաւ զգաց։ Թոքախտի առաջին այդ ազդանշանը ստիպեց 19ամեայ երիտասարդին, որ ուսուցչական ասպարէզը կիսատ թողու եւ անցնի Լիբանան՝ բուժուելու համար։
1914ին զինուորակոչուեցաւ եւ իր կարգին ենթարկուեցաւ օսմանեան բանակի մէջ հայ զօրակոչիկներուն վերապահուած տաժանակիր աշխատանքի ճնշումին, ինչ որ արագացուց արդէն քայքայման ընթացքի մէջ գտնուող Զարիֆեանի առողջութիւնը։ Տեղափոխուեցաւ զինուորական հիւանդանոց, բայց առողջութիւնը բնաւ չվերականգնեցաւ։
1918ի զօրացրւումէն ետք, հակառակ թոքախտին պատճառած ցաւերուն ու հիւծումին, Զարիֆեան վերադարձաւ կրթական ասպարէզ եւ նոյնինքն Պէրպէրեան վարժարանի մէջ անգլերէն լեզուի եւ մարմնակրթանքի ուսուցիչ դարձաւ։ Փաստօրէն այդ շրջանին էր, 1919էն սկսեալ, որ Զարիֆեան մուտք գործեց հայ գրականութեան անդաստանէն ներս։
Յառաջացող հիւանդութիւնը եւ կեանքէն վաղաժամ հեռանալու խոր զգացումը հոգեմտաւոր մեծ լարում առաջացուցին Մ. Զարիֆեանի մէջ։ Անսպառ եռանդով փարեցաւ ե՛ւ ազգային ծառայութեան համար իր ընտրած ուսուցչական ասպարէզին, ե՛ւ յատկապէս գրական-ստեղծագործական աշխատանքին՝ իր առաջին բանաստեղծութիւնները լոյս ընծայելով ինչպէս «Նաւասարդ» գրական հանդէսի, նոյնպէս եւ Պոլսոյ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ին շարունակութիւնը եղող «Ճակատամարտ»ի էջերուն:
Զարիֆեանի բանաստեղծութիւնը շատ արագ սիրուեցաւ ընթերցողին կողմէ, նոյնպէս եւ անմիջապէս արժանացաւ իր ժամանակի ամէնէն խստապահանջ քննադատներու գնահատանքին։
Պատճառը կամ բացատրութիւնը պէտք է փնտռել հաւասարապէս թէ՛ ի վերուստ իրեն շնորհուած տաղանդին, թէ՛ կեանքի անողոք հարուածին գործած ազդեցութեան մէջ։ Իսկ արգասիքը՝ անապակ ջուրի պէս հոգիները յագեցնող երգը եղաւ գիշերներուն.-
Գիշերներ կան այնպէ՜ս լոյս որ՝ կարծես թէ
Երկինքն ի վար կը կաթէ
Արծաթէ Երգը հին
Այն անծանօթ աշխարհին,
Ուր կ՛ըսեն թէ աստուածները կը խորհին…
Գիշերներ կան այնպէ՜ս մութ որ՝ կարծես թէ
Ծառերն ի վար կը կաթէ
Արծաթէ Երգը հին
Այն գեղեցիկ աշխարհին,
Ուր հոգիներ հոգիներու կը փարին…։
Սէրը, քնքշանքը, կեանքին փարումը, բնութեան պաշտամունքը եւ մարդկայնութիւնը Մ. Զարիֆեանի գրչին տակ բացին էապէս իւրայատուկ յուզաշխարհ մը, ուր Դուրեանի ցասումն ու քէնը չկայ եւ ուրկէ կը բացակայի Մեծարենցի յուսահատութիւնը։ Անշուշտ կայ եւ ուժեղ շեշտով կեանքէն զրկուելու դառնութեան ու տրտմութեան զգացումը, բայց որ բնաւ պատճառ չեղաւ, որպէսզի Զարիֆեան կորսնցնէ դժբախտ ճակատագիրը ասպետականօրէն դիմագրաւելու իր ներքին ազնուականութիւնը, հոգեկան խաղաղութիւնը.-
Հոգիս պըզտիկ աղբիւր մըն է արծաթէ,
Գիշերին մէջ գըլգըլացող ու լացող,
Որ քէն չունի ժայռերուն դէմ, կ՚աղօթէ՜,
Ու լուսնակէն կ՚ըսպասէ լո՛կ շիթ մը ցօղ…
Ո՛չ մէկ ուռի ճամբուս վըրայ ամայի.
Կործանեցան բոլորը մե՜ծ հովերէն.
Հոն-հոն ագռա՛ւ մը լոկ ջուրիս կը նայի՝
Այց ես կ՚երթա՜մ գըլգըլալէն ու լալէն…
Ինչու որ, օ՜, գիտե՛մ թէ օր մը աղուոր
Պիտի գայ Կոյսն անտառներու խորերէ,
Ու հակելով ջուրիս վըրայ մենաւոր՝
Պիտի ափին մէջ մարգարիտնե՛րըս համրէ:
Մ. Զարիֆեանի բանաստեղծութիւնը եղաւ պարզ ու հաղորդական՝ թէ՛ իր լեզուով ու ոճով, թէ՛ իր խոհական ու պատկերաւոր գիւտերով։ Վճիտ ու զուլալ արուակի պէս հոսեցաւ եւ կը շարունակէ նոյնպիսի թարմութեամբ հոսիլ ու գեղեցկացնել ներաշխահը ընթերցողին։
Եւ մինչեւ վերջին շունչ կեանքն ու սէրը, գեղեցիկն ու մարդկայինը պաշտամունքի աղբիւր դարձուցած ու երգած՝ Մատթէոս Զարիֆեան մեր աշխարհէն հեռացաւ ընթերցողին կտակելով իրա՛ւ աշխարհը «Խենթ»ին, յորդորելով՝ «Մի Դպիք».
Գիտէք որքան թախիծ կայ
Հոգիին խորն այդ տղուն,
Մի դպիք, թող քրքջայ
Խենթին քրքիջն է բեղուն,
Հոգիին խորն այդ տղուն
Իջեր եմ ես ու տեսեր
Երազ մը ծեր, նուաղուն
Ու անկիւն մը փլած սէր։
Ա՜հ, մի դպիք այդ տղուն
Խենթը մինակ կը թողուն…