Կիրակի՝ 12 Փետրուար 2017ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Թեսաղոնիկէի Համազգայինի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «սուրճի եւ մշակոյթի» հաւաք «Տէր Զաքարեան» սրահէն ներս: Օրուան բանախօսն էր Յովհաննէս Սարգիս Աղապատեան՝ նիւթ ունենալով իր «Հայկական ազգանունները ունին իրենց պատմութիւնը» անունով գիրքը: Օրուան բանախօսին հետ որպէս հիւր ներկայ էր Պարոն Եաննիս Խասիոդիս, որ իր սրտի խօսքը արտասանեց եւ իր գնահատականը յայտնեց սոյն ելոյթին եւ բանախօսի գիրքին համար:
Այս ելոյթը ունենալով իր եզակի իւրայատկութիւնը, պարոն բանախօսը լայնօրէն խօսեցաւ գիրքին մասին՝ շեշտը դնելով հայկական ազգանուններուն պատմութեան եւ անոնց ծագումին վրայ: Ամէն մէկուն սրտի պարտքն է իմանալ իր անուան կամ ազգանունին ծագումը, որովետեւ հայ ազգը ունենալով իր տառապանքի, նաեւ յաղթանակի իր դարաւոր պատմութիւնը, անհրաժեշտ է ճանչնալ, թէ ո՛ր ժամանակահատուածին մէջ ստեղծուած են սոյն ազգանունները:
Պարոն Աղապատեանի գիրքը մեծ արժէք կը ներկայացէ յունահայ գաղութի զաւակներուն համար. մատչելի գիրք մը, որ մեզ կը փոխադրէ մեր պապերու օրերուն. գիրքը ցոյց կու տայ հայ մշակոյթի ընդարձակ ու լայնածաւալ աշխատանքի արդիւնքը, նաեւ այս գիրքին պատճառռվ կ՛անմահանան հայկական ազգանունները, Հայ ազգի զաւակներու սրտերուն մէջ հպարտութեան հետք մը ձգելով, որ պիտի յաւերժացնէ հայ երիտասարդին ինքնութեան ճանաչումը:
Դասախօսի խօսքին աւարտէն ետք, խօսք առաւ նաեւ պարոն Յովիկ Գասապեան, որ տարիներ շարունակ կը գտնուէր Հայաստան, ուսման պատճառով: Պարոն Յովիկ իր տպաւորութիւնները արտայայտեց գիրքին մասին, առաւել եւս խօսելով Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին:
Այս ջերմ մթնոլորտին մէջ խուռներամ բազմութիւնը ուշի ուշով կը լսէր խօսք արտասանող հիւրերուն, որմէ ետք համայնքիս հոգեւոր հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեան կատարեց Համազգայինի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան Գաթայի բաշխումը: Ապա ներկաները մօտեցան պարոն դասախօսին՝ իրեն հարցումներ ուղղելու համար եւ ունենալու անոր գիրքը:
Վարչութեան այս ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ յաջողութեամբ՝ կրկին անգամ խոստանալով կատարելու նմանատիպ հաւաքներ, որոնք կը լիցքաւորեն մեր համայնքի զաւակներուն մտքերը:
Մշակութային հաւաք Թեսաղոնիկէի մէջ
Մշակութային հաւաք Թեսաղոնիկէի մէջ