Ա­նուշ ­Ֆեն­տեան

2017-2018 դպրո­ցա­կան տա­րեշր­ջա­նի սկիզ­բը, Հ.Կ.Խ.ի «­Զա­ւա­րեան» եւ «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րան­նե­րու հայ ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րուն լիա­գու­մար նիս­տին, ո­րո­շո­ւե­ցաւ ­Հոկ­տեմ­բեր ամ­սո­ւան մէջ, «­Թարգ­ման­չաց օր»ո­ւան առ­թիւ կազ­մա­կեր­պել հայ­կա­կան «Մ­շա­կոյ­թի օր» 2017ի ­Հոկ­տեմ­բեր 19ին, «­Զա­ւա­րեան ­Կեդ­րոն»ի սրա­հին մէջ, զոյգ դպրոց­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ։
Այս նո­րա­րար ծրա­գի­րին նպա­տակն էր նախ մօ­տիկ բե­րել եւ ծա­նօ­թաց­նել ի­րա­րու եր­կու դպրոց­նե­րուն ա­շա­կերտ­նե­րը, ա­պա՝ զա­նոնք ո­գե­ւո­րել ու ա­ւե­լի մօ­տեց­նել հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին, զա­նա­զան խա­ղե­րու ու հե­տաքրք­րա­կան զբա­ղում­նե­րու մի­ջո­ցաւ։
­Գոր­ծի ան­ցանք ու օ­րը հա­սաւ…
Ըստ պատ­րաս­տո­ւած յայ­տագ­րին, ա­ռա­ջին քայ­լը խում­բե­րու բաժ­նո­ւիլն էր։ Այս­պէս՝ ա­շա­կերտ­նե­րը բաժ­նուե­ցան վի­ճա­կա­խա­ղով 9 խում­բե­րու եւ ա­մէն մէկ խումբ խա­ղե­րուն հսկող- բա­ցատ­րող հայ ու­սուց­չու­հի մը ու­նե­ցաւ։ ­Յա­ջոր­դեց՝ «­Ծա­նօ­թաց­ման խաղ»ը, ո­րու ըն­թաց­քին ա­մէն մէկ խում­բի ա­շա­կերտ­նե­րը նո­ւա­գա­րան (դափ կամ թմբուկ) մը ձեռ­քը առ­նե­լով կը ներ­կա­յաց­նէր ինք­զինք։
­Շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ՝ հայ­կա­կան պատ­մու­թեան եւ լեռ­նաշ­խար­հի նիւ­թե­րով նկա­րա­շա­րով մը, որ բաժ­նո­ւե­ցաւ ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ պա­հան­ջո­ւե­ցաւ ա­նոնց­մէ՝ դի­տե­լով այդ պատ­կեր­նե­րը՝ մտա­ծել եւ հիւ­սել այն­պի­սի պատ­մու­թիւն մը, որ առն­չո­ւի եւ կա­պո­ւի հայ­կա­կան ո­գիին։
Այս­տեղ՝ ան­գամ մը եւս զար­ման­քով մնա­ցինք ե­րե­խա­նե­րու ճոխ ե­րե­ւա­կա­յու­թեան եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան վրայ։ ­Յե­տոյ՝ տե­սալ­սո­ղա­կան սար­քի մի­ջո­ցաւ, ա­շա­կերտ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի պատ­կեր­նե­րու շա­րան մը, հայ­կա­կան նոր եւ ա­ւան­դա­կան նո­ւա­գակ­ցու­թեամբ։ ­Հոս ե­րե­խա­նե­րը խան­դա­վառ՝ «ապ­րե­ցան» այդ պատ­կեր­նե­րու եւ եր­գե­րու մէ­ջէն, լսե­լով եւ դի­տե­լով մեր մշա­կոյ­թի ա­մէն մէկ բջի­ջը՝ ­Հայ­կա­կան ­Բարձ­րա­ւան­դա­կը, կո­թող­նե­րը, վան­քե­րը, գի­րե­րը, ա­մէ­նօ­րեայ եւ գա­ւա­ռա­յին կեան­քը, եր­գերն եւ պա­րե­րը, ա­ւան­դա­կան կե­րա­կուր­նե­րուն տե­սակ­նե­րը… Այս ներ­կա­յա­ցու­մին զու­գա­հեռ, ա­մէն մէկ ա­շա­կերտ գծեց ինչ որ տպա­ւո­րեց զինք եւ կամ հնա­րեց ու գծեց նոր պատ­կեր մը։ Ետ­քը՝ կտրեց եւ փակ­ցուց մեծ խա­ւա­քար­տի մը վրայ։ Այս­պէ՛ս, ա­մէն մէկ խումբ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի գե­ղե­ցիկ պատ­կե­րով «քո­լաժ» մը շի­նեց, եւ յե­տոյ՝ բո­լոր խում­բե­րու աշ­խա­տան­քը ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ ու կա­խո­ւե­ցաւ սրա­հին պա­տե­րէն։ Ծ­րա­գի­րը ա­ւար­տե­ցաւ հայ­կա­կան մե՜ծ շուրջ­պա­րով մը, ուր բո­լորս միա­սին, մեծ ու պզտիկ՝ ձեռք-ձեռ­քի բռնած՝ հրա­ժեշտ տո­ւինք եւ խոս­տա­ցանք նո­րէն հան­դի­պե­լու…
Այդ օ­րէն ետք եւ ա­նոր ուղ­ղու­թեամբ, Հ.Կ.Խ.ի «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի Դ.­դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց միտ­քե­րը շա­րադ­րե­ցին՝ ար­տա­յայ­տե­լով ի­րենց տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ ազ­դե­ցու­թիւ­նը, որ կրե­ցին «Մ­շա­կոյ­թի օր»էն։ Այս ձե­ւով պար­զո­ւե­ցաւ այս ծրա­գի­րին ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը։

Ա­հա՛ հա­տո­ւած­ներ՝ ա­նոնց շա­րադ­րու­թիւն­նե­րէն.-
«Մ­շա­կոյ­թին օր»ը՝ ­Ֆիք­սի ա­շա­կերտ­նե­րը ա­ռա­ջին ան­գամ ե­կան մեր դպրո­ցը։ Ս­կիզ­բը ծա­նօ­թա­ցանք ի­րա­րու եւ յե­տոյ գոր­ծակ­ցու­թեան մի­ջո­ցաւ հիւ­սե­ցինք հայ­կա­կան պատ­մու­թիւն­ներ եւ շի­նե­ցինք հսկայ քո­լաժ մը, հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի պատ­կեր­նե­րով։
­Տի­միդ­րի

Ա­մէ­նէն սի­րածս «քո­լաժ»ին կազ­մու­թիւնն էր։ ­Նախ՝ ցու­ցադ­րո­ւե­ցան մեր հայ­րե­նի­քէն բազ­մա­թիւ նկար­ներ, հայ­կա­կան եր­գե­րով։
­Յե­տոյ՝ այդ մթնո­լոր­տին մէջ, սկսանք գծե­լու ու կտրե­լու, եւ ետ­քը՝ փակց­նե­լու մեր բո­լոր գծագ­րու­թիւն­նե­րը մեծ խա­ւա­քար­տի մը վրայ։ Այդ­պէ՛ս շի­նե­ցինք փոք­րիկ ­Հա­յաս­տան մը։
Ա­լին

«­Քո­լաժ»էն ետք՝ մե՜ծ հայ­կա­կան շուրջ­պար մը պա­րե­ցինք բո­լորս միա­սին։ Այդ օ­րէն հասկ­ցայ, որ պէտք չէ մոռ­նամ մեր հայ­րե­նի­քը, լե­զուն եւ մշա­կոյ­թը։ ­Յոյս ու­նիմ՝ նո­րէն ը­նենք նման աշ­խա­տանք մը եւ ա­ղո­ւոր ժա­մա­նակ ան­ցը­նենք։
­Մա­րիա

­Պա­րե­ցինք, եր­գե­ցինք, պատ­մու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցինք, հայ­կա­կան հա­մո՜վ պտուղ­ներ եւ ճա­շեր տե­սանք, ինչ­պէս՝ խա­ղող եւ ծի­րան, լահ­մա­ճուն եւ ման­թը։ ­Տե­սանք նաեւ պատ­կեր­ներ՝ հայ­կա­կան գիւ­ղա­կան կեան­քէն եւ տար­բեր տե­սար­ժան վայ­րեր։
­Տիգ­րան

Ն­կա­րե­ցինք՝ կար­միր նու­ռեր, գե­ղե­ցիկ տա­րազ­նե­րով պա­րու­հի­ներ, թո­նի­րին մէջ լա­ւաշ ե­փող հայ տի­կին­ներ եւ հա­մո՜վ ման­թը։ ­Շատ լաւ ան­ցու­ցինք մշա­կոյ­թին օ­րը։
«Մ­նաք բա­րո՛վ» ը­սինք ­Ֆիք­սի ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ հայ­կա­կան պա­րով մը։
­Մա­րիէլ

«Մ­շա­կոյ­թի օր»ը, մեր դպրո­ցը կրցաւ ծա­նօ­թա­նալ եւ գոր­ծակ­ցիլ «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ։
­Նաեւ հասկ­ցայ, որ այս օ­րը նո­ւի­րո­ւած է հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին, ո­րով­հե­տեւ մենք հայ ենք։
­Լե­ւոն