Այնքան հեշտ ու դիւրին է, երբ մեր կեանքի ճամբան կ՚ընտրենք ուղիղն ու հարթը: Խիզախ ու համարձակ անձն է միայն, որ պիտի մտածէ, յանուն վաղուան, նոր ճամբայ մը բանալու մասին եւ ջանք ու ճիգ պիտի չխնայէ՝ իրականացնելու համար այդ միտքը:
Ահա այսպէս, ասկէ քսանհինգ տարիներ առաջ, աննախադէպ որոշում առնուեցաւ բանալու Ազգային մեր միջնակարգը, որ այսօր տարիներու փորձառութեամբ տոգորուած՝ հաստատուն իրականութիւն է. եւ շարունակութիւնը՝ Ազգային մեր նախակրթարաններուն:
Թաւալող տարիները մեր դպրոցին պատմութեան էջերը զարդարած են ու կը շարունակեն զարդարել՝ աշակերտներու գոյնզգոյն փունջերով, որոնցմէ շատերուն, համայնքիս մէջ, արդէն վստահուած է պատասխանատու դիրքեր:
Յոբելինական այս առիթով իմ անհուն երախտագիտութիւնը կ՚ուզեմ յայտնել իւրաքանչիւր ազնիւ հայու, որ իր կարելին կ՚ընէ կանգուն պահելու համար ազգային մեր դպրոցները:
Նամակ՝ Արցախի հայ զինուորներէն
Յարգելի ներկաներ, Արցախը յուզող բոլոր հարցերը յուզած էին նաեւ մեր աշակերտները եւ շատ մտահոգած, հետեւաբար դպրոցին կողմէ փոքրիկ խրախուսութիւն մը բաւարար էր, որպէսզի անգամ մը եւս, նամակի միջոցով, կապ մը հաստատուէր հայ զինուորին եւ մեր աշակերտներուն միջեւ:
Եւ ինչպէս միշտ, հայ զինուորը առիթը ստեղծեց պատասխանելու՝ հաստատելով, որ ինքն է տէրն ու տիրականը կացութեան:
Երկու օր առաջ ստացայ, մեզի համար պատուաբեր, հայ զինուորներու պատասխան նամակները: Ոգեւորուած կարդալով՝ հանդիպեցայ պատասխան նամակի մը, որուն գրչատէրը թէպէտ բարձր պաշտօնի վրայ կը գտնուի, բայց եւ այնպէս մնացեալ մատղաշ զինուորներու կողքին պատասխանած էր մեր աշակերտներէն մէկուն նամակին: Ձեւականութիւններէ հեռու պարզութեան մէջ հաստատելով իր վսեմութիւնը: Արցախի արտաքին գործոց նախարար պարոն Կարէն Միրզոյեանն է այդ, որ վերջերս Յունաստան այցելելով եկած էր նաեւ մեր դպրոցը, ծանօթացած՝ մեր աշակերտներուն հետ եւ ջերմօրէն զրուցած անոնց հետ:
Ուխտագնացութիւն՝ դէպի հայրենիք
Հայաստան-Արցախ ուխտագնացութեան հնարաւորութիւնը ունեցող աշակերտներուն ցնծութիւնը հաւանաբար կրկնակի պիտի ըլլայ այս տարի, որովհետեւ անոնք կարելիութիւնը պիտի ունենան մասնակցելու համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական կազմակերպուած ձեռնարկներէն որոշ մասերու:
Միջնակարգի երեք տարիներու ընթացքին երազներով փայփայուող այս ուխտագնացութիւնը, դժբախտաբար, բոլոր աշակերտները չեն, որ կ՛իրականացնեն: Երկրի տնտեսական ծանր իրավիճակը իր արմատները սփռած է ամէնուր: Հակառակ այս բոլորին, Հ.Կ.Խաչը իր կարելին կ՛ընէ, ինչ որ չափով օգտակար դառնալու մեր զաւակներուն: Որուն համար բոլորս՝ դպրոց, ծնողներ եւ աշակերտութիւն երախտապարտ ենք: Աշակերտները նոյնպէս ձեռնածալ չմնացին: Կազմակերպեցին վիճակահանութիւն, խրախճանք: Հարկ է յիշել նաեւ, որ վիճակահանութեան նուէրը մեզի յատկացուած է ազգասէր պրն. Խաչիկ Սափրիչեանին կողմէ, որուն այնքան շնորհակալ ենք:
Գերազանց աշակերտներ
Սիրելի ծնողներ, դպրոցիս տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ ու հպարտանքով կ’ուզէ յայտարարել 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանի գերազանց աշակերտներուն անունները.-
Ա. Դասարան
I. Պարտագճեան Յովհաննէս-Ժան 19 08/13
II. Չինարեան Սարգիս 19 03/13
Բ. Դասարան
I. Նաճարեան Ալեքսան 19 08/14
II. Մէնշեան Քրիստափոր 18 13/14
III. Քերոբեան Անի 18 10/14
IV. Հիթեան Արտեմիս 18 09/14
Գ. Դասարան
I. Փափազեան Թորոս 19 10/14
II. Խաչատուրեան Նայիրի 19 08/14
III. Մինասեան Ազատ 19 01/14
Սրտանց կը շնորհաւորենք մեր գերազանց աշակերտները՝ մաղթելով անոնց նորանոր յաջողութիւններ:
Մրցանակներ
Հայ Կապոյտ Խաչը, տնօրէնութեանս հետ համախորհուրդ, հաստատած է մրցանակ մը` հայերէնի մէջ լաւագոյն ճիգը ցուցաբերող եւ համապատասխան արդիւնքի հասնող աւարտական դասարանի աշակերտին համար:
Մրցանակը կը կազմէ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան ամառնային բանակումին անվճար մասնակցութիւն` Շրջանային Վարչութեան հոգատարութեամբ: Այս տարի մրցանակը կը շնորհենք Քերոբեան Լուսիին:
Նաեւ ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ հայրենասէր, յարգարժան պարոն Յարութիւն Չինարեան 500 եւրօ գումար մը կը նուիրէ աւարտական դասարանի այն աշակերտին, որ միջնակարգի երեք տարիներու ընթացքին իւրայատուկ հետաքրքրութիւն եւ սէր ցուցաբերած է հայոց լեզուի եւ պատմութեան նկատմամբ: Առաւել եւս ժիր ու աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է ու կը բերէ Պատանեկան Միութեան, Սկաուտութեան եւ կամ Համազգայինի որեւէ բաժիններէն ներս: Այս տարի մրցանակը կը շնորհենք, աւելի ճիշդ՝ կը կիսենք երեք աշակերտներու՝ Փափազեան Թորոսի, Մինասեան Ազատի եւ Խաչատուրեան Նայիրիի միջեւ:
Կը շնորհաւորենք եւ մեծապէս կը գնահատենք նմանօրինակ քայլեր, որոնք քաջալեր կը հանդիսանան մեր աշակերտութեան` աւելի լաւ սորվելու եւ ամրապնդելու հայոց լեզուի եւ պատմութեան վերաբերեալ իրենց ունեցած գիտելիքները:
Շնորհակալիք
Շնորհակալութիւն՝ Յունահայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Սրբազան Հօր, Ազգային Վարչութեան, յարակից եւ պատկան մարմիններուն, Ուսումնական եւ Տնտեսական խորհուրդներուն, իրենց կատարած անխոնջ աշխատանքին համար:
Խորին շնորհակալութիւն՝ Հ. Կ. Խ.ի Շրջանային Վարչութեան իրենց նուիրական ու անսակարկ նիւթաբարոյական օժանդակութեան համար:
Հրապարակային շնորհակալութիւն կ’ուղղենք Հ.Օ.Մ.ին, Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան, Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան, Աւետիքեան կտակին, կրթասէր ազգայիններու եւ ծնողներու՝ մեր վարժարանին հանդէպ իրենց ցուցաբերած բարեացակամ վերաբերմունքին համար:
Շնորհակալութիւն՝ շրջանիս քահանայ Տէր Նարեկ Շահինեանին:
Շնորհակալութիւն նաեւ՝ «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան, որ որեւէ ճիգ չի խնայեր օգտակար դառնալու համար մեր դպրոցի աշխատանքներուն:
Մեր խորին շնորհակալութիւնը նաեւ կրթական նախարարութեան, նոյնպէս «Տեֆթերօվաթմիա Էքբէտեվսի Ալֆա Աթինա»ի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, որոնք մեծապէս օժանդակեցին մեր վարժարանի անխափան գործունէութեան եւ գոյատեւման համար:
Շնորհակալութիւն՝ տիկին Գոլցիտա Վիքիին, որուն կը պարտինք այսօրուան յունական թատերականի ներկայացումը:
Շնորհակալութիւն՝ տիկին Փափաիլիա Նաւսիքային, որուն շնորհիւ ճաշակեցինք հոյակապ երգեր մեր աշակերտներուն կատարողութեամբ:
Շնորհակալութիւն՝ մեր նուիրեալ ազգային բարեկամներուն, որոնք որեւէ ջանք չխնայեցին յաջողցնելու համար մեր թատերականները:
Դպրոցիս կողմէ շրջանաւարտներուն, որպէս յիշատակ, առնուած նուէրները գեղեցիկ ու կոկիկ տուփերու մէջ տեղաւորելն ու զարդարելը կատարեց տիկին Թոքաթլեան Կարինէն, որուն նոյնպէս շնորհակալ ենք:
Շնորհակալութիւն՝ պրն. Կարօ Պարտագճեանին, ձայնային սարքերու դասաւորման եւ կարգաւորման համար:
Շնորհակալութիւն՝ մեր վարժարանի յարակից պաշտօնէութեան, բոլոր վարորդներուն՝ պրն. Վահանին, պրն. Անթոնիին, պրն. Եորղոյին եւ պրն. Յովիկին: Ընկերակցող տիկիններուն՝ տիկ. Վերժինին, տիկ. Ովսաննային, տիկ. Զուարթին եւ տիկ. Եուաննային, ինչպէս նաեւ տիկ. Անիին, որոնք իրենց նպաստը բերին մեր աշխատանքներու յաջողութեան:
Վերջապէս սրտագին շնորհակալութիւն՝ իմ բոլոր պաշտօնակիցներուս.- Տիկ. Գոլցիտա Ալեքսանտրային, տիկ. Փափաիլիա Նաւսիքային, տիկ. Փիփերիտու Էլէնիին, տիկ. Վլախօփուլու Նիքիին, տիկ. Ճամուզեան Նազիկին, պրն. Մանոլաքոս Էվանկելոսին, պրն. Ստամաթաքիս Արկիրիսին, պրն. Փեթրու Կոնստանդինոսին, որոնց համախումբ ճիգերուն շնորհիւ հնարաւոր եղաւ արդիւնաւոր տարի մը բոլորել: