Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վար­չու­թիւ­նը գե­ղե­ցիկ յղա­ցու­մը ու­նե­ցաւ կազ­մա­կեր­պե­լ ճատ­րա­կի ա­շա­կեր­տա­կան մրցում­ներ։ ­Մի քա­նի տա­րի­նե­րէ ի վեր, ճատ­րա­կի դա­սըն­թացք­նե­րը ան­բա­ժան մաս­նի­կը դար­ձած են հայ պա­տա­նի­նե­րու մտա­ւոր դաս­տիա­րա­կու­թեան, ո­րուն հա­մար ալ յա­տուկ ծրա­գիր­ներ կի­րար­կո­ւած են ա­կումբ­նե­րէն ներս։
Այս­պէս, Ուր­բաթ՝ 20 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան, «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նը ժա­մադրա­վայ­րը ե­ղաւ Ա­թէն­քի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մաս­նա­ճիւ­ղին եւ ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի Ծ­նո­ղա­կան միու­թեան հո­վա­նա­ւո­րած ճատ­րա­կի ա­շա­կեր­տա­կան զոյգ խում­բե­րուն։ Ա­ւե­լի քան 35 ա­շա­կերտ­ներ, մատ­ղած տա­րի­քէն մին­չեւ պա­տա­նե­կան սե­րուն­դը, մաս­նակ­ցե­ցան մրցում­նե­րուն եւ բա­ցա­ռիկ կա­րո­ղու­թիւն­ներ ցու­ցա­բե­րե­ցին ճատ­րա­կի ազ­նիւ մար­զէն ներս։
Մր­ցում­նե­րը մեկ­նար­կե­ցին «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի բա­կին մէջ ճատ­րա­կի ըն­թար­ձակ հար­թա­կին վրայ, ա­պա ա­նոնք շա­րու­նա­կո­ւե­ցան «­Սա­րա­ճեան» սրա­հին մէջ, սե­ղան­նե­րուն վրայ զե­տե­ղո­ւած յա­տուկ սար­քե­րով։
Ա­ւե­լի քան եր­կու ժամ տե­ւած մրցում­նե­րէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վա­չու­թիւ­նը յա­տուկ նո­ւէր­նե­րով պա­տո­ւեց ա­ռաջ­նու­թիւն բե­րած ա­շա­կերտ­նե­րը, իսկ բո­լոր մաս­նակ­ցող­նե­րը ստա­ցան յի­շա­տա­կի մե­տալ­ներ եւ վկա­յա­կան­ներ։ ­Պար­գե­ւատ­րում­նե­րէն ետք, Շրջ. վար­չու­թեան փո­խա­տե­նա­պետ եղբ. ­Հայ­կազ ­Տէօք­մէ­ճեան մատ­նան­շեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ. այն դար­պասն է, ուր­կէ հայ սե­րունդ­նե­րը մուտք կը գոր­ծեն գա­ղու­թի հա­ւա­քա­կան կեան­քին մէջ եւ կը ստա­նան հա­յե­ցի զար­գա­ցում։ Ա­նոնք կը սոր­վին ըլ­լալ չար­քաշ եւ հայ­րե­նա­սէր։ ­Ճիշդ այդ պատ­ճա­ռով ալ, Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը գրկէ հա­յոր­դի­նե­րը եւ գուր­գու­րայ նոր սե­րուն­դին վրայ, ա­նոր փո­խան­ցե­լով ազ­գա­յին եւ միու­թե­նա­կան ար­ժէք­նե­րու հարս­տու­թիւ­նը։
Մր­ցում­նե­րու ա­ւար­տին, բո­լոր մաս­նակ­ցող­նե­րը հիւ­րա­սի­րո­ւե­ցան Շրջ. ­Վար­չու­թեան կող­մէ։