Քերոբ Էքիզեան
Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի վախճանին, հայութեան մէջ ձայները սկսան բազմանալ՝ «ճանաչումէն վերջ՝ ի՞նչ» շեշտակի հարցադրումը յառաջ բերելով։ Հայ ժողովուրդը արդէն հպարտ կը զգար Վատիկանի կողմէ կատարուած տպաւորիչ ու նշանակալից ճանաչումով, ինչպէս նաեւ անոր նախորդող՝ պետութիւններու եւ խորհրդարաններու կողմէ ճանաչումներով, որոնք կը շարունակուին մինչեւ այսօր՝ Իտալիոյ խորհրդարանի վերջին որոշումի եւ Ֆրանսայի նախագահի հրամանագրի լոյսին տակ։
Մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր ներաշխարհին մէջ տիրական տեղ կը գրաւէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը, պարզ այն պատճառով, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր միջազգային ընտանիքին կողմէ մոռացութեան եւ անտեսման ենթարկուած եղեռնագործութեան ճանաչումը, նոյնքան տասնեակ տարիներու պահանջատիրութեան ու անթուլ պայքարի ճիգ պահանջեց՝ հասնելու համար այսօրուայ իրավիճակին։
Այսպիսով, հայ քաղաքական միտքին մէջ եւ հետեւաբար ամէն մէկ հայու սրտին մէջ ճանաչման պահանջը արմատաւորուած կը շարունակէ մնալ՝ որպէս սեւեռակէտ։ Հայրենիքէն մինչեւ սփիւռք, մեր ազգային եւ քաղաքական բոլոր արտայայտութիւնները, միջազգային եւ տեղական քաղաքական կապերը, Հայ Դատի Յանձնախումբերու աշխատանքները՝ բոլորն ալ յենուած են մէկ ու միակ ծանրակշիռ պահանջի վրայ՝ Ճանաչում։
Այսօր, պէտք է ընդունիլ թէ այլեւս Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը անառարկելի դարձած է միջազգային ընտանիքին մօտ։ Նոյնիսկ այն երկիրները, որոնք տակաւին պաշտօնապէս իրենց կնիքը չեն դրած ճանաչման երկար ցանկին վրայ, չեն ժխտեր կամ չեն մերժեր հայ ժողովուրդի ահաւոր սպանդի իրողութիւնը։ Անոնք, նոյնիսկ տեղական կամ շրջանային ատեաններով կը փորձեն բանալ «հանգրուանային» ճանաչման ուղի մը, որ ուշ կամ կանուխ պիտի առաջնորդէ իրենց՝ պետական եւ խորհրդարանական պատմուճանով հանդէս գալու եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու պատասխանատուութեան մէջ։
Ժամանակը հասած է այլեւս, միջազգային ընտանիքին եւ մանաւանդ Թուրքիոյ մշտապէս յիշեցնելու թէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը իր մէջ կը պարփակէ ո՛չ միայն անիկա ճանչնալու պահանջը, այլեւ հայ ժողովուրդի հողային, մշակութային, նիւթական եւ իրաւական պահանջներու հատուցումը։
Այս բանաձեւը արդէն ձեւաւորուած էր Ցեղասպանութենէն ետք եւ կը շարունակէ մնալ հայ մարդու քաղաքական հաւատոյ հանգանակը՝ մեր պահանջատիրութեան ճամբուն վրայ։
Այլեւս, ճանաչումներու ստեղծած գոհունակութիւնը չի կրնար բաւարարել համազգային մեր նպատակը՝ վերադարձը տեսնելու մեր հայրենիքի հողային ամբողջականութեան եւ անոր վրայ կանգնած հազարամեայ գանձերուն, մշակութային կոթողներուն ու կորսուած հարստութեանց։
2015ի Ապրիլին, Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին առջեւ հայրենի պետական իշխանութեան կողմէ արտասանուած Համահայկական Հռչակագիրը, ներկայութեամբ հայ ժողովուրդի քաղաքական ուժերու եւ թեւերու, կու գար անգամ մը եւս բանաձեւելու եւ շեշտաւորելու հայ ժողովուրդի ամբողջական հատուցման իրաւացիութիւնը, վերահաստատելով Հայաստանի եւ բովանդակ հայ ժողովուրդի յանձնառութիւնը՝ շարունակելու պայքարը մեր ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման համար։
Հռչակագրի ներկայացումէն չորս տարիներ ետք, անիկա կը շարունակէ մնալ արտասանուած խօսք միայն, առանց անոր բովանդակութեան բանաձեւումը տեղ գտնելու մեր քաղաքական պահանջատիրութեան գործընթացին մէջ։
Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձին համար կատարուած իրաւական փորձը հատուցման նախաքայլը հանդիսացաւ՝ մեր պահանջատիրական ռազմավարութեան ծաւալումին մէջ։ Սակայն, հայ քաղաքական եւ պետական ուժերը տակաւին շատ դասեր ունին քաղելիք իրաւական այս փորձի ընթացքէն, որպէսզի պահանջատիրութեան ամբողջական բանաձեւը չհանդիպի քաղաքական եւ իրաւական խոչընդոտներու, նոյնիսկ՝ միջազգային ընտանիքի անտարբերութեան։
Այլեւս, հայրենի պետութիւնը պարտի տէր կանգնիլ Համահայկական Հռչակագրէն բխած համազգային յանձնառութեան։ Այս մէկը պէտք է պահանջեն բոլոր քաղաքական ուժերը անխտիր։ Անիկա սոսկ մերժուած նախագահի մը խօսքը պէտք չէ նկատուի մեր հայրենի իշխանաւորներուն եւ քաղաքական հոսանքներուն կողմէ։ Անոր բովանդակութիւնը, որ ատենին արժանացած էր համազգային ընդունելութեան, կը շարունակէ ամբողջ հայութեան իղձերու մարմնացումը հանդիսանալ, որ վեր է ամէն տեսակի քաղաքական հաշուարկումներու մթնոլորտէն, նոյնիսկ մաշած ու մերժուած հինը նորով վերադարմանելու հայրենի ներքաղաքական զարգացումներէն։
Անկասկած, հատուցման ճամբան աւելի երկար կրնայ ըլլալ՝ քան ճանաչումը։ Այս վերջինը որեւէ իրաւական եւ շօշափելի յանձնառութիւն չի ստեղծեր՝ նոյնիսկ Ցեղասպան Թուրքիոյ մօտ, որ օր մը խոնարհելով մեր անմեղ նահատակներու յիշատակին առջեւ, պիտի գայ ներողութիւն հայցելու ու այդպիսով պիտի փորձէ մեզ բաւարարելու։
«Ճանաչումէն վերջ՝ ի՞նչ» հարցադրումը Հայաստանի պետութեան եւ հայ քաղաքական միտքին կողմէ պէտք է այսօր վերածուի պահանջատիրական առաջնակարգ ռազմավարութեան, առանց յապաղումի, որպէսզի, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումներու շարքի ամբողջութեան վերջակէտին, կարիքը չունենանք 104 տարիներ եւս հատուցում պահանջելու…: