Հայ Գթութեան Խաչի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային Վարչութիւնը, Հ.Գ.Խ. Թեսաղոնիկէի «ԱՆԻ» մասնաճիւղը եւ «Մալաքեան-Գասպարեան» շաբաթօրեայ հայկական դպրոցի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ Ծնողական Յանձնախումբը իրենց մասնակցութիւնը բերին Թեսաղոնիկէի Հայ Դատի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած 1915 թուականի Հայոց Մեծ Եղեռնի 102ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս նախաձեռնուած ելոյթներուն։
Շաբաթ՝ 22 Ապրիլ 2017ին, Շրջանային Վարչութեան եւ «ԱՆԻ» մասնաճիւղի բոլոր անդամուհիները, դպրոցի տնօրէնութիւնը, վարժուհիները, Ծնողական Միութեան բոլոր անդամուհիները եւ աշակերտութիւնը, բացառապէս յուզական եւ միառժամ բաւական բովանդակալից ձեռնարկով մը, հանդէս եկան Արիստոթելուս հրապարակին վրայ տեղակայուած Երիտասարդական միութեան տաղաւարին մօտ։ Ձեռնարկին խորագիրը ՝ «Ճամբայ, որ անոնք չանցան. ձայներ, որ չլսուեցան» արդէն իսկ կը շեշտէր ձեռնարկին կարեւորութիւնը։ Հրապարակին մէջ գտնուողներու համար հայերէն, անգլերէն եւ յունարէն լեզուներով մեծ պաստառներուն վրայ կ՛ըսուէր՝ «Սոյն ձեռնարկը սոսկ բողոքի ցոյց ՉԷ։
«Սա հազարաւոր հայ երեխաներու ՁԱՅՆՆ Է, որ ԵՐԲԵՔ ՉԼՍՈՒԵՑԱՒ Հայոց Մեծ Եղեռնի դժնդակ օրերուն։ Սա այն երեխաներու ՅՈՅՍՆ Է, զոր կ՛աղօթէին առ ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ոյժ տալու իրենց, որպէսզի կարենային անցնիլ անապատները, որպեսզի ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ ԳՏՆԷԻՆ…
«Որպէսզի ԱՊՐԷԻՆ…
«Այսօր, ՀԱՅԵՐՈՒ այս նոր սերունդը կանգնած է ՀՈ՛Ս, պատրաստակամ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ եւ ՊԱՀԱՆՋԵԼՈՒ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ եւ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄԸ»
Ο ΔΡΟΜΟΣ ΠΟΥ ΔΕΝ ΠΕΡΑΣΑΝ, ΟΙ ΦΩΝΕΣ ΠΟΥ ΔΕΝ ΑΚΟΥΣΤΗΚΑΝ
Η συγκέντρωση αυτή δεν είναι απλώς μια καθιστική
διαμαρτυρία.
Αλλά είναι η φωνή των χιλιάδων παιδιών αρμενικής
καταγωγής, που κατά την διάρκεια των βάναυσων ημερών
της Γενοκτονίας των Αρμενίων το 1915, δεν ακούστηκε
ποτέ….
Είναι η ελπίδα εκείνων των παιδιών, που εύχονταν να
διασχίσουν τις ερήμους και να τα καταφέρουν….
Να ζήσουν….
Σήμερα, τα παιδιά αυτά βρίσκονται εδώ, θέλοντας να
δείξουν ότι οι νέες γενιές Αρμενίων είναι σταθερά έτοιμες
να αγωνιστούν για την αναγνώριση και την καταδίκη της
Γενοκτονίας των Αρμενίων το 1915.
Ծնողական Յանձնախումբի կողմէ բոլոր աշակերտներուն եւ վարչական ընկերուհիներուն բաժնուեցան եռագոյնով՝ 1915 թուականը յիշատակող կրծքանշաններ, «ԱՆԻ» մասնաճիւղին կողմէ պատրաստուած էին ծաղիկներ, որոնց վրայ փակցուած էին Հ.Օ.Մ.ի զինանշանով եւ «Յիշում ենք եւ պահանջում» կարգախօսով պիտակներ։ Եկեղեցւոյ բակին մէջ միասնական աղօթքէն ետք բոլորը շարժեցան դէպի Արիստոթելուսի հրապարակ՝ ճանապարհին ծածանելով հայկական դրօշները եւ երգելով հայրենասիրական երգեր, իսկ փոքր աշակերտները իրենց ծաղիկները կը բաժնէին անցորդերուն՝ այսպիսով բազում մարդկանց իրազեկելով ձեռնարկին մասին։
Յատկանշական է, որ նոյնիսկ ամենափոքր աշակերտներն ալ, քաջ գիտակցելով ձեռնարկին նշանակութիւնը, բաւական յուզուած կը զգային, մեծ կազմակերպուածութեամբ եւ յարգանքով մօտ 20 րոպէներու ընթացքին լուռ եւ նստակեաց բողոքի ցոյց կատարեցին հրապարակին վրայ։ Կիսաշրջանակ կազմած՝ նստակեաց ու լուռ, իրենց ձեռքերուն մէջ կը պահէին յունարէն, անգլերէն, ռուսերէն, սպաներէն, իտալերէն, գերմաներէն, արաբերէն եւ թուրքերէն լեզուներով գրուած թուղթեր, որոնց վրայ գրուած էին հայ երեխաներու անուններ, տարիքներ, Արեւմտեան Հայաստանի զանազան վայրերու անուանումներ եւ թէ ինչպէ՛ս են անոնք դաժանաբար սպանուած թուրքերու կողմէ։
Սոյն ձեռնարկը ալ աւելի յատկանշական դարձուց յունահայոց թեմի թեմակալ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կոմիտաս Արք. Օհանեանի եւ Թեսաղոնիկէի հայոց հոգեւոր հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի ներկայութիւնը։ Աշակերտներուն բաժնուեցան սպիտակ փուչիկներ, որոնց վրայ վարժուհիները գրեցին զանազան հայ փոքրիկներու անուններ, Սրբազան Հօր հետ միասնաբար օրհներգը երգելէն եւ Հայր Մեր աղօթքը արտասանելէ ետք, փուչիկները օդը բաց ձգուեցան՝ ի նշան հազարաւոր անմեղ հայ փոքրերու հոգիներուն, որոնք անարդար կերպով կործանուեցան Եղեռնի սեւ օրերուն։ ԱՆԻ մասնաճիւղին ընկերուհիները կը բաժնէին ծաղիկները բոլոր անցորդներուն՝ անոնց տեղեկացնելով թէ՛ ձեռնարկին եւ թէ՛ օրուան նշանակութեան մասին։ Յատկանշական է, թէ բազում յունական հեռուստա-ալիքներ եւ թերթեր շատ դրական եւ յուզիչ կերպով ներկայացուցին սոյն ձեռնարկը, իր շատ գեղեցիկ եւ յուզական խօսքով լրագրողներուն հետ խօսեց տնօրէնուհին՝ տիկին Զապէլ Գալֆայեանը։
Այո՛, սոյն ձեռնարկը իր ընդգծելի կազմակերպուածութեամբ եւ ամենակարեւորը՝ աշակերտներու գիտակից ու խոհեմ պահուածքով՝ եւս մէկ անգամ կ՚ապացուցանէ, թէ նոր սերունդը պատրաստակամ է պայքարելու եւ պահանջելու Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը ամբողջ աշխարհի կողմէ։ Ի ապացոյց վերը ըսուածին՝ կը յաւելենք, թէ դպրոցին գրեթէ բոլոր աշակերտները անոնց ծնողներու հետ ներկայ գտնուեցան նաեւ Ապրիլ 24ին Երիտասարդական Միութեան կողմէ կազմակերպուած զօրեղ եւ բազմամարդ բողոքի երթին դեպի Թուրքիոյ հիւպատոսարան, ինչը ցոյց կու տայ, որ հայերը միշտ պիտի միասնական եւ մեկ բռունցք դարձած պայքարին յանուն արդարութեան։
Ապրիլ 24ին, ԱՆԻ մասնաճիւղը — ինչպէս տարիներ շարունակ — կազմակերպեց արիւնատուութիւն՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 102ամեակին։ Անկախ այն հանգամանքէն, թէ Երկուշաբթի աշխատանքային օր էր, բազում հայրենակիցներ ներկայ գտնուցան եւ արիւն յանձնեցին, ինչը եւս մէկ ապացոյց է հայերու միասնականութեան եւ մարդասիրական բարձր յատկութիւններուն։
ՀԱՅ ԳԹՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ