Խմբագրութեան կողմէ
Այս թիւով կը հրատարակենք յունահայ երիտասարդ Գէորգ Լազարեանի գրական առաջին փորձը։ Հազիւ իր կեանքի քսան գարունները բոլորած երիտասարդը արդէն հայ լեզուի զանազան ծրագիրներուն աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ, խորանալով մեր մայրենիի այնքան հարուստ աշխարհին մէջ։
«Ազատ Օր» միշտ գրկաբաց ընդունած է հայ նոր սերունդի գրական որոնումները։ Գէորգի այս գրական գործը ընթերցողներուն կը հրամցնենք հաւատալով, որ զգայուն եւ հարցադրումներով հարուստ մեր երիտասարդի առաջին փորձը պիտի գնահատուի թերթիս ընթերցողին կողմէ եւ անիկա պիտի դառնայ խթան՝ Գէորգ Լազարեանէն ապագայ գրական պտուղներ տեւաբար ըմբոշխնելու համար։
Գէորգ Լազարեան
Դուրս ելանք՝ վերջապէս: Երկինքը ամպերէ մաքրուած՝ արեւու ճառագայթները ուրախ լուսաւորութիւն մը կը ստեղծեն: Թաղամասի շէնքերը երկու-երեք յարկանի, ոչ աւելի բարձր, կը շրջապատեն քեզ ամէն կողմէ: Մարդոց պատշգամները դէպի փողոց կը նային, որովհետեւ ուր որ ալ գլուխդ դարձնես, փողոց մը կամ շէնք մը կայ: Այս տեսարանը կ՚արգիլէ, որ ուշադրութիւնդ ուրիշ մանրամասնութիւններու վրայ դառնայ: Կարելի է, որ գեղեցիկ ծաղիկ մը յայտնուի փողոցի ճեղքերէն, որ մասնաւոր ջանք թափած պէտք է ըլլայ, որպէսզի կարենայ վերապրիլ, քանի որ փողոցի ճնշումէն ելլելը ամենադիւրին գործողութիւնը չէ: Բայց աչքիդ տակ երբեք պիտի չերեւի եւ պիտի մնայ հոն, իր կեանքի յոգնեցուցիչ այդ ճիգը կատարելով, սպասելով՝ որ օր մը աչքիդ առջեւը իյնայ եւ իսկոյն կեանք առնէ քեզմէ, երբ տեսնես զինքը, փոխադարձ ազդեցութիւն մը կը ստեղծուի ձեր միջեւ. ան քեզի եւ դուն անոր ներկայութիւնը կը զգաք, բայց շատ յաճախ չի պատահիր այս հանդիպումը: Ուրեմն, կը շարունակենք մեր ուղին:
Նայուածքս վերի կողմը ինկաւ. կին մը պատշգամ ելած հագուստները կը հաւաքէ, որ փռած էր չորնալու համար: Այս է քիչ առիթներէն մէկը, որ մարդիկ պատշգամի միջոցաւ կապ մը կ՚իրագործեն իրենց ներսի եւ դուրսի աշխարհներուն միջեւ: Ամբողջ օրը չորս պատերէ պաշարուած, մտածումներով, խնդիրներով եւ գործերով զբաղուած, հանգիստի ժամը գրեթէ զէրոյացած կը թուի: Այդ ժամը, որ դուն քեզի կը նուիրես, ոչ խնդիրներդ կը մտածես, որոնք անդադար անհանդուրժելի վիճակի մէջ կը պահեն քեզի, ոչ մտածումներ ունիս անցեալի կամ ապագայի հետ կապուած, ոչ ալ գործի ընթացքին կը գտնուիս, որ դրամ կ՚ապահովէ (քանի որ գիտես, քեզի համար չես աշխատիր). եւ այո, այդ ժամանակը օրուան մէջ գոյութիւն չունի: Ուրեմն, այդ մէկ-երկու վայրկեանը, որ պատշգամ ելար, կրնա՞նք արդեօք համարել իբրեւ փորձ մը ներքին էութեանդ՝ միանալու դուրսի միջավայրին հետ: Կրնա՞նք արդեօք սեպել թէ աղուոր առիթ մըն է նշմարելու համար դուրսի հոգիները. ի՞նչ գործի վրայ են. ո՞ւր կ՚երթան. որո՞ւն կը սպասեն: Եւ հաւաքածոն կը վերջանայ վայրկեանական ու նորէն ներս կը գտնուիս, առանց նպատակի, այդ մտածումներդ ձգելով:
Ի վերջոյ, հասանք նաւահանգիստ եւ ֆերիպոթ նստանք: Օդը տաք էր, նախընտրեցինք դուրս նստիլ ծովը մաքուր դիտելու համար, առանց պատուհանի միջնորդութեան: Լեփ լեցուն նաւեր ու նաւակներ՝ աչքերուն առջեւ փռուող ամբողջ տարածութեան մէջ: Ոչ այնքան ուրախ տեսարան մը, քանի որ գիտես՝ անոնք են տեսարանին աղտոտութեան պատճառը: Եւ մէկէն ի մէկ առջեւդ կը յայտնուի հողամաս մը, պզտիկ կղզիի պէս, հաւանաբար տասը տունիկներով, որոնք ամայի են տարիներէ ի վեր: Հոն կը փոխադրէին հիւանդ քաղաքացիները, որպէսզի միւսները ապահով մնային: Տեղէս կ’ելլեմ ու կը քալեմ դէպի ծայրը, կ՚ուզեմ ջուրը վերէն վար դիտել, շիփշիտակ: Խե՞նթ եմ, ի՞նչ եմ: Ամէն անգամ նոյն հարցումը կ՚ընեմ ինքզինքիս: Ինչո՞ւ կ‘ուզեմ այս տգեղ ջուրերուն մէջ իյնալ: Միւս կողմի ափը կ՚երեւի արդէն: Կը պատրաստուինք դուրս ելլելու համար: Միշտ կը փորձենք տոմսակ գնել հանրաշարժին համար, բայց երբեք չենք յաջողիր: Մէկ անգամ ուշացած էինք, ուրեմն չէինք ուզեր փախցնել, միւս անգամ տոմսակ տպելու մեքենան չէր աշխատեր, երրորդ անգամ դրամ չունէինք:
Ի վերջոյ մտանք ներս, մէջտեղը երկու պարապ տեղ գտանք ու նստանք: Հազիւ ականջակալներս հանեցի, հանրաշարժը քալեց եւ կտրուեցայ: Մեր իրական աշխարհէն կորսուեցայ եւ սուզուեցայ իմ երաժշտական աշխարհիս մէջ: Ինչպէս բոլորդ: Կարծես լման մարդկութիւնը կ՚անհետանայ, երբ ականջներդ կը գոցես: Եւ դուն ես, մինակդ: Հոն՝ նստարանիդ վրայ, եւ ուրիշ ոչ մէկը: Ամբողջական ամայութիւն: Աշխարհ մը լեփլեցուն, բայց դուն մինակ, միս-մինակ, էիր, ես, ու պիտի մնաս:
Բայց Արամն ալ կայ: Քովս նստած, շարունակ: Դեռ չծանօթացաք իր հետ, բայց ժամը պիտի գայ: Կը փորձէ խօսիլ, բայց չեմ լսեր կարծես: Չեմ ուզեր խօսիլ կարծես: Երբ ականջակալներդ կը դնես, չես ուզեր ամէն հինգ վայրկեան հանել եւ ետ դնել: Այդ չէ նպատակը: Ստիպուած՝ իր կողմի ականջակալը կը հանեմ եւ մէկ ականջէն կը շարունակեմ լսել միայն: Եւ երկու աշխարհներս կը խառնուին մէկը միւսին մէջ, ու իրենց մէջտեղը՝ ես, կը կորսուիմ: Ոչ մէկ կողմէն կրնամ բռնուիլ, ոչ ալ միւս: Դռները կը բացուին եւ ներս կը մտնէ հետաքրքրական աղջիկ մը: Շուրջը կը նայի, կարծես նստելու տեղ կը փնտռէ: Ի վերջոյ, կուգայ ճիշդ դիմացս կը նստի: Մազերը ոչ շէկ, ոչ ալ սրճագոյն. միջին տարբերակ մը: Ոչ գանգուր, ոչ ալ շիտակ. միջին տարբերակ մը:
Գեղեցիկ, երկար, ալիքոտ, գրեթէ շէկ: Ինքը նիհար եւ կարճ կը թուի հասակով: Մաշկին որակը շատ չհասկցայ, քանի որ հագուստները կը ծածկէին ամբողջ մարմինը, բայց իր դէմքէն հասկցայ որ նուրբ էր: Եւ յանկարծ՝ մեր նայուածքները դէմ դիմաց եկան: Աչքերս շիփշիտակ աչքերուն նայեցան եւ սիրտս կարծես կեցաւ այդ վայրկեանին: Խոշոր, սեւ, հրաշալի էին: Այդ երկու երկվայրկեանը բաւական էր, որ ժպիտ մը յայտնուէր իր երեսին: Մէկ անգամէն գլուխս դարձուցի միւս կողմ: Խենթութիւն: Աղջիկը փորձեց կապ մը ստեղծել մեր միջեւ բայց անշուշտ ոչ, պիտի չընդունիմ: Ամօթի պատճառով պիտի հեռացնեմ հայեացքս ու պիտի դիտեմ պատուհանէն դուրս:
Ինչո՞ւ ամչցայ: Ի՞նչ է ամօթը: Ուրկէ՞ կը բխի եւ ի՞նչ պատճառներով: Դէպի պատուհան նայիլս ճիշդ արարք չէր: Փորձեցի նորէն իր նայուածքը բռնել, բայց չյաջողեցայ: Ինծի չնայեցաւ կրկին: Այդ ամբողջական ամայութեան մէջ, կարծես էութիւն մը յայտնուեցաւ վայրկեանական, բայց ո՛չ ես, ոչ ալ աղջիկը ընդունեցինք զայն: Եւ այդ էութիւնը անհետացաւ նորէն, ու մնաց պարապութիւնը: