Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի միա­ցեալ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 1 ­Յու­նիս 2022-ին, Ա­թէն­քի Studio News Star Art Cinema սրա­հին մէջ ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ ­Թո­մաս ­Սի­տե­րի­սի «­Ղա­րա­բա­ղի նու­ռե­րը» փաս­տագ­րա­կան-վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նը։
­Սի­տե­րի­սի պատ­րաս­տած աշ­խա­տան­քը կը ներ­կա­յաց­նէ Ար­ցա­խի վրայ սան­ձա­զեր­ծո­ւած ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, որ 35 տա­րիէ ի վեր, տա­րա­ծաշ­րջա­նը վե­րա­ծած է պա­տե­րազ­մա­կան թա­տե­րա­բե­մի, խլե­լով ան­թիւ զո­հեր։ ­Մա­նա­ւանդ, վեր­ջին՝ 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւանք­նե­րը յան­գե­ցան տա­րածք­նե­րու կո­րուս­տին, ար­ցա­խա­հա­յու­թեան հե­ռաց­ման իր դա­րա­ւոր հո­ղե­րէն, հարս­տու­թիւն­նե­րու կորս­տեան եւ ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­նե­րու զո­հա­բե­րու­թեան։
­Ցու­ցադ­րու­թե­նէն ետք, յա­ջոր­դած կլոր սե­ղա­նի զրոյ­ցին մաս­նակ­ցե­ցան Հ.Հ. դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան, ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ Ար­թօ ­Շեմ­մաս, «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թին կող­մէ Խ­րիս­թոս ­Ռան­տա­վե­լաս եւ ժա­պա­ւէ­նի բե­մադ­րիչ ­Թո­մաս ­Սի­տե­րիս։ Ե­լոյ­թին ներ­կայ ե­ղան ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չէ­րեան, ­Հայ կա­թո­ղի­կէ ժո­ղովր­դա­պետ ­Յով­սէփ ծ.վրդ. ­Պէ­զա­զեան, ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի հո­վիւ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան հիւ­պա­տոս տիկ. Յաս­միկ ­Դաշ­տո­յեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պ. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Կ.Կ. ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր տիկ. ­Նի­նա ­Քա­սի­մա­թի, ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ, ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջ. վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հել­լէն-յու­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան խմբա­կէն Ան­տո­նիոս ­Փաւ­լի­տիս եւ ­Քի­րիա­քոս ­Պա­ցա­րաս, հայ-յոյն գոր­ծա­րա­րա­կան խում­բի նա­խա­գահ ­Սար­գիս ­Տա­կա­զեան, «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, «­Նոր Աշ­խարհ» շա­բա­թա­թեր­թին կող­մէ պ. ­Զա­ւէն Գ­րի­գո­րեան եւ «Ա­զատ Օր»-ը։
Կ­լոր սե­ղա­նի խօ­սակ­ցու­թեան բա­ցու­մը կա­տա­րե­լով, ընկ. Ար­թօ ­Շեմ­մաս անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մին, նշե­լով թուր­քե­ւա­զե­րի ռազ­մա­կան զի­նակ­ցու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը, Ար­ցա­խի տա­րածք­նե­րու գրա­ւու­մը, ինչ­պէս նաեւ շա­րու­նա­կուող ոտնձ­գու­թիւն­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի վրայ։ Ան յա­տուկ նշում ը­նե­լով Եւ­րո­պա­կան միու­թեան միջ­նոր­դու­թեան, շեշ­տեց, թէ բա­նակ­ցու­թին­նե­րը պէտք է ըն­թա­նան Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի խում­բի հո­վա­նիին տակ, ուր յստակ ձե­ւա­ւո­րո­ւած է նաեւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը։ Ան յայտ­նեց, թէ Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը միակ ի­րա­ւա­սուն է ճշդե­լու իր ճա­կա­տա­գի­րը եւ մենք պի­տի պայ­քա­րինք այս ուղ­ղու­թեամբ։ ­Վեր­ջա­պէս, ան շեշ­տեց, թէ Ար­ցա­խի մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մի քայ­լը միակ ու­ղին է, որ պի­տի նպաս­տէ տա­րա­ծաշրջա­նէն ներս մնա­յուն խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման։
Հ.Հ. դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան իր խօս­քին մէջ ընդգ­ծեց ժա­պա­ւէ­նի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը` նշե­լով, որ այն­տեղ կը ցու­ցադ­րո­ւի այն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, ո­րուն մէջ կը գտնո­ւէր ար­ցա­խա­հա­յու­թիւ­նը 2020-ին, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սան­ձա­զեր­ծո­ւած 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ա­ռաջ, պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին եւ ան­կէ յե­տոյ՝ հնա­րա­ւո­րու­թիւն տա­լով հան­դի­սա­տե­սին տես­նե­լու եւ պատ­կե­րաց­նե­լու հա­յու­թեան առ­ջեւ ծան­րա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, անվ­տան­գա­յին խնդիր­ներն ու պա­տե­րազ­մի ող­բա­լի է­ջե­րը` ֆիլ­մի հե­րո­սին, հա­սա­րակ մար­դոց եւ զի­նո­ւոր­նե­րու կարճ, բայց բո­վան­դա­կա­լից պատ­մու­թիւն­նե­րով:
­Դես­պա­նը նաեւ անդ­րա­դար­ձաւ ժա­պա­ւէ­նին մէջ ար­ծար­ծո­ւած հայ ռազ­մա­գե­րի­նե­րու խնդի­րին` շեշ­տե­լով, որ հար­ցը տա­կա­ւին վերջ­նա­կան լու­ծում չէ ստա­ցած, ինչ­պէս նաեւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ գոր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք մինչ այ­սօր ան­պա­տիժ մնա­ցած են։
«Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Խրի­ս­թոս ­Ռան­տա­վե­լաս լայն անդ­րա­դարձ ը­րաւ ժա­պա­ւէ­նէն բխող ու­ղերձ­նե­րուն մա­սին, ընդգ­ծե­լով ա­զե­րի բա­նա­կի վայ­րա­գու­թիւն­նե­րը ան­մեղ բնակ­չու­թեան հան­դէպ, ինչ­պէս նաեւ պա­տե­րազ­մա­կան գե­րի­նե­րուն առն­չու­թեամբ։ ­Խօ­սե­ցաւ հայ մօր տա­ռա­պան­քին մա­սին, որ տե­ղեակ չէ իր գե­րի զա­ւա­կի բախ­տին հա­մար, ա­պա շեշ­տը դրաւ Ար­ցա­խի քա­ղա­քակր­թու­թեան կո­թող­նե­րու ոչն­չաց­ման խնդի­րին վրայ։ Ան ան­գամ մը եւս շեշ­տեց Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը եւ դա­տա­պար­տեց Ատր­պէյ­ճա­նի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը՝ Ար­ցա­խը պո­կե­լու հա­յու­թեան ձեռ­քէն եւ զայն կա­պե­լու ա­զե­րի պե­տու­թեան։ ­Վեր­ջա­պէս, ­Ռան­տա­վե­լաս դա­տա­պար­տեց մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի ան­տար­բե­րու­թիւ­նը պա­տեր­ազ­մի ըն­թա­ցքին, ան­կէ յե­տոյ ալ ոչ ան­կեղծ կե­ցո­ւած­քը Ար­ցա­խի հա­յու­թեան հիմ­նա­հար­ցի ար­դար լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ։
­Ֆիլ­մի բե­մադ­րիչ ­Թո­մաս ­Սի­տե­րիս իր խօս­քին մէջ նշեց, որ դէմ ըլ­լա­լով բռնու­թեան ո­րե­ւէ դրսե­ւո­րու­մի` փոր­ձած է կեդ­րո­նա­նալ մարդ­կա­յին ճա­կա­տա­գի­րին վրայ` ընդգ­ծե­լով, որ իր ժա­պա­ւէ­նը նախ եւ ա­ռաջ մար­դա­կեդ­րոն բնոյթ կը կրէ: Ան նաեւ յայտ­նեց, թէ կը նա­խա­տե­սէ վե­րա­դառ­նալ ­Հա­յաս­տան՝ նկա­րա­հա­նե­լու հա­մար վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն մը եւս: