Թուր­քիոյ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Նու­րէտ­տին ­Ճա­նիք­լի ­Պա­քո­ւի մէջ յայ­տա­րա­րած է, թէ «շատ կա­րե­ւոր է Ատր­պէյ­ճա­նին մաս կազ­մող ­Ղա­րա­բա­ղի ա­զա­տագ­րու­մը» եւ այդ տա­րածք­նե­րը ուշ կամ կա­նուխ պի­տի ա­զա­տագ­րո­ւին հայ­կա­կան բռնագ­րա­ւու­մէն»:
«Ատր­պէյ­ճա­նի ու­ժը` ­Թուր­քիոյ ոյժն է, ­Թուր­քիոյ ոյ­ժը` Ատր­պէյ­ճա­նի ոյժն է, ­Թուր­քիան եւ Ատր­պէյ­ճա­նը դժո­ւա­րին պա­հե­րուն օ­տար եր­կիր­նե­րէ զէնք գնե­լու հար­ցին մէջ բար­դու­թիւն­ներ ու­նե­ցած են, ա­տոր հա­մար ալ մենք պար­տա­ւոր ենք մէկ­տե­ղե­լու մեր ու­ժե­րը պաշտ­պա­նա­կան ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ»,- ը­սած է ­Ճա­նիք­լի` ա­ւելց­նե­լով, որ այդ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը խիստ կա­րե­ւոր է:
­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րը միշտ պէտք է ի­րա­րու ա­ջակ­ցին: ԱՓԱ լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը կը հա­ղոր­դէ, որ այդ մա­սին յայ­տա­րա­րած է ­Պա­քու այ­ցե­լող ­Թուր­քիոյ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Նու­րէտ­տին ­Ճա­նիք­լի:
Ըստ ա­նոր՝ Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Թուր­քիոյ զի­նեալ ու­ժե­րուն միա­ցեալ ռազ­մա­փոր­ձե­րը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւին նաեւ ա­պա­գա­յին:
«­Մենք պատ­րաստ ենք բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ ա­ջակ­ցե­լու Ատր­պէյ­ճա­նին: ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րը միաս­նա­կան են, բո­լո­րը պէտք է գիտ­նան ա­տի­կա:
Անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին մեր զի­նեալ ու­ժե­րը պատ­րաստ են ա­մէն ձե­ւով ա­ջակ­ցիլ ի­րա­րու»,- ը­սած է ան:
­Թուր­քիոյ նա­խա­րա­րին հա­մա­ձայն՝ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ գո­յու­թիւն ու­նի փո­խըմբռ­նում:
«Ատր­պէյ­ճան եւ ­Թուր­քիա եղ­բայ­րա­կան պե­տու­թիւն­ներ են: ­Մենք ի­րա­րու կա­րի­քը ու­նինք: Ատր­պէյ­ճա­նի ժո­ղո­վուր­դին ցան­կու­թիւ­նը մե­զի հա­մար հրա­ման է, մենք կը ձեռ­նար­կենք անհ­րա­ժեշտ քայ­լե­րուն»,- ը­սած է ան:
Ըստ ա­նոր, եր­կու եր­կիր­նե­րը կը միա­ւո­րեն ի­րենց ջան­քե­րը բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ: