ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Հայկական հողերու ազատագրութեան դատը միշտ եղած է համայն հայութեան քաղաքական ու անզիջելի գերագոյն նպատակը: Ահա թէ ինչո՛ւ համայնավար վարչակարգի խստագոյն պայմաններու տակ իսկ հայ ժողովուրդը երբեք չդադրեցաւ Ղարաբաղեան հարցը արծարծելէ եւ պահանջելէ, որ Ստալինի ապօրէն կարգադրութիւնը սրբագրուի:
Ղարաբաղեան Շարժումը սկզբնական օրերուն հաւատաց Կորպաչովի վերակառուցման լոզունգին եւ ուզեց ժողովրդավար ու օրինական կարգով սրբագրել ստալինեան ապօրինութիւնը:
Սակայն յաջորդող դէպքերը անդրադարձնել տուին, որ պէտք է ապաւինիլ սեփական ուժերուն: Կազմակեպուեցաւ, ստեղծեց պետութիւն ու բանակ եւ իրեն պարտադրուած պատերազմին մէջ արձանագրեց յառաջխաղացք ու յաղթանակ: Իսկ քաղաքական ու դիւանագիտական ճակատի վրայ յաջողեցաւ ունենալ ինքնուրոյն վարքագիծ եւ գէթ մինչեւ հիմա թոյլ չտուաւ, որ Ղարաբաղի խնդիրը խաղաքարտ դառնայ ուրիշ հաշիւներու կամ շահերու:
Ղարաբաղի հարցը քանի մը առիթներով օրակարգի հարց դարձաւ Մ.Ա.Կ.ի մէջ, որ իր կարգին անոր կարգաւորումն ու լուծումը վստահեցաւ «Եւրոպայի Ապահովութեան ու Համագործակցութեան Կազմակերպութեան» (Ե.Ա.Հ.Կ.): Մինչեւ հիմա բանակցութիւնները կը կատարուին անոր միջնորդութեամբ: Հայ քաղաքական ղեկավարութիւնը ցարդ աչալուրջ է, որ պարտադրուած պատերազմի ճակատներուն վրայ շահուած փառաւոր յաղթանակը ամփառունակ չկորսուի դիւանագիտական խաղերու ու խարդաւանանքներու հետեւանքով:
Իրողապէս գոյութիւն ունի եւ ինքզինք հաստատած է Արցախի պետութիւնը, որ ստեղծուած է ժողովրդային հանրաքուէով, սակայն անիկա տակաւին ճանաչումի չէ արժանացած միջազգային հանրութեան կողմէ:
Երկու պետութիւն ունենալու գաղափարը անհարազատ է հայ քաղաքական մտքին համար: Սակայն նկատի առած ազգերու ինքնորոշման միջազգային իրաւունքը եւ սահմաններու անփոփոխելիութեան մասին միջազգային համաձայնագիրները, ուրոյն պետութիւն ունենալու տարբերակը հնարաւոր լաւագոյն միջոցը կը համարուի Արցախի դատին համար, երբ մանաւանդ ծանօթ նախընթացը կայ, որ Խ.Միութեան եւ Եուկոսլաւիոյ տարանջատումով՝ զանոնք բաղկացնող ազգային միաւորները մէկը միւսին ետեւէն անկախութիւն հռչակեցին եւ ճանաչումի արժանացան:
Արցախի շրջակայքը (յաւելուած)
Լաչինի անցքը.
Գորիսէն անդին, Լաչինի անցքէն ետք Արցախն է:
Ճամբուն վրայ կը գտնուի Ծիծեռնավանքը, կառուցուած՝ 5րդ դարուն: Ուրիշներու կարգին կայ նաեւ Վարազկոմ եկեղեցին (9-11րդ դար), որ աւերակ վիճակի մէջ իսկ սքանչելի նմոյշ մըն է հայկական ճարտարապետութեան:
Արցախի հարիւրաւոր հին եկեղեցիներն ու վանքերը, ինչպէս նաեւ հազարաւոր յուշարձանները արդէն խօսուն վկաներն են շրջանի հայապատկանութեան:
Շուշի.
Կառուցուած է մեծազանգուած ժայռի մը վրայ: Իր բարձր դիրքով՝ ազերիներուն զինուորական ամէնէն զօրաւոր կեդրոնն էր, ուրկէ անխնայ կը ռմբակոծուէին հայկական գիւղերն ու քաղաքները:
Ներքեւը կայ «Քարինտակ» կոչուող գիւղը, որ ռմբակոծուելուն պատճառով մեծաթիւ զոհեր տուաւ պատերազմի ընթացքին:
Շուշիի հերոսական ազատագրումը ճակատագրական եղաւ պատերազմի ելքին մէջ՝ ի նպաստ հայկական կողմին:
Շուշի գրեթէ միակ քաղաքն էր, որուն բնակչութիւնը խառն էր՝ ազերիներէ ու հայերէ բաղկացած:
Նախապէս Ատրպէյճան յատուկ ծրագրով ճիգ տարած էր, որպէսզի քաղաքը բնակուի ազերիներով, անոր զինուորական անառիկ դիրքէն օգտուելու համար, երբ որ պատերազմական վիճակ ստեղծուէր…:
Գլխաւոր եկեղեցին՝ Ղազանչեցւոց եկեղեցին է, կառուցուած՝ 19րդ դարու երկրորդ կէսին:
Ստեփանակերտ (Ասկերան).
Արցախի մայրաքաղաքը:
Յարաբերաբար նոր քաղաք մը, որու շրջապատող բարձունքին կը գտնուի յուշարձան մը՝ «Մենք մեր լեռներն ենք» խորհրդանիշ բացատրութեամբ: Աւելի ծանօթ՝ «մամիկն ու պապիկը» անունով:
Ստեփանակերտէն 15 քմ. հեռաւորութեան վրայ կայ Ասկերան բերդը:
Գանձասար.
Կոչուած է՝ «Գանձասար» վանքին անունով:
Լերան մը գագաթին կը գտնուի. կողքին՝ «Կաչաղակաբերդ»ի աւերակները:
Հոն են նաեւ «Ս. Գէորգ»ի վանքը (16րդ դար) եւ «Ս. Յովհաննու Մկրտիչ» եկեղեցին, որուն տակ, տեղացիները կը հաւատան, որ թաղուած է Յովհ. Մկրտիչի գլուխը:
Մարտունի.
Քաղաքը ունի մշակութային կեդրոն, որ կը կոչուի Օpera, քանի որ Երեւանի operaի կառոյցին շատ կը նմանի:
Կեդրոնին մօտ կառուցուած է արձանը Մոնթէ Մելքոնեանի, Ամերիկա ծնած հայ հերոսին, որ Արցախի պատերազմին մասնակցեցաւ իբրեւ հրամանատար եւ հոն ալ զոհուեցաւ: Շրջանին մէջ կայ 4 եկեղեցիներու համալիր մը, կառուցուած՝ 5-13րդ դարերուն:
Մօտակայքը կը գտնուի 2000 տարեկան ծառ մը, որ կը կոչուի «Սխտորաշէն»:
Հադրութ.
Անտառապատ լեռներով գեղեցիկ շրջան մը: Հոն կը գտնուի Կչավանքը (13րդ դար), որ սքանչելի տեսարան ունի եւ կը նկատուի Արցախի գաղտնիքները պահող: Կառուցուած է «շա՚տ, շատ գէշ ժամանակներուն, երբ մոնկոլները ամէն ինչ կը քանդէին…»:
Մարտակերտ.
Ռազմական կարեւոր ու ջրառատ շրջան մը: Նշանաւոր է անառիկ դիրքով «Ջրաբերդ»ը, որու յիշատակութիւնը կայ 7րդ դարէն: Հոնկէ կ՚երեւայ «Երից Մանկաց» վանքը՝ հիանալի տեսարանով ու ճարտարապետութեամբ, կառուցուած՝ 17րդ դարու վերջաւորութեան:
Ներկայիս կարելի չէ այս շրջանը այցելել, զինուորական գօտի ըլլալուն պատճառով:
Ծանօթագրութիւն.
Արցախին մաս կը կազմէ նաեւ Շահումեանի շրջանը, որ պատերազմի առաջին օրերուն վայրագ յարձակումներու ենթարկուեցաւ ազերիներու կողմէ: Անմեղ բնակչութիւնը բազմաթիւ զոհեր տալով փախուստի դիմեց ու գաղթական դարձաւ: Շահումեանը ազերիներու գրաւման տակ է ներկայիս:
Արցախը հարուստ է պատմական բազմաթիւ յուշարձաններով, եկեղեցի-մատուռներով, խաչքարերով, բերդերով, գերեզմանատուններով եւ այնպիսի արձանագրութիւններով, որոնք ամէնէն կասկածամիտ մարդն ալ կը համոզեն, թէ շրջանը անբաժանելի մասը կազմած է Հայաստանի:
Մեր վերը թուածները շատ աննշան, հազիւ թէ չնչին գաղափար մը կու տան գոյութիւն ունեցող յուշարձաններու մասին: Դարերու ընթացքին, բացի հողամշակութենէն, Արցախի մէջ զարգացած են ճարտարապետութիւնը եւ գորգագործութիւնը, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:
Վերջաբան.
Ներկայիս, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ պայմանաւորուած են իրարմով՝ միեւնոյն արմատէն ծնած-աճած երկու ծառերու նման: Ապագային համար, սակայն, անխուսափելի է երկուքին միաւորումը:
(Վերջ)