Չորեքշաբթի՝ 24 Յունուարին, Արցախի խորհրդարանին մէջ, Աշոտ Ղուլեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի՝ Ղարաբաղեան Շարժման 30րդ տարեդարձի տօնակատարութեան կազմակերպման ու համակարգման պետական յանձնաժողովի հերթական նիստը, որու ընթացքին ներկայացուեցան 30ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծրագիրին հիմնական ուղղութիւնները եւ ամփոփուեցան խորհրդանիշի (լոկօ) մրցոյթին արդիւնքները:
Բանալով նիստը՝ Աշոտ Ղուլեան յայտնեց, որ արդէն իսկ կատարուած է սկիզբը ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներուն, որոնք չեն սահմանափակուիր միայն Փետրուար ամիսով, այլ կ՛ընդգրկեն ամբողջ 2018 տարին եւ կ՛ունենան համաժողովրդային բնոյթ՝ սփռուելով Արցախի ամբողջ տարածքով: Պետական յանձնաժողովը կ՛առաջարկէ ձեռնարկներու իրականացման թիրախաւոր եւ նպատակային ծրագիր, որուն իրականացման համար պիտի ներգրաւուին հանրային, քաղաքական եւ գիտական շրջանակները, պաշտպանութեան բանակը, արտաքին աշխարհն ու հայկական սփիւռքը:
Այնուհետեւ, յանձնաժողովի անդամները քննարկեցին եւ ամփոփեցին Ղարաբաղեան Շարժման 30ամեակի ձեռնարկներու խորհրդանիշի մրցոյթին արդիւնքները: Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարի ներկայացումով՝ 10-31 Դեկտեմբեր 2017ին յայտարարուած մրցոյթի ընթացքին 26 մասնակիցներու կողմէ յանձնաժողովին ուղարկուած են 77 խորհրդանիշի նմոյշներ: Քննարկման ընթացքին յաղթական ճանչցուեցաւ Նինա Շահվերդեանի ներկայացուցած խորհրդանիշը եւ Արմէն Ղուկասեանի պաստառներու նախագիծը:
Ձեռնարկներու ծրագիրով կը նախատեսուի նաեւ յոբելինական յուշաշքանշանի, նիւթին վերաբերեալ գիրքերու եւ գրքոյկներու, լուսանկարչական ալպոմի, նամականիշի, վաւերագրական ժապաւէններու, տեսահոլովակներու պատրաստում, հանրապետութեան ամբողջ տարածքին ցուցահանդէսներու, տարբեր մրցոյթներու, մարզական ու մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպում:
Յոբելինական ձեռնարկները պիտի սկսին 10-15 Փետրուարի ընթացքին՝ պահպանելով երեսուն տարի առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ժամանակացոյցը: Հանդիսաւոր ձեռնարկները պիտի կազմակերպուին 20 Փետրուարին: Նիստի ընթացքին, յանձնաժողովի անդամները՝ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերգէյ Շահվերդեան ներկայացուցին համալիր ձեռնարկներու ծիրին մէջ նախատեսուած ոլորտային ծրագիրները:
Ղարաբաղեան Շարժման խորհրդանիշը
Հաստատուեցաւ Ղարաբաղեան Շարժման 30ամեակի խորհրդանիշը