Այսօր ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 1։00ին, Ա­թէն­քի ծո­վե­զե­րեայ Ղ­լի­ֆա­տա շրջա­նի իր բնա­կա­րա­նի ինք­նա­շարժ­նե­րու կա­ռա­տան մէջ, հայ­կա­կան ծա­գու­մով 41ա­մեայ ­Մ.Ա. սպաննո­ւե­ցաւ ան­ծա­նօթ ոճ­րա­գործ­նե­րու կող­մէ։
Թաք­նո­ւած ան­ծա­նօթ­նե­րը կը սպա­սէին կա­ռա­տան մէջ, ա­պա իր վրայ յար­ձա­կե­լով, հինգ ան­գամ ատր­ճա­նա­կով կրա­կե­ցին իր վրայ։
­Հա­րո­ւած­նե­րը մա­հա­ցու էին։ Ըստ ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ քա­ղո­ւած նախ­նա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, սպա­նու­թիւ­նը հա­ւա­նա­բար հա­շիւ­նե­րու մաք­րա­գոր­ծու­մի հե­տե­ւանք է։ Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը հե­տաքն­նու­թիւն սկսած է, բա­ցա­յայ­տե­լու հա­մար ո­ճի­րը։ Դժ­բախտ հայ­րե­նա­կի­ցի կո­ղա­կի­ցը եւ զա­ւակ­նե­րը ո­ճի­րի պա­հուն ի­րենց տան մէջ կը գտնո­ւէին։