ՄԱՆՆԻԿ ՊԷՕՐԷՔՃԵԱՆ — ԱՇՐԵԱՆ

­Հա­յա­կուլ Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին, 75-ա­մեակ տօ­նող օ­րա­թեր­թի մը մա­սին, չեմ գի­տեր ե­թէ կան բա­ռեր, ո­րոնց մի­ջո­ցով կա­րե­լի է լրիւ կեր­պով նկա­րագ­րել եւ գնա­հա­տել հայ մա­մու­լի հա­յա­պահ­պան­ման ու հա­յա­կեր­տու­մի ան­փո­խա­րի­նե­լի դե­րը:
Ինձ հա­մար, սա­կայն, անձ­նա­կան խոս­տո­վա­նան­քի պահ մըն է կար­ծես, այն ի­մաս­տով որ հայ վար­ժա­րա­նի ջերմ մթնո­լոր­տէն զրկո­ւած, երբ հա­զիւ տար­րա­կան գրել կար­դալ գիտ­ցող պար­մա­նու­հի մըն էի, «Ա­զատ Օր»ը դար­ձաւ ա­ռօ­րեայ ան­բա­ժան մտե­րիմ ըն­կերս եւ ու­սու­ցիչս: Շ­նոր­հիւ, ու­րեմն, այս հո­գեմ­տա­յին կա­պին, այ­սօր հա­մեստ գրի­չիս կը յանձ­նեմ մտա­ծում­ներս, ե­րախ­տա­գի­տու­թեան զգա­ցում­ներս եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներս:
Ս­փիւռ­քա­հա­յերս, իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նո­ւած ազ­գի մը յա­րու­ցեալ զա­ւակ­նե­րը, մե­զի պար­տադ­րո­ւած քա­ղա­քա­կան աք­սո­րի պայ­ման­նե­րուն մէջ, հա­յօ­րէն տո­կա­լու ան­կա­րե­լիու­թիւ­նը յաղ­թա­հա­րե­ցինք, շնոր­հիւ հայ ե­կե­ղեզ­ւոյ, հայ վար­ժա­րա­նին, ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րուն եւ հայ մա­մու­լին նշա­նա­կա­լից դե­րա­կա­տա­րու­թեան:
­Հայ մա­մու­լը եւ յատ­կա­պէս օ­րա­թեր­թը սփիւռ­քա­հա­յու հայ­րե­նա­կա­րօտ սրտին հո­գե­կան ա­ռօ­րեայ սնունդն է: Օ­տար ա­փե­րու վրայ ծնած ու մեծ­ցած սե­րունդ­նե­րը ի­րենց ար­մատ­նե­րուն ու հայ­րե­նի­քին կա­պող թան­կա­գին պոր­տա­լարն է:
Ուս­տի, ­Յու­նա­հա­յերս կը պար­տինք խոր գի­տակ­ցու­թեամբ գնա­հա­տել մեր «Ա­զատ Օր»ը , որ յա­ջոր­դեց «­Նոր Օր» օ­րա­թեր­թին եւ 75 եր­կար տա­րի­ներ ան­խա­փան, յաղ­թա­հա­րե­լով տնտե­սա­կան թէ այլ տե­սա­կի բո­լոր խո­չըն­դոտ­նե­րը, կը շա­րու­նա­կէ մնալ պատ­նէ­շի վրայ հսկա­յա­կան ճի­գե­րով, շնոր­հիւ նուի­րեալ սպա­սար­կու­նե­րու եւ ա­նոնց զօ­րա­վիք կանգ­նող հա­ւա­տա­ւոր հայ­րե­նա­կից­նե­րու:
­Խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով հան­դերձ մեզ հիւ­րըն­կա­լող եր­կիր­նե­րուն եւ մեր պա­րա­գա­յին յա­ճախ մե­զի բախ­տա­կից ­Յու­նաս­տա­նին, մենք Ս­փիւռ­քի մէջ միշտ կը փնտռենք մեզ­մէ խլո­ւած հայ­րե­նի­քը, պա­հե­լով գէթ մեր հո­գե­կան հայ­րե­նի­քը: «Ա­զատ Օր»ը, կա­րե­ւո­րա­գոյն վա­հան­նե­րէն մէկն է, որ կը պաշտ­պա­նէ մեզ ձուլ­ման ճամ­բով ազ­գա­յին ան­հե­տա­ցու­մի վտան­գէն, որ­պէս զի թշնա­միին ցե­ղաս­պա­նու­թեամբ հայ ազ­գի բնաջն­ջու­մի թի­րա­խը չ՛ ի­րա­կա­նա­նայ մեր իսկ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ:
Ե­թէ բախ­տը ու­նե­ցած ենք հայ վար­ժա­րան յա­ճա­խե­լու, հայ մա­մու­լի մի­ջո­ցաւ կը պա­հենք ու կը թար­մաց­նենք մեր գի­տե­լիք­նե­րը: Իսկ պայ­ման­նե­րու բեր­մամբ հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թե­նէն զրկո­ւած ան­ձե­րու դաս­տիա­րա­կը օ­րա­թերթն է, ե­թէ քիչ մը կար­դալ գի­տենք: Կ՛ ըն­տե­լա­նանք մեր ազ­գա­յին լի­նե­լու­թեան ե­րաշ­խիք՝ մայ­րե­նի լե­զո­ւին, կը ծա­նօ­թա­նանք ազ­գա­յին մեր փառ­քին, այլ նաեւ մեր ան­վերջ պայ­քար­նե­րուն յա­նուն հա­ւատ­քի եւ հայ­րե­նի­քի: Կ­՚ի­մա­նանք մեր հի­նա­ւուրց ազ­գի մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րը եւ կը հասկ­նանք ին­չու «UNESCO»ն ­մեզ ո­րա­կած է «Creative Nation» ստեղ­ծա­գործ ազգ ու կը զգանք մեր ծա­գու­մի հպար­տու­թիւ­նը, այլ նաեւ զայն ա­նա­ղարտ պա­հե­լու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը:
Ան­տա­րա­կոյս, այս բո­լո­րին կա­րե­լի է տե­ղե­կա­նալ մեր թան­կա­գին գանձ՝ հայ գիր­քէն: Օ­րա­թեր­թը, սա­կայն, ա­ռօ­րեայ կեն­սա­տու աղ­բիւր մըն է ոչ միայն մեր հա­մայն­քին հա­մար, այլ հայ­րե­նի­քը, Ար­ցա­խը եւ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն ցրո­ւած հա­յու­թեան սրտի զար­կը նոյն կշռոյ­թով միաց­նող մղիչ ու­ժը: ­Ծա­նօթ է ան­շուշտ, թէ «Ա­զատ Օր»ը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան օր­կանն է, բայց կը պա­հէ միշտ լու­րե­րու ճշգրիտ հա­ղոր­դու­մով միաս­նա­կան եւ ար­ժա­նա­ւոր սկզբունք­ներ: Ա­ռար­կա­յա­կան մօ­տե­ցու­մով ա­մէն ­Հայ գի­տէ, թէ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը այն ազ­գափր­կիչ կու­սակ­ցու­թիւնն է, որ վեց դա­րե­րու ստրկու­թե­նէ վերջ, սա­տա­րեց ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան գի­տակ­ցու­թեամբ հայ ժո­ղո­վուր­դի իբր ազգ վե­րա­կանգ­նու­մին եւ իր ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րու պա­հան­ջա­տի­րու­թեան տէր դառ­նա­լու սրբա­զան պայ­քա­րին, ա­մէն գնով:
Ուս­տի, մեր «Ա­զատ Օր»ը լրա­տո­ւա­կան թերթ չէ միայն, այլ ա­ռօ­րեայ յա­ճա­խա­կա­նու­թեամբ մեր հո­գե­կան հայ­րե­նի­քը ամ­րապն­դող ու­ղե­ցոյց մըն է: Ա­նոր է­ջե­րէն ներշն­չո­ւե­լով, ա­մէն մէկս կը զգայ իր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը, որ­պէս զի բո­լորս միա­սին կա­րո­ղա­նանք ­Լու­սա­ւոր­չի մեր կան­թե­ղը վառ պա­հել եւ գի­տա­կից հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ ու հա­յու կամ­քով տէր կանգ­նիլ մեր Ար­դար ­Դա­տին:
Ու­րեմն, մեր ա­պա­գա­յի յանձ­նա­ռու թան­կա­գին հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ՛, «Ա­զատ Օր» կար­դա­ցէ՛ք, որ հայ մնաք եւ ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րու մի­ջո­ցաւ ա­պա­հո­վէք ոչ թէ հա­յա­նուն հա­յա­սէր­նե­րու բազ­մու­թիւն­ներ, այլ մեր գո­յա­տե­ւու­մը, իբր հայ ազգ: ­Դու՛ք էք մեր մար­տու­նա­կու­թեան դրօ­շա­կիր­նե­րը ու կը հա­ւա­տամ թէ մեր պատ­մամ­շա­կու­թա­յին հարս­տու­թեան ար­ժա­նի ժա­ռան­գորդ­նե­րը կը դառ­նաք:
Բ­նա­կան է, որ այս ա­ռի­թով, բո­լորս կը պար­տինք խո­նար­հիլ այն անձ­նու­րաց ան­ցեա­լի թէ ներ­կա­յի նո­ւի­րեալ­նե­րուն, ո­րոնք նոյ­նիսկ ո­րոշ պա­հե­րու անն­պաստ պայ­ման­նե­րու մէջ ստեղ­ծա­գործ ո­գիով եւ ազ­գա­յին խոր հա­ւատ­քով, կան­գուն պա­հե­ցին հայ ըն­տա­նի­քին հա­ւա­տա­րիմ ըն­կե­րը, միշտ քայլ պա­հե­լով ժա­մա­նա­կի յա­ռաջ­դի­մու­թեան հետ եւ զայն բարձ­րաց­նե­լով գետ­նա­յարկ տպա­րա­նէ ար­դիա­կան գրա­սե­նեակ­ներ:
­Մեր ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան սքան­չե­լի օ­րի­նակ՝ «Ա­զատ Օր»ի 75-ա­մեա­կը, ցա­ւօք սրտի, կը զու­գա­դի­պի մեր հայ­րե­նի­քէն եւ հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խէն ներս տի­րող ճգնա­ժա­մա­յին ներ­կայ դրու­թեան:
Աշ­խա­րաս­փիւռ հա­յու­թիւ­նը կը տագ­նա­պի եւ կը յու­սայ, թէ ան­յա­պաղ կը զգաս­տա­նան կա­ցու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ու հա­յա­վա­յել վե­րա­բե­րու­մով վերջ կը դնեն մեր ազ­գին սպառ­նա­ցող ա­հա­ւոր վտանգ­նե­րուն, հասկնա­լով, թէ անձ­նա­կա­նէն ու հա­տո­ւա­ծա­կա­նէն ազ­գա­յի­նը գե­րա­դա­սելն է փրկու­թեան միակ ճա­նա­պար­հը:
­Յու­սանք որ այս ան­գամ եւս կը յա­ջո­ղինք ար­դա­րաց­նել Ֆ­րանց ­Վեր­ֆե­լի տե­սա­կէ­տը, թէ՝ «­Հա­յե­րը ան­կա­րե­լիին ժո­ղո­վուրդն են»: ­Վեր­ջա­պէս, ող­ջու­նե­լով 75-ա­մեա­կը մեր սի­րե­լի «Ա­զատ Օր»ին, սրտանց կը մաղ­թեմ ուժ ու կո­րով ներ­կա­յի հա­ւա­տա­ւոր անձ­նա­կազ­մին, որ­պէս զի մեր գա­ղու­թի միակ օ­րա­թեր­թը բա­րի երթ ու­նե­նայ մին­չեւ իր 100-ա­մեա­կը ու ե­րա­նի, մինչ այդ ­Սեւ­րի դաշ­նագ­րի կեան­քի կո­չու­մով, ի­րա­կա­նա­ցած ըլ­լայ Ա­զատ, Ան­կախ ու ­Միա­ցեալ հայ­րե­նի­քի ազ­գա­յին մեր ե­րա­զը: