ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ — «Հայրենիք»
19 Յունուար 2018ին թրքական բանակը «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեամբ լայնածաւալ յարձակումի անցաւ Սուրիոյ Աֆրին քաղաքին ու անոր շրջակայ գիւղերուն դէմ:
Աֆրինը մեծամասնութեամբ բնակուած է քիւրտերով, մաս կը կազմէ քիւրտ Ռոժավա հեռանկարային հանրապետութեան եւ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի հովանաւորութիւնը վայելող քիւրտ զինեալ կազմակերպութիւններու տիրապետութեան տակ:
Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը յայտարարութեամբ մը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ բանակի «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան եւ յաջողութիւն մաղթած անոր՝ աւելցնելով, որ պիտի աղօթէ ահաբեկչական գործունէութեան դադրեցման, խաղաղութեան ու տրամաբանութեան ընթացքի հաստատման համար («Հուրրիէթ Տէյլի Նիուզ», 23 Յունուար 2018):
Քաղաքական եւ շրջանային ուժերու նպատակներուն եւ դիրքերուն վերլուծումը չէ այս փորձը, այլ ճիգ մը՝ հասկնալու եւ հասկցնելու Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին կեցուածքը:
Ցարդ մարդկային պատմութեան ամբողջ ընթացքին, Նոյ Նահապետէն սկսած, ձիթենիի ճիւղը խորհրդանշած է փոթորիկի վերջ եւ խաղաղութեան սկիզբ: Թուրքը այդ անուան տակ նպատակադրած է իրագործել ճիշդ հակառակը՝ նոր փոթորիկի սկիզբ եւ խաղաղութեան յաւելեալ խորտակում. յարձակիլ Սուրիոյ վրայ (անգամ մը եւս), բնաջնջել քրտական սահմանակից բնակավայր մը եւ զէնքի ուժով հաստատել թրքական ազդեցութեան գօտի Սուրիոյ մէջ, ի հեճուկս սուրիական անկախութեան եւ քրտական ինքնավարութեան:
Ճիշդ է, որ քիւրտերը պատմութեան ընթացքին հայութեան մեծագոյն պատուհասներէն մէկը եղած են, բայց երբեք կարելի չէ մեզի հասած վնասի այդ ծաւալը բաղդատել թուրքերուն եւ թաթարներուն հասցուցած աղէտներու ծաւալին հետ: Ճիշդ է, որ քիւրտերը հայոց դէմ գործադրուած բոլոր ջարդերուն ու 1915ին սկսած ցեղասպանութեան գլխաւոր գործիքներէն մէկը եղած են, բայց ծրագրողը, հովանաւորը, օրէնսդիրը եւ գերագոյն գործադիրը թուրքը եղած է: Այս տողերով քիւրտերուն մեղքերը չեն քաւուիր անշուշտ եւ տակաւին ունին իրենց յանցանքի պատկառելի բաժինը: Ներկայիս, քիւրտերու գոնէ քաղաքական ներկայացուցչութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը յայտարարէ, թէ կը ձգտի ժողովուրդներու հաւասարութեան եւ իրաւունքներու ձեռքբերման: Նաեւ՝ Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի քրտական կազմակերպութիւնները կը միտին ինքնավարութեան եւ ի վերջոյ անկախութեան. աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն մէջ որքան իրատես կամ իրագործելի են այդ նպատակները՝ այլ հարց է եւ այլ հարթակի քննարկումի առարկայ, սակայն ազատութեան եւ ինքնավարութեան ցանկութիւնները հիմնական մարդկային իրաւունքներ են հաստատուած բոլոր միջազգային ուխտերու կողմէ:
Այժմ, պահ մը, հարկ է թուարկել, թէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը ի՞նչ կը շահի եւ ի՞նչ կը կորսնցնէ այս յայտարարութեամբ:
Օգուտները.-
– Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալընի շնորհակալական խօսքը եւ արտայայտութիւնը, թէ «միասնականութիւնը իրենց մեծագոյն ուժն է»:
– Կարգ մը հայ անհատներու (կրօնական եւ աշխարհական) վստահութեան ամրագրումը թուրք իշխանաւորներուն մօտ: Պետրոս Շիրինօղլուի եւ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի վերջին հանդիպումին ներկայ եղած էր նաեւ «արտաքին գործոց նախարարութեան» (կը շեշտենք՝ «արտաքին գործոց նախարարութեան») նախարարի խորհրդականը… Կապ մը կա՞յ արդեօք Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին վրայ մեծ հեղինակութիւն ունեցող Շիրինօղլուին եւ արտաքին գործոց նախարարի խորհրդականին, Էրտողանին հովանիին տակ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ու պատրիարքարանի յայտարարութեան միջեւ…
– Հաւանաբար… Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան խոչընդոտներուն յաղթահարումը եւ ժողովրդավար ընթացքին վաւերացումը:
– Հաւանաբար… հայ համայնքին ապահովութիւնը եւ բարօրութիւնը:
– Հաւանաբար… Հրանդ Տինքը սպաննողներուն ու դաւադիրներուն քողազերծումն ու դատապարտումը:
– Աւելի հեռուն չերթանք… «հաւանաբար»ներով (Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում, հայութեան եւ նոյնինքն Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի կորուստներու հատուցում, ինչքերու վերադարձ եւ այլն, եւ այլն), որովհետեւ մէկ «փոքրիկ» յայտարարութեամբ այդքան մեծ շրջադարձ չեն իրականացներ թրքական քաղաքականութիւնը եւ համաթուրանականութիւնը…
Վնասները.-
– Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը կը կորսնցնէ իր ազատ արտայայտութեան իրաւունքը, անգամ մը եւս, ի՛ր իսկ նախաձեռնութեամբ:
– Կ’ոտնահարէ իր արժանապատիւ տեղը Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու հաւաքականութեան մէջ:
– Ա՛լ աւելի կը նուաստանայ Թուրքիոյ իշխանաւորներուն առջեւ, որովհետեւ երբ ճնշողը դէմը քամակակորութիւն կը նկատէ, շարունակաբար աւելի կը բռնանայ, աստիճանաբար աւելին խլելու, ի վերջոյ մահացու հարուածը տալու՝ կամայ թէ ակամայ զիջողին:
– Կը չքանան Պոլսոյ հայ ազատատենչ հատուածին ցարդ մշակած ու քաղած պտուղները:
– Խնդրոյ առարկայ կը դառնայ քիւրտ ժողովուրդին համակրութիւնը հայութեան հանդէպ:
– Պատրիարքարանը կը հաւասարի ազատութեան ձգտող քիւրտը խեղդողին հետ:
– Զօրավիգ կը հանդիսանայ ինքնիշխան երկիր մը բռնագրաւողին:
– Չի տեսներ, թէ Թուրքիոյ բանակը Աֆրինի վրայով կը մօտենայ հարաւը գտնուող (միայն 30 մղոն անդին) հայաշատ Հալէպին, որ վերջին տարիներուն նոյնինքն Թուրքիոյ զինուորապէս հովանաւորեալներուն կողմէ ենթարկուած էր մասնակի պաշարման եւ ամէնօրեայ ռմբակոծումներու, ունեցած մեծ վնասներ եւ բազմաթիւ զոհեր, մինչեւ ռուսերու օգնութեամբ սուրիական բանակին կողմէ պաշարման գօտիներու բեկումը: Յստակ չէ՞, թէ հայաբնակ Քեսապէն ետք, հայաշատ Հալէպը հայաթափելը ի՛նչ իմաստ ունի թուրք քաղաքականութեան համար:
Հայ բոլոր ղեկավարները՝ կրօնական, քաղաքական, թէ մտաւորական, ազատօրէն կեցուածք դրսեւորելու կողքին, երբեմն կը փորձուին այս կամ այն ուժին պարտադրանքին տակ հայավնաս յայտարարութիւններ կատարելու, առանց մտածելու կամ անդրադառնալու, թէ ներկայէն անդին ապագայ սերունդներն ալ կաշկանդումի եւ շարունակական հարուածի կ’ենթարկեն: Եթէ նպատակը ղեկավարի դիրքը պահպանելն է, լռութիւնը յաջող զէնք է, բայց կոչումը եւ դիրքը աւազախրելը՝ աններելի: Երբ կոչումին գիտակից ղեկավարի հետ է ճնշողին գործը, անպայման ոչ-պարտուողական ելքը կարելի է գտնել դիւանագէտօրէն, իսկ անելի պարագային՝ պատճառաբանուած հրաժարականը կը պարտադրէ իրավիճակի շրջում ճնշողին եւ ճնշուողին միջեւ: