«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» — Խմ­բագ­րա­կան

­Յու­նա­կան հին դի­ցա­բա­նու­թեան մէջ, ձի­թե­նիի ճիւ­ղը թէ՛ խա­ղա­ղու­թեան եւ թէ յաղ­թա­նա­կի խորհր­դա­նիշն էր, իսկ այս վեր­ջին նշա­նա­կու­թիւ­նը մին­չեւ օրս պահ­պա­նո­ւած է։
Ներ­կայ դա­րուս, ­Թուր­քիոյ ծա­ւա­լա­պաշտ ու սուլ­թա­նա­մէտ նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նը ո­րո­շած է իր կար­գին զայն իբ­րեւ կար­գա­խօս գոր­ծա­ծել՝ յաչս իր ղե­կա­վա­րած երկ­րին եւ, ընդ­հան­րա­պէս, շրջա­նին։ Այս նշա­նա­խօս­քով՝ ան ­Սու­րիոյ յատ­կա­պէս հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րուն մէջ յար­ձա­կում գոր­ծած է, Ան­գա­րա­յի կող­մէ ա­հա­բե­կիչ նկա­տո­ւող քրտա­կան ու­ժե­րու տի­րա­պե­տու­թեան տակ գտնուող շրջան­նե­րը չէ­զո­քաց­նե­լու հա­մար:
Այս­պէս, յու­նա­կան չաս­տո­ւած­նե­րը այժմ փո­խա­րի­նուած են Էր­տո­ղան­նե­րու նման խո­րա­մանկ տի­պար­նե­րով, ո­րոնք ա­ռի­թը լա­ւա­պէս օգ­տա­գոր­ծե­լով՝ դի­մե­ցին «­Ձի­թե­նիի ճիւղ» գոր­ծո­ղու­թեան, որ հա­ւա­նա­բար շատ ա­ւե­լի հա­րա­զա­տօ­րէն պի­տի նկա­րագ­րո­ւէր ե­թէ կո­չո­ւէր «Փ­շա­ծա­ղիկ» գոր­ծո­ղու­թիւն:
Այդ ձի­թե­նիի ճիւղր չէր յայտ­նո­ւեր խա­ղա­ղու­թեան հո­մա­նիշ ճեր­մակ ա­ղաւ­նիի կտու­ցին մէջ, այլ՝ ռմբա­ձիգ օ­դա­նա­ւե­րով, հրա­սայ­լե­րով եւ ծանր հրե­տա­նիով: ­Սա­կայն, այս «­Ձի­թե­նիի ճիւղ» գոր­ծո­ղու­թեան ե­տին կանգ­նող մութ հա­շիւ­նե­րը այն­քան շատ են, որ նոյ­նիսկ ա­մէ­նէն ա­ւե­լի հմուտ քա­ղա­քա­գէ­տը կրնայ շո­ւա­րիլ ու մո­լո­րիլ: Արդ, եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր, ­Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պետ Ան­կե­լա ­Մեր­քէ­լի դէմ բռնօ­րէն պայ­քա­րող Էր­տո­ղա­նի բա­նա­կին ներ­խու­ժու­մը տե­ղի կ­՚ու­նե­նար… գեր­մա­նա­կան ար­դի հրա­սայ­լե­րու գոր­ծա­ծու­թեամբ։
­Հա­ւա­նա­բար, քա­նի մը հարց-պա­տաս­խան­նե­րով շատ ա­ւե­լի դիւ­րին պի­տի ըլ­լայ բա­ցատ­րել այս լա­բիւ­րին­թո­սա­յին կա­ցու­թիւ­նը ­Սու­րիոյ նման երկ­րի մը մէջ, ուր օ­դա­յին սահ­ման­նե­րը բաց կը մնան զի­նո­ւո­րա­կան ա­մէն տե­սա­կի եւ ա­մէն դրօշ պար­զող օ­դա­նա­ւե­րու առ­ջեւ:
Ա­ռա­ջին հեր­թին, տե­ղին է հար­ցադ­րել, թէ ին­չո՞ւ հա­մար եւ ի՞նչ պայ­ման­նե­րու տակ կա­տա­րո­ւե­ցաւ այս թրքա­կան ներ­խու­ժու­մը:
Յս­տակ էր, թէ այն օ­րը, երբ Ո­ւա­շինկ­թըն ո­րո­շեց վե­րա­նո­րո­գել իր օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը մե­ծա­մաս­նու­թեամբ քիւր­տե­րէ կազ­մո­ւած խմբակ­ցու­թիւն­նե­րուն, լայն յար­ձա­կում մը շղթա­յա­զեր­ծե­լու սկզբնա­կան պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը տես­նո­ւե­ցան:
Ար­դեօք կա­նաչ լոյս տրո­ւա՞ծ էր շրջա­նին մէջ տի­րա­պե­տող եր­կիր­նե­րուն կող­մէ՝ ա­զատ ու հա­մար­ձակ ներ­խու­ժում մը ի­րա­գոր­ծե­լու:
­Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­գահ Վ­լա­տի­միր ­Փու­թին, որ վեր­ջերս հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը կնքած էր Ան­գա­րա­յի հետ՝ կա­զի խո­ղո­վակ­ներ զե­տե­ղե­լու ­Սեւ ծո­վու ա­րե­ւե­լեան ա­փին մօտ, «­Ձի­թե­նիի ճիւղ» գոր­ծո­ղու­թե­նէն օր մը ա­ռաջ, յա­տուկ հրա­մա­նագ­րով հրա­հան­գած էր այդ շրջա­նը զե­տե­ղո­ւած ռու­սա­կան ու­ժե­րուն, որ ա­պա­հո­վա­կան պատ­ճառ­նե­րով հե­ռա­նա­յին։
Իսկ ­Սու­րիոյ հա­մար, այն­քան ա­տեն, որ այս ներ­խուժ­ման թի­րա­խը ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու հետ գոր­ծող քիւր­տերն էին, կա­րե­լի էր աչք գո­ցել քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին օ­րե­րէն թիւ մէկ թշնա­մի Ան­գա­րա­յին նկատ­մամբ, որ նա­խա­պէս ­Դա­մաս­կո­սի դռնե­րը հաս­նե­լու կոչ կ­՚ը­նէր, մինչ­դեռ «­Ձի­թե­նիի ճիւղ» գոր­ծո­ղու­թեամբ միայն իր սահ­ման­նե­րը կը փոր­ձէր ամ­րապն­դել:
Այս­պէս, ան­գամ մը եւս քիւր­տե­րը զոհ դար­ձան մութ հա­շիւ­նե­րու, ո­րոնց մէջ, վեր­ջին շա­րու­նա­կա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն կա­տա­րող ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներն ալ կորսնցու­ցած են ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ի­րենց քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը: