Նշան Տինկոյեանի յիշատակին
Ամերիկահայ հանրածանօթ գրագէտ Զաւէն Սիւրմէլեանի սրտառուչ հարցումն է, որ ան կ՚ուղղէ համայն մարդկութեան, իր նշանաւոր համանուն գիրքին մէջ, խօսելով իր կեանքի ու հայ ժողովուրդի ոդիսականին մասին հայոց Եղեռնի սեւ օրերուն՝ իր ծնողքին, հարազատներուն ու անմեղ մանկութեան կորուստին դիմաց։
Ակամայ, նոյն հարցումը դարձեալ արձագանգեց ներաշխարհիս մէջ, երբ կարդացի դասընկերոջս՝ Նշան Տինկոյեանի մահուան լուրի մռայլ տողերը։
Երեսուն տարիէ ի վեր կրկնուող հարցումը, ուրուականի մը նման, իր աղօտ բայց հաստատ ձայնը լսելի կը դարձնէր մեր հոգիի խոր ծալքերուն մէջ, որպէս հնչող գանգատ՝ ճակատագրի այն սեւ շունին համար, որ քալեց Նշանի կողքին։
Սակայն այսօր, իր թաղման օրը, երբ դիմացս կը դիտեմ Նշանի անշունչ մարմինը, աղօտ ձայնը կը դառնայ ճիչ, վայնասուն, ցաւի աղաղակ՝ տղու մը համար, որ համակ բարութիւն էր, համեստութիւն ու ազնուութիւն, հակառակ, որ փոքր հասակէն ճաշակած էր հօր անսպասելի կորուստը, սակայն չէր վհատած, կանուխէն կեանքի պայքարին մէջ նետուած՝ կը դառնար ընտանիքի ողնասիւնը իր ազնիւ մօր ու երիտասարդ քրոջ համար։
Կարծես, դեռ երէկ էր, երբ հազիւ իր կեանքի 26 տարիներու գարունները չբոլորած, սիրելի երիտասարդը ընդմիշտ կը քամուէր անկողինին վրայ, ուղեղի խռնումի անողոք հարուածէն, որ անգթօրէն իջաւ իր վրայ ու մթագնեց գալիք գարուններն ու պայծառ օրերը։
Ձեզ կը հարցնեմ, տիկիններ եւ պարոններ…, կրնա՞ք ընդունիլ նման ճակատագիր ու կորուստ։ Չկրցանք հաշտուիլ անոր հիւանդութեան հետ. ամէն օր, երեսուն տարի շարունակ յուսացինք, որ ան իր աչքերը պիտի բանայ ու դարձեալ ոտքի կանգնած, պիտի միանայ իր սիրելի մօր ու հարազատներուն։
Հապա մա՞յրը, ի՞նչ ըսել, ինչպէ՞ս մխիթարել սրբակեաց կինը, որ մինակ, կերոնի մը նման ամէն օր վառեցաւ ու հալեցաւ, յուսաց այն փոքր լոյսի նշոյլին համար, այն յոյսին համար, երբ ծնողի համբերութեան աղբիւրը կը ցայտէր ամէն օր, տեսնելու համար հրաշքը, որուն հաւատքը վերջին կը սպառի…։
Հրաշքը չեղաւ, սակայն Նշանին սիրտը երեսուն տարի տրոփեց երկա՜ր այդ քունին մէջ, որուն դատապարտուեցաւ ապրիլ… ի՜նչ հեգնանք… ապրի՞լ…։
Սիրելի Նշան, մենք՝ դասընկերներդ, բարեկամներդ, քեզ կը յիշենք այն երիտասարդ դէմքով, ազնիւ նկարագրով, բարութեամբ լեցուն վարմունքով, որոնք առատօրէն ծաղկած էին սիրտիդ ու հոգիիդ մէջ։ Քեզ կը յիշենք այն բարի ժպիտով, ակումբէն ու եկեղեցիէն ներս, ազնուասիրտ ու համեստ։
Կ՚երթաս միանալու վաղամերիկ հօրդ, սակայն դէմքիդ ազնիւ կերպարը միշտ պիտի լուսաւորէ սիրելի մօրդ ու քրոջդ սիրտերը, որոնք որպէս պահապան հրեշտակներ կանգուն մնացին սնարիդ վրայ։
Պիտի յիշենք, քեզ, սիրելի բարեկամ։ Բայց, որքան ալ տարիները անցնին, որքան ալ կեանքը հարթէ ցաւն ու վիշտը, այդ անողոք հարցումը պիտի շարունակէ ճզմել մեր հոգիները, պատասխան մը ստանալու անյոյս սպասումով…։
«Ձեզ կը հարցնեմ, տիկիններ եւ պարոններ…»։
Ք.Է.