Աշխարհատարած սփիւռքի տարբեր գաղութներէ, Հայաստանէն եւ Արցախէն հազարաւոր Հ.Օ.Մ.ականներ եւ հայորդիներ, 6 Սեպտեմբերին, նուիրական առաքելութեամբ մը համախմբուած էին Ստեփանակերտի մէջ` բոլոր յարմարութիւններով օժտուած գեղեցիկ մանկապարտէզի նոր շէնքին պաշտօնական բացումը կատարելու համար:
Բացման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ, ներկայացուցիչներ՝ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն:
Նախագահ Բակօ Սահակեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ ըսաւ, որ Արցախի նախադպրոցական հաստատութիւններու շարքին կարեւոր դերակատարութիւն ունի «Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցը, որ հիմնադրուած է սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն ջանքերով եւ կը հանդիսանայ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան իւրայատուկ խորհրդանիշ մը:
Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակցած են այս հայրենանուէր նախաձեռնութեան իրականացման, հետամուտ են Արցախի ժողովուրդին հոգերը թեթեւցնելու եւ հայրենիքին միշտ օգտակար ըլլալու պատրաստակամութեամբ օժտուած են:
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան` օրհնելով դպրոցը եւ Հ.Օ.Մ.ականները՝ նշեց, որ այս նորակառոյց շինութիւնը պէտք է մանուկներու համար դառնայ օճախ, ուր անոնք պիտի ստանան հայեցի դաստիարակութիւն եւ հասակ պիտի առնեն հաւատքի ու հայրենասիրութեան առողջ մթնոլորտի մէջ: «Մեր ազնիւ ու նուիրեալ Հ.Օ.Մ.ուհիները կեանքի կոչեցին այս գեղեցիկ ծրագիրը, որ նման է ռազմավարական նոր բարձունքի մը նուաճման:
Աստուած յաւերժ օրհնէ Հ.Օ.Մ.ուհիները, մեր մանուկներն ու դաստիարակները, մեր հայրենիքն ու ազգը»,- շեշտեց Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան:
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Քարոլին Շմաւոնեան նշեց, որ միութիւնը այս նոր կառոյցով հիմնաքար մը կը զետեղէ պատմութեան էջերուն մէջ եւ անոր դռները կը բանայ իբրեւ կոթող: «Բազմայարկ մանկապարտէզը պաշտօնապէս իր դռները կը բանայ հայ կնոջ անպարտելի կամքին շնորհիւ, մատաղ սերունդի դաստիարակութեան համար եւ Սօսէ մայրիկի յիշատակին:
Անգամ մը եւս կը հաստատենք, որ հայ ազգին համար ամէնէն սուղ արժէքները իր փոքրիկ մանուկներն են` մեր պատմութեան, մշակոյթի եւ ինքնութեան գոյատեւման իրականացումը երաշխաւորող անփոխարինելի գրաւականները:
Այս խոր համոզումով եւ նուիրումով առաջնորդուած, Հ.Օ.Մ.ը 107 տարի շարունակ մայրական հոգատարութեամբ նուիրուած է մատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան»,- ըսաւ ան:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան` խօսքը ուղղելով աշխարհի տասնեակ երկիրներէ Արցախ գտնուող Հ.Օ.Մ.ուհիններուն՝ նշեց, որ Հ.Օ.Մ.ը իր գործունէութեան սկսած է հայոց պատմութեան ամէնէն ճակատագրական պահուն եւ ստանձնած է օգնութեան խաչ ըլլալու պատասխանատուութիւնը:
«Իբրեւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան քոյր կառոյց, Հ.Օ.Մ.ը թիկունք կանգնած է հայ ժողովուրդին եւ պատուով կատարած իր գործը: Արցախի գոյամարտի առաջին օրերէն ներկայ էիք Արցախի մէջ` տարբեր ծրագիրներով, որոնց արգասիքն է այսօր «Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցը: Արցախը ո՛չ միայն պէտք է գոյատեւէ, այլ նաեւ բարգաւաճի, ընդարձակուի եւ միանայ Հայաստանին»,- շեշտեց Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան եւ յաղթական երթ մաղթեց Հ.Օ.Մ.ի կառոյցին:
Հ.Օ.Մ.ի Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի վերաշինութեան հանգանակային յանձնախումբի ատենապետ Անժէլ Մանուկեան նշեց, որ Հ.Օ.Մ.ուհիները` իբրեւ հայ մայրերու, բարոյական պարտականութիւն ունին ծառայելու իրենց հայրենիքի զաւակներուն` աւելցնելով, որ Արցախը իր ազատագրուած տարածքներով յաւիտեան պէտք է մնայ միաձուլուած եւ հաստատելով, որ Հ.Օ.Մ.ը առյաւէտ կապուած պիտի մնայ հայրենի հողին եւ ժողովուրդին:
Հ.Օ.Մ.ի Արցախի միաւորի ատենապետ Ռուզաննա Աբրահամեան իր կարգին ըսաւ, որ «Սօսէ» մանկապարտէզը պիտի դառնայ իւրայատուկ եկեղեցի, որուն քահանան հայ կինը պիտի ըլլայ: «Եթէ հայ կինը կրնայ այսպիսի շքեղութիւն կերտել, ապա ինչե՛ր կրնան ընել մեր այրերը»,- ըսաւ Ռ. Աբրահամեան եւ ընդգծեց, որ այս շէնքէն դուրս պիտի գան նպատակասլաց եւ գիտութեան ու աշխատանքին նուիրուած սերունդներ:
Մանկապարտէզի տնօրէն Նելլի Ղուլեան նշեց, որ շատ ոգեւորուած է, քանի որ Արցախի փոքրիկները պիտի յաճախեն ժամանակակից պայմաններով օժտուած նոր մանկապարտէզ: Այսօր «Սօսէ» յաճախելու կարելիութիւն ունին Արցախի 120 փոքրիկներ:
Մանկապարտէզի շինարարութեան աշխատանքներուն մօտաւորապէս 100 հազար տոլար աջակցութիւն ցուցաբերած եւ շէնքը համացանցային կապով ապահոված «Ղարաբաղ Թելեքոմ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Գարեգին Օտապաշեան նշեց, որ նպատակը ո՛չ միայն մանկապարտէզի նոր շէնք ունենալն էր, այլե՛ւ հայապահպանութիւնը, հայրենիքի ամրապնդումը, լեզուի եւ մշակոյթի զարգացումը:
Մանկապարտէզի կառուցման աշխատանքներուն աջակցած է նաեւ մանկապարտէզի նախկին սան Տիգրան Դաւթեան: Ան Ստեփանակերտի Վ. Փափազեանի անուան տրամաթիքական թատրոնին մէջ ստանձնելով իր առաջին դերը եւ ստանալով առաջին վարձատրութիւնը՝ զայն նուիրած է մանկապարտէզի կառուցման աշխատանքներուն: Ան նշեց, որ իր մանկապարտէզ յաճախելէն ետք շէնքը քանդած են եւ ինքը, թատրոնին մէջ մարմնաւորելով «Փոքրիկ իշխան»ի դերը, ստացած դրամը նուիրաբերած է շէնքի կառուցման` յոյս ունենալով, որ փոքրիկ եղբայրը եւս յաճախէ մանկապարտէզ:
Այս առիթով հրապարակած հաղորդագրութեամբ մը, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն դիտել տուաւ, որ Հ.Օ.Մ.ը կը նշանակէ առաքելութիւն, մէկ դարու ինքնամոռաց նուիրում եւ ամէնօրեայ անդադրում աշխատանք:
«Հայ Օգնութեան Միութիւնը աշխարհ եկաւ հայութեան մեծ տագնապի նախօրեակին` գթութեան ձեռք մեկնելու համար կարիքաւորին ու հալածեալին, ըլլալով հո՛ն, ուր յոյսի ու կարեկցանքի կարիք կար: Իր 107ամեայ կենսագրութիւնը միութիւնը սերտօրէն շաղկապեց հայ ազգի ճակատագիրին եւ եղաւ հարազատ ժողովուրդին հետ, թէ՛ ողբերգութիւններու եւ թէ յաղթանակներու փուլերուն: Ծառայեց բարեսիրութեան գործին անկեղծ, անսակարկ գթասրտութեամբ եւ իբրեւ հատուցում արժանացաւ աշխարհասփիւռ հայութեան անվերապահ վստահութեան ու վաստակած սիրոյն:
«Հայրենի երկրի վերանկախացման եւ Արցախ աշխարհի ազատագրման հոլովոյթը Հայ Օգնութեան Միութիւնը ընկալեց իբրեւ մարտահրաւէր` կամաւորաբար ստանձնելով նորանոր պարտականութիւններ: Ազգային տեսլականներու երեւակուող նոր հորիզոնները ոգեւորիչ ազդակ ծառայեցին բազմապատկուած եռանդով, համարձակօրէն նետուելու գործի յորձանուտը, ըլլալու պետականակերտման ոչ-դիւրին փորձութիւններուն մէջէն անցնող հայաստանցիին եւ արցախեան բնագիծերուն մէջ հայաշխարհի նոր սահմանները ամրագրող ազատամարտիկի կողքին: Հայութիւնը, եւ մենք՝ ներառեալ, Հ.Օ.Մ.ի նուիրեալներու տաք շունչը մնայուն կերպով զգացած ենք մեր կողքին, տոգորուելով այն հաւատքով, որ քրոջական գորովագութ ձեռքը եւ յոգնութիւն չունեցող կորովը միշտ ի սպաս պիտի դրուին այն նախաձեռնութեան, որուն առաջնահերթութիւնը տուեալ պահուն ի յայտ պիտի գայ:
«Սիրելի՛ Հ.Օ.Մ.ուհիներ, Ստեփանակերտի մէջ «Սօսէ» մանկապարտէզի նոր շէնքի կառուցումը մէկն է այն բազմաթիւ բարի նախաձեռնութիւններէն, որով շիւղ մը եւս կ’աւելնայ դէպի յաւերժութիւնը սլացող հայոց մեծ տան պատին: Հերթական ձեռքբերումը հերթական առհաւատչեան է ձեր առաքելութեան անբեկանելիութեան: Ձեր իւրաքանչիւր աշխատանքին մէջ կը ցոլայ Հ.Օ.Մ.ական աշխարհատարած կառոյցին ջանքը: Միաժամանակ ակներեւ է, որ յաւակնոտ ծրագիրները չէին նիւթեղանար, եթէ Հ.Օ.Մ.ի ետին կանգնած չըլլար համակիրներու հաւատաւոր բանակը:
«Առիթէն օգտուելով կը շնորհաւորենք Հ.Օ.Մ.ի ընտանիքը, միութեան համակիրները, արցախցիներն ու այն մանուկները, որոնք ջերմութեան ու հաւատքի ուժով խոյացած պատերուն ներքեւ հասակ պիտի առնեն եւ ամրանան` իբրեւ վաղուան զինուորներ եւ հայ մայրեր:
«Ձեր վարձքը կատա՛ր, ձեր բոլոր երազանքներուն` նուիրագործո՛ւմ»:
Հ.Օ.Մ.ի «Սօսէ» մանկապարտէզը բացաւ իր դռները
Ժամանակակից բոլոր յարմարութիւններով օժտուած Հ.Օ.Մ.ի «Սօսէ» մանկապարտէզը պաշտօնապէս բացաւ իր դռները