Վիքթորիա Մաղաքեան
Մէկ տարուան թարմ տպաւորութիւններով կը վերյիշենք Հ.Օ.Մ.ի Ստեփանակերտի «Սօսէ» Մանկապարտէզի բացումը, որ հազիւ տարի մը առաջ իրագործուեցաւ։ Մէկ տարեկան դպրոցը, դարձեալ բացաւ իր դռները՝ դիմաւորելով փոքրիկ աշակերտները։ Դպրոցական տարեշրջանի վերամուտի զանգը հնչեց նոր ուսումնական տարուայ մը համար։
Անցեալ տարի, 2017ի Սեպտեմբեր 6ին, Ստեփանակերտի մէջ վերակառուցուած Հ.Օ.Մ.ի «Սօսէ» Մանկապարտէզի բացման պաշտօնական արարողութեան մասնակցած էին աւելի քան 400 ականաւոր հիւրեր, նուիրատուներ եւ Հ.Օ.Մ.ի անդամներ, ինչպէս նաեւ Յունաստանէն ժամանած Հայ Կապոյտ Խաչի անդամուհիներու մեծ թիւ մը։
Նորակառոյց այս համալիրը, որ եկաւ աւելնալու Արցախի մէջ գործող Հ.Օ.Մ.ի 8 դպրոցներու շարքին, արգասիքն է Հայ Օգնութեան Միութեան ջանքերուն, որովհետեւ աշխարհացրիւ Հ.Օ.Մ.ուհիներ՝ հայ դպրութեան ջահը մշտավառ կը ձգտին պահել։
Հպարտութեան զգացումներով միայն կարելի է նշել կարեւոր այս մեկնարկը, գիտնալով թէ որքան կարեւոր է Արցախի նոր սերունդի կրթական դաստիարակութիւնը, արդիական ու նորարար շէնքային կառոյցներու մէջ։
Այս խոր համոզումով եւ նուիրումով առաջնորդուած, շատ կարեւոր է հայրենի երկրի մեր երեխաներուն ապահովել ուրախ եւ խաղաղ մանկութիւն։
Արդիական ոճով, արտաքնապէս թէ ներքնապէս սերտուած «Սօսէ» Մանկապարտէզի շէնքը, ամէն ձեւի յարմարութիւններ կը շնորհէ իր հիւրընկալած Արցախի երեխաներուն։ Ժամանակակից պայմաններով օժտուած նոր ու գեղեցիկ Մանկապարտէզը կը դառնայ տաքուկ օճախ մը, ուր անոնք պիտի ստանան կրթութիւն, դաստիարակութիւն եւ հասակ պիտի առնեն առողջ մթնոլորտի մէջ։
Հայ ազգին համար ամէնէն բարձր արժէքները իր փոքրիկ մանուկներն են՝ մեր պատմութեան, մշակոյթի եւ ինքնութեան գոյատեւման երաշխաւորները։
Ակնաբերդի, Խնձորիստանի, Շուշիի, Աշանի, Տողի, Մեծ Դաղլարի, Քարեկայի եւ ամէնէն նոր, հազիւ 1 տարեկան Ստեփանակերտի «Սօսէ» վերակառուցուած Մանկապարտէզի գունաւոր դասարաններուն մէջ, մատղաշ սերունդներ պիտի մեծնան, նպատակ ունենալով ազգային մեր արժէքներու պահպանումը, հայրենիքի ամրապնդումը, լեզուի ու մշակոյթի զարգացումը, ու այս շէնքերէն դուրս պիտի գան՝ գիտութեան եւ աշխատանքի նուիրուած Արցախի հետագայ սերունդները։
Մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ բոլորիս, թէ այս դասարաններուն մէջ կը հնչէ Արցախի փոքրիկներու ուրախ կանչը, երգն ու խնդուքը։ Հոն կը կրթուին ու կը զուարճանան Արցախի երեխաները ու անկէ բարձրացող կանչերով՝ կը լիանան Հ.Օ.Մ.ուհիներու ու սփիւռքահայութեան հոգիները։