Սեպտեմբեր 13ին, Հ.Հ. սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը՝ ատենապետուհի Քարոլին Շմաւոնեանի գլխաւորութեամբ: Հ.Օ.Մ.ի պատուիրակութեան կազմին մէջ էին փոխ-ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեան, ատենադպիր Ռիթա Հինդլեան, գանձապահ Սիլվա Գույումճեան, ինչպէս նաեւ՝ անդամներ Լիզա Աւագեան, Նելլի Վեքիլեան, Աննա Տէր-Յակոբեան, Վարսենիկ Սարգիսեան, Սոնիա Աքէլեան, Ալեսիա Պեճանեան, Օժիկ Գրիգորեան եւ Նելլի Նարկիզեան:
Նախարարը շնորհաւորեց կառոյցի անդամները՝ Հ.Օ.Մ.ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան 25ամեակի եւ Սեպտեմբեր 6ին Ստեփանակերտի մէջ կայացած Հ.Օ.Մ.ի «Սօսէ» մանկապարտէզի հանդիսաւոր բացման առթիւ: Ան կարեւոր համարեց Սփիւռքի մէջ Հ.Օ.Մ.ի հայանպաստ գործունէութիւնը, յատկապէս՝ առողջապահական, կրթական, ընկերային եւ ինքնութեան պահպանման մարզերէն ներս։
Նախարարը նաեւ ներկայացուց «Սահմանապահ գիւղերին աջակցութիւն» ծրագիրը եւ առաջարկեց 43 գիւղերէն մէկը ընտրել ու շէնցնել՝ զայն դարձնելով «Հ.Օ.Մ.ի գիւղ»ը:
Քննարկուեցան նաեւ Հայաստան-սփիւռք համահայկական 6րդ համաժողովի մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հ.Օ.Մ.ի միջեւ համագործակցութեան զարգացման ու ամրապնդման վերաբերեալ հարցեր:
Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, իրենց կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան եւ բարձր գնահատանքին համար, ապա՝ ներկայացուցին Հ.Օ.Մ.ին իրականացուցած աշխատանքները՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով մասնակցելու «Սահմանապահ գիւղերի աջակցութիւն» ծրագիրին եւ աշխուժացնելու իրենց մասնակցութիւնը նախարարութեան այլ ծրագիրներուն:
Հ.Օ.Մ.ը Հայաստանի մէջ արձանագրուած է 1991ին, եւ մօտաւորապէս 600 անդամուհիներով կը գործէ Հայաստանի 48 շրջաններու մէջ: Հ.Օ.Մ.ի առաքելութիւնն է նպաստել Հայաստանի մէջ իրաւական, ժողովրդավարական պետութեան ձեւաւորման եւ քաղաքացիական հասարակութեան կերտման գործի ընթացքին, ինչպէս նաեւ՝ օժանդակել հայ ժողովուրդի ընկերային, կրթական, առողջապահական եւ բարեսիրական ծրագիրներու իրականացման:
Հ.Օ.Մ.ի պատուիրակութիւնը այցելեց սփիւռքի նախարարութիւն
Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց սփիւռքի նախարարութիւն