Հ.Օ.Մ.ը յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը ող­ջու­նած է այս ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին ներ­կա­յա­ցո­ւած «Ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան կան­խար­գել­ման» օ­րի­նա­գի­ծը՝ յոյժ կա­րե­ւոր նկա­տե­լով ա­նոր վա­ւե­րա­ցու­մով նման ո­ճիր­նե­րու քրէա­կա­նա­ցու­մը։
Ն­ման օ­րի­նա­գիծ մը ար­դէն իսկ ու­շա­ցած նկա­տե­լով՝ Հ.Օ.Մ.ը կը շեշ­տէ, թէ 1918ի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թե­նէն ի վեր կա­նանց ի­րա­ւանց պաշտ­պան եր­կիր մը պէտք է նման քայ­լե­րու դի­մէր, եր­կի­րը սե­ռա­յին հա­ւա­սա­րու­թեան ա­ռաջ­նոր­դե­լու նպա­տա­կով։ ­Յի­շեց­նե­լով, որ հա­յոց պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին կի­նե­րը յատ­կան­շա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած են՝ Հ.Օ.Մ.ը կը շեշ­տէ, թէ ա­նոնց պաշտ­պա­նու­թեան ա­պա­հո­վու­մը տար­րա­կան քայլ պէտք է ըլ­լայ ներ­կայ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ, որ­պէս­զի կի­նե­րը կա­րե­նան ապ­րիլ բռնա­րար­քէ եւ ա­նար­դար վե­րա­բեր­մուն­քէ զերծ պայ­ման­նե­րու մէջ՝ ստանձ­նե­լով հա­սա­րա­կու­թեան մէջ ի­րենց վե­րա­պա­հո­ւած դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։
«­Մեր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը իր կա­րե­լին պէտք է ը­նէ ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար իւ­րա­քան­չիւր ըն­տա­նի­քի ա­պա­հո­վու­թիւ­նը, եւ այս օ­րէն­քը ա­ռա­ջին քայ­լը պի­տի ըլ­լայ ըն­տա­նե­կան բռնու­թեանց վերջ տա­լու ար­շա­ւին», նշո­ւած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ, ո­րուն ա­ւար­տին կոչ կ­՛ըլ­լայ ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեանց, որ ա­պա­հո­վեն օ­րի­նա­գի­ծին վա­ւե­րա­ցու­մը՝ շեշ­տե­լով, որ կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը պէտք է ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թեան վե­րա­ծո­ւի։