Ար­դէն իսկ եր­կու տաս­նա­մեակ բո­լո­րած՝ ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան Ա­խու­րեա­նի «­Մօր ու ­Ման­կան» ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ու ման­կա­բար­ձա­կան կեդ­րո­նը, ա­նընդ­հա­տօ­րէն յա­ռա­ջա­դէմ ու ար­դիւ­նա­ւէտ իր ազ­գա­նուէր ծա­ռա­յու­թե­նէն ետք, այս տա­րի կը տօ­նա­կա­տա­րէ իր 20րդ ­տա­րե­դար­ձը՝ ար­դա­րօ­րէն գի­տա­կից ու գո­հու­նակ իր բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տանք­նե­րուն յա­ջող ի­րա­կա­նա­ցու­մէն։
­Մեր նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան ճա­կա­տագ­րա­կան մէկ շրջա­նին յղացուած եւ հայ­րե­նի հո­ղի վրայ, Ա­խու­րեա­նի մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած Հ.Օ.Մ.ի այս ա­ռող­ջա­պա­հա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նը, 1988ի ա­ւե­րիչ երկ­րա­շար­ժէն ի­նը տա­րի ետք, 1997ին բա­ցաւ իր դռնե­րը Ա­խու­րեա­նի եւ շրջա­կայ ա­ւան­նե­րու եւ գիւ­ղե­րու շուրջ 40.000 բնա­կիչ­նե­րուն՝ ար­գա­սա­ւոր տա­րի­քի կի­նե­րուն եւ մա­նուկ­նե­րուն մատ­չե­լի դարձ­նե­լով ո­րա­կա­ւոր նա­խա- եւ յետ-ծննդա­բե­րա­կան խնամք, դար­ման եւ ա­պա­քի­նում՝ նկա­տե­լի վե­րելք ար­ձա­նագ­րե­լով շրջա­նի ա­ռող­ջա­պա­հա­կան վի­ճա­կի բա­րե­լաւ­ման մէջ։
Որ­պէս յա­րա­տեւ յա­ռաջ­դի­մու­թեան ձգտող ար­դիա­կան հաս­տա­տու­թիւն, «­Մօր ու ­Ման­կան» կեդ­րո­նը, հա­մաս­փիւռ­քեան Հ.Օ.Մ.ի միա­ւոր­նե­րու գոր­ծու­նեայ մաս­նակ­ցու­թեամբ, 2005ի Ապ­րի­լին բա­ցաւ իր ար­դիա­կան սար­քե­րով ու մաս­նա­գէտ­նե­րու անձ­նա­կազ­մով օժ­տո­ւած Ծնն­դա­բե­րա­կան բա­ժի­նը։ Ե­րեք աշ­խա­տու­նակ տա­րի­նե­րէ ետք, 2008 թո­ւին, ­Կեդ­րո­նի նո­րա­հաս­տատ Ա­տամ­նա­բու­ժա­րա­նը սկսաւ հի­ւանդ­ներ ըն­դու­նիլ՝ սա­տա­րե­լով մայ­րե­րու ընդ­հա­նուր ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կին կա­յու­նաց­ման, մաս­նա­ւո­րա­բար ա­նոնց յղու­թեան շրջա­նին։
Այ­սօր, Ա­խու­րեա­նի «­Մօր ու ­Ման­կան» ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ու ման­կա­բար­ձա­կան կեդ­րո­նը, բժշկա­կան ար­դիա­կան սար­քա­ւո­րում­նե­րու կող­քին, ու­նի ա­նընդ­հատ ջե­ռուց­ման եւ ե­լեկտ­րա­կան հո­սան­քի ինք­նա­բաւ մե­քե­նա­կա­նու­թիւն, ման­կա­բու­ժա­կան ու կա­նա­ցի հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու դար­մա­նու­մի յա­տուկ ար­ձա­գան­գա­յին քննու­թեան, ստին­քազն­նու­թեան եւ ան­մի­ջա­կան օգ­նու­թեան բա­ժին­ներ, ըն­դար­ձա­կե­լով ու ամ­բող­ջաց­նե­լով իր բժշկա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու յա­րա­ճուն ծի­րը։
Ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս տօ­նա­կա­տա­րե­լու հա­մար ­Կեդ­րո­նին 20րդ ­տա­րե­դար­ձը, ու մա­նա­ւանդ քա­ջա­լե­րե­լու հա­մար մեր հայ­րե­նի­քի տա­րած­քին ի­գա­կան սե­ռի նո­րա­ծին­նե­րու բա­րե­բաս­տիկ գա­լուստն ու բազ­մա­ցու­մը, Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը, իր 14րդ ­լիա­գու­մար նիս­տին, մշա­կեց «Ծ­նուն­դի Խ­նա­մա­կալ» իր նոր ծրա­գի­րը, ո­րուն հի­ման վրայ Հ.Օ.Մ.ի «­Մօր ու ­Ման­կան» ծննդա­տու­նէն ներս ծնած իւ­րա­քան­չիւր երկ­րորդ աղ­ջիկ նո­րա­ծի­նով մը բախ­տա­ւո­րո­ւած ըն­տա­նիք կը ստա­նայ $150 ա­մեր­կեան տո­լար՝ որ­պէս շնոր­հա­ւո­րա­կան։
­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թիւ­նը, այս առ­թիւ կը դի­մէ իր բո­լոր հա­մա­կիր­նե­րուն ի մտի ու­նե­նալ այս ու­րա­խա­ռիթ ու կեն­սա­տու ծրա­գի­րը՝ խնա­մա­կալ դառ­նա­լով նոր կեան­քի մը գա­լուս­տին։
Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը կը շնոր­հա­ւո­րէ ­Կեդ­րո­նի ներ­կայ եւ ան­ցեալ անձ­նա­կազ­մե­րը՝ ի­րենց 20 տա­րի­նե­րու նո­ւի­րեալ աշ­խա­տան­քին հա­մար եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նէ Հ.Օ.Մ.ի մեծ ըն­տա­նի­քին եւ բո­լոր ան­հատ­նե­րուն, ո­րոնց օ­ժան­դա­կու­թեան կը պար­տինք այն ար­դիւնք­նե­րը, ո­րոնք կը շա­րու­նա­կեն ի­րա­կա­նու­թիւն դառ­նալ: