Կիրակի՝ 12 Մարտ 2017ին, Գոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Պատարագէն ետք, Հայ Գթութեան Խաչի Գոմոթինիի «Էրեբունի» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց գնահատանքի հաւաք մը եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Ներկայ էին հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան, Թաղային խորհուրդի անդամներ եւ ժողովուրդը։ Բացման խօսքը կատարեց վարչութեան ատենադպիր ընկհ. Ռուզաննա Զոհրապեան։ Ան յայտնեց, թէ սոյն հաւաքը կազմակերպուեցաւ Հ.Օ.Մ.ի «Երամեան» կրթանպաստը յանձնելու, Գոմոթինիէն օրին դիմում կատարած ու գնահատանքի արժանացած համալսարանի ուսանող օրդ. Էլէնի Սարգիսեանին։ Ապա Ատենապետուհի ընկհ. Հերմինէ Գույումճեան, արժանաւորին շնորհաւորելէ ետք, յանձնեց գնահատանքի գիրն ու նիւթական նպաստը։ Օրդ. Սարգիսեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Օ.Մ.ին վերոնշեալ ծրագրին համար։ Ետքը տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։