«Հ.Օ.Մ.ի կրթա­թո­շակ»

0
19

Հ.Օ.Մ.ը հաս­տա­տած է եւ կը տրա­մադ­րէ «Հ.Օ.Մ.ի կրթա­թո­շակ»ը հայ ու­սա­նող­նե­րու, ա­նոնց օգ­նե­լու հա­մար եւ ակն­կա­լե­լով, որ հայ ու­սեալ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը իր մտա­ւո­րա­կան եւ գի­տա­կան պա­շա­րը ի սպաս պի­տի դնէ իր հայ­րե­նի­քին եւ ազ­գին:
­Յու­նաս­տա­նի հա­մալ­սա­րան­նե­րը յա­ճա­խող ու­սա­նող­նե­րը, ո­րոնք կը փա­փա­քին «Հ.Օ.Մ.ի կրթա­թո­շակ» ստա­նալ 2023-2024 տա­րեշր­ջա­նին հա­մար, պար­տին դի­մում­նագ­րե­րը յանձ­նել Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան, մին­չեւ 30 Ապ­րիլ 2023:
­Դի­մում­նա­գի­րը, իր բո­լոր կցում­նե­րով, պի­տի ըլ­լայ հա­յե­րէն կամ անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րով. ո­րե­ւէ այլ լե­զո­ւով պատ­րաս­տո­ւած դի­մում­նա­գիր պէտք է իր հա­յե­րէն կամ անգ­լե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նով ներ­կա­յա­ցո­ւի:
­Դի­մող ու­սա­նող­նե­րը պար­տին հա­մալ­սա­րա­նի ա­ռա­ջին տա­րին ար­դէն ա­ւար­տած ըլ­լալ։
­Յանձ­նո­ւած դի­մում­նե­րէն 2 ու­սա­նող­ներ պի­տի ընտ­րո­ւին ստա­նա­լու հա­մար կրթա­թո­շա­կը:
­Հե­տաքրք­րո­ւող­նե­րը կրնան դի­մել Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան գրա­սե­նեակ, ստա­նա­լու հա­մար յա­տուկ դի­մում­նագ­րե­րը եւ յա­ւե­լեալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ՝ հե­ռա­ձայ­նե­լով Հ. Կ. ­Խա­չի քար­տու­ղա­րու­թեան, հեռ. 210 9574973 թի­ւին:

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ