«Հ.Օ.Մ.ի կրթաթոշակ»
Դիմումներու պայմանաժամ
Հայ Օգնութեան Միութիւնը ( Հ.Օ.Մ.) հաստատած է «Հ.Օ.Մ.ի կրթաթոշակ»ը հայ ուսանողներու համար: Նպատակն է հայ ուսանողներուն օգտակար հանդիսանալ դրամական օժանդակութեամբ մը՝ իրենց ուսումնական նիւթական պարտաւորութիւններուն համար, միաժամանակ ակնկալելով, որ հայ ուսեալ երիտասարդութիւնը իր մտաւորական եւ գիտական պաշարը ի սպաս պիտի դնէ իր հայրենիքին եւ ազգին:
2023-2024 տարեշրջանին համար «Հ.Օ.Մ.ի կրթաթոշակ» ստանալ փափաքող ուսանողները պարտին իրենց դիմումնագրերը յանձնել Հ.Կ.Խաչի Շրջանային Վարչութեան, մինչեւ 10 Մայիս 2024:
Նախապայման է որ դիմող ուսանողները համալսարանի ուսման առաջին տարին արդէն աւարտած ըլլան։
Դիմումնագիրը, իր բոլոր կցումներով, պիտի ըլլայ հայերէն կամ անգլերէն լեզուներով. որեւէ այլ լեզուով պատրաստուած դիմումնագիր պէտք է իր հայերէն կամ անգլերէն թարգմանութիւնով ներկայացուի:
Հետաքրքրուողները կրնան դիմել Շրջանային Վարչութեան գրասենեակ, ստանալու համար յատուկ դիմումնագրերը եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ, հեռաձայնելով Հ. Կ. Խաչի քարտուղարութեան, հեռ. 210 9574973 թիւին:
Յունաստանի Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութիւն