Տէր, օրհնէ՛ ծառն այս մատղաշ։ Ես կը տնկեմ զայն ահա
Փխրուն եւ սեւ հողին մէջ, ուր պապերս կը պառկին:
Ես՝ անոնց թոռը հսկայ, այս հողին տէրն եմ կրկին,
Ու արեւուն տակ կ’աճիմ՝ անունն իրենց շուրթիս վրայ…
Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան
«Ասք ծառ տնկելու մասին» բանաստեղծութեան տողերը լաւագոյնս կը բնորոշեն Հ.Օ.Մ.ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան կողմէ Ապրիլ 8ին Եռաբլուրի բարձունքին կազմակերպուած ծառատունկը, որ նուիրուած էր՝ մէկ տարի առաջ տեղի ունեցած Քառօրեան պատերազմին իրենց կեանքի գնով հայրենիքի սահմանները պաշտպանած՝ մեր քաջարի զինուորներու յիշատակին։
Նախաձեռնութեան հրաւիրուած էին աշակերտներ, ուսանողներ, ազատամարտիկներ, զինծառայողներ, նուիրատուներ, որոնք Հ.Օ.Մ.ի հետ համագործակցելով՝ օգնութեան հասած էին սահմանին կանգնած զինուորներուն, վիրաւորներուն եւ զոհուածներու ընտանիքներուն,- կը հաղորդէ Torontohyeը։
Հ.Օ.Մ.ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Տիանա Յովսէփեան նշեց, որ Ապրիլ ամիսը թէեւ հայութեան համար վշտի ու կորուստի ամիս է, սակայն անիկա պէտք է դառնայ կեանքի, յարատեւութեան ամիս։ Նախաձեռնութիւնը կը կրէր «Բարեբեր Ապրիլ» կարգախօսը։ «Մենք այս ձեռնարկը կազմակերպեցինք ոչ միայն մեր զոհուած ազատամարտիկներու եւ զինուորներու յիշատակին, այլ նաեւ մեր վիրաւոր եւ այսօր մեր սահմանը պահող զինուորներուն համար։ Թող որ Ապրիլը սկսի մեզի համար «բարեբեր» նշանաբանով եւ մեր երկրի կամարին այլեւս չյատնուին սեւ ամպեր ու երբեք չունենանք սգացող մայրեր»,- աւելցուց ան։
Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմնի ազատամարտիկներու յանձնախումբի ատենապետ Իկոր Սարգսեանի խօսքով՝ կեանքը միշտ պայքար է, եւ այդ պայքարի ընթացքին կան նաեւ զոհաբերութիւններ։ Ահա այստեղ կը հանգչին այն հայորդիները, որոնք իրենք զինենք զոհաբերեցին յանուն մեր ազգի գոյատեւման, յանուն մեր երկրի ապագային։ Եւ կարեւոր է, որ այսօրուան ծառատունկին ներկայ են տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ: Ներկայ են աշակերտներ, ուսանողներ, որոնք եկած են ըսելու, որ ձեր գործը շարունակողներն ենք։ «Շարունակական է մեր պայքարը, եւ մենք պէտք է ապրեցնենք յիշատակը բոլոր զոհուածներուն, որոնք կը հանգչին այստեղ կամ այլ պանթէոններու մէջ… Վառ պահենք անունները բոլոր այն հերոսներուն, որոնք զոհաբերուեցան ազգի զոհասեղանին։ ճանչնանք, այցելենք եւ յիշելով՝ միշտ դալար պահենք մեր պանթէոնը»,- ներկաներուն պատգամեց ան։
«Փոքրիկ Իշխան» դպրոցի աշակերտ Արմանին համար Եռաբլուրը ոչ թէ գերեզմանատուն է, այլ՝ զօրանոց, ուր կը հանգչին մեր անմահ հերոսները։ «Այստեղ, ուր մեր հերոսներու հոգիներով լեցուած է, պէտք է ըլլայ կանաչ ու գեղեցիկ»,- շեշտեց ան։
Ծառատունկը աւարտեցաւ խորհրդանշական արարողութեամբ: Իրենց կեանքը հայրենիքին զոհաբերած զինուորներու անմահ յիշատակին, ու սահմանին կանգնած զինուորներու խաղաղ ծառայութեան համար, դէպի երկինք բարձրացուեցան բացմաթիւ վառուող լապտերներ: