­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան Ար­ցա­խի մաս­նա­ճիւ­ղը «Այ­ցե­լու­թիւն դիր­քա­պահ զի­նո­ւո­րին» ծրա­գի­րին ծի­րէն ներս այ­ցե­լած է ա­ռաջ­նա­գիծ: ­Հեր­թա­կան այ­ցե­լու­թեան հա­մար ընտ­րո­ւած է խորհր­դան­շա­կան` ­Հայ­րե­նեաց պաշտ­պա­նի օ­րը: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Ար­ցա­խի «Ա­պա­ռաժ» թեր­թը։
­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան ան­դամ­նե­րը ա­ռաջ­նագծի վրայ կանգ­նած զի­նո­ւո­րին հա­մար՝ մայ­րա­կան ջեր­մու­թեամբ ու հո­գա­տա­րու­թեամբ՝ պատ­րաս­տած են տոլ­մա, աղ­ցան, նրբաբ­լիթ, գա­թա եւ ան­ձամբ հաս­ցու­ցած զօ­րա­մաս ու դիր­քեր:
«Ծ­րա­գի­րը մշտա­կան է, ար­դէն 5-րդ ­տա­րին է Ար­ցա­խի Հ.Օ.Մ.ու­հի­նե­րը կ­՝այ­ցե­լեն սահ­մա­նա­պահ զի­նո­ւո­րին: ­Բո­լոր ու­տեստ­նե­րը պատ­րաս­տո­ւած են մեր մայ­րե­րուն ձեռ­քե­րով, տնա­կան են, մեր հո­գին ու սէ­րը դրած ենք, որ­պէս­զի զի­նո­ւո­րը այ­սօր ինք­զինք զգայ իր օ­ճա­խին մէջ»,- ը­սած է Հ.Օ.Մ.ի Ար­ցա­խի մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նա­պե­տու­հի ­Կա­րի­նէ ­Դա­դա­յեան եւ ա­ւել­ցու­ցած, որ հայ կի­նը, հայ մայ­րը, ողջ ժո­ղո­վուր­դը սա­տար կանգ­նած է զի­նո­ւո­րին, որ պա­տո­ւով կը կա­տա­րէ իր վրայ դրո­ւած պար­տա­կա­նու­թիւ­նը:
Ար­ցա­խի N զօ­րա­մա­սի Անձ­նա­կազ­մին հետ տա­րուող աշ­խա­տանք­նե­րուն գծով հրա­մա­նա­տա­րի տե­ղա­կալ Ա­րա ­Քա­մա­լեան նման այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն մէջ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ջեր­մու­թիւն կը տես­նէ: «Ն­ման պա­րա­գա­նե­րու ե՛ւ յուզ­մունք, ե՛ւ հպար­տու­թիւն կ­՝ապ­րինք, ո­րով­հե­տեւ կը զգանք, որ մեր հետ են բո­լո­րը»,- ընդգ­ծած է ան: «Այ­սօր ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը մե­զի հա­մար դիր­քա­պահ զի­նո­ւորն է եւ մեր այ­ցե­լու­թեան նպա­տա­կը նաեւ այն է, որ դիր­քա­պահ զի­նո­ւո­րը գիտ­նայ իր ա­ռա­քե­լու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը»,- նշած է Ս­տե­փա­նա­կեր­տի Հ.Օ.Մ.ի «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէ­զի տնօ­րէն ­Նել­լի ­Ղու­լեան:
Ծ­րա­գի­րը կը կրէ շա­րու­նա­կա­կան բնոյթ եւ Հ.Օ.Մ.ու­հի­նե­րը պատ­րաս­տա­կամ են ա­ռա­ջի­կա­յին եւս ի­րենց մայ­րա­կան սէրն ու օրհ­նան­քը հասց­նե­լու հայ­րե­նի­քի պաշտ­պան­նե­րուն:
­Փո­խադ­րա­մի­ջո­ցի եւ կազ­մա­կերպ­չա­կան հար­ցե­րով՝ կազ­մա­կեր­պու­թեան օ­ժան­դա­կած է Լ.Ղ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը: