Ուոթըրթաուն, ՄԱ. – Անցեալ ամսուան ընթացքին, Հայաստանի խորհրդարանի կարգ մը անդամներ ներկայացուցին ընտանեկան բռնութեանց դէմ օրէնքի մը նախագիծը, որ պիտի յղուի Ազգային ժողովին՝ առ ի վաւերացում։ Օրէնքը կ՚առաջարկէ քրէական ու վարչական պատասխանատուութիւն՝ Հայաստանի տարածքին։ Այս առթիւ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
Հայ Օգնութեան Միութիւնը (Հ.Օ.Մ.) կ՚ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան առած այս քայլը՝ օրինականացնելու ընտանեկան բռնութեանց դէմ պայքարը երկրին սահմաններէն ներս։
Որպէս երկիր մը, որ հպարտ է այն իրողութեամբ, թէ Ա. Հանրապետութեան օրերուն, 1918էն ի վեր, օրինականացուցած էր կիներու քուէարկելու, ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքը, եւ նոյնիսկ կի՛ն մը նշանակելով որպէս դիւանագիտական ներկայացուցիչ՝ դեսպան, երբ այդ օրերու քաղաքակիրթ աշխարհի երկիրներու մեծամասնութիւնը դեռ կիներուն քուէարկելու իրաւունքն իսկ կը զլանար։
Այս յապաղած օրինագիծը կարեւոր քայլ մըն է դէպի սեռերու հաւասարութեան իրականացում։
Յիշե՛նք միշտ, թէ հայ կինը կարեւոր դեր ունեցած է մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին — թագաւորական շրջանին՝ որպէս պալատական. նորագոյն ժամանակներուն՝ մասնակից հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարներուն — մի՛շտ ներկայ՝ մեր ընկերային կեանքի զարգացման երկար ճանապարհին, իր աննկուն հաւատքով եւ եռանդով ծառայելով որպէս խորհրդարանի անդամ, նախարար, դաստիարակ ու խնամատար, զարկ տալով հայ մշակոյթի զարգացման ու պահպանման, եւ հասնելով ցեղասպանութեան զոհ՝ գաղթական որբերու եւ այրիներու անհամար կարիքներուն։
Հետեւաբար, կիները իրաւունքը պէտք է ունենան ապրելու վախէ, բռնութենէ եւ անարդարութենէ զերծ կեանք մը, ուր կարենան իրենց գոյութիւնը արդիւնաւորել որպէս հաւասար իրաւունքներու տէր քաղաքացիներ։ Յստակ է, թէ որպէս հասարակութիւն, հարկ է ամէն ջանք թափել իրականացնելու ամէն մէկ տան ապահովութիւնը. այս օրինագիծը, որպէս առաջին քայլ, կրնայ առաջնորդել ընտանեկան բռնութիւններու վերցուելուն։
Որպէս մարդասիրական միջազգային, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն (Ո.Կ.Կ.), Միացեալ Ազգերու (Մ.Ա.Կ.) գրանցուած անդամ, կը հաւատանք, որ սեռերու հաւասարութեան իրականացումը տունէն կը սկսի եւ կը մնայ առաջնահերթ՝ ազգային, շրջանային եւ համաշխարհային մակարդակներու վրայ։ Հ.Օ.Մ.ը հաստատ կը մնայ իր որոշման վրայ՝ առաւելագոյն ճիգով շարունակելու իր զօրակցութիւնը աշխահի բոլո՛ր կիներուն, նեցուկ մնալով ու քաջալերելով այն բոլո՛ր քայլերը, որոնք կը տանին դէպի մարդկային իրաւունքներու համատարած իրականացումը։
Խոր համոզումով կը քաջալերենք, որ Ազգային Ժողովը վաւերացնէ կիներու հանդէպ բռնութեանց դէմ ներկայացուած օրինագիծը եւ յաւելեալ թափով շարունակէ հետապնդել սեռերու հաւասարութեան ու կանանց իրաւունքներու իրականացման աշխատանքները ի շահ գալիք սերունդներու նիւթական թէ բարոյական առողջ ու միակամ զարգացման։
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն