ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

­Լի­բա­նա­նի մտա­ւո­րա­կան ըն­կեր­նե­րէս՝ ­Հա­ւա­թեան ­Յա­կո­բի մա­մու­լով կա­տա­րած կո­չին ըն­դա­ռաջ՝ կ­՚անդ­րա­դառ­նամ եր­կու խնդիր­նե­րու, ո­րոնք ի­րենց այժ­մէա­կա­նու­թեամբ կ­՚են­թադ­րեմ, թէ ար­ժա­նի կը դառ­նան 34-րդ Ընդհ. ­Ժո­ղո­վի քննարկ­ման եւ ի­րենց ծան­րու­թեանց հա­մա­պա­տաս­խան եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու կը յան­գին:
Հ­պան­ցիկ ակ­նարկ մը միայն Ընդհ. ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գի հար­ցե­րուն վրայ պի­տի բա­ւէ, հաս­տա­տե­լու հա­մար, թէ չկայ ո­րե­ւէ խնդիր, որ ողջ հա­յու­թեան ու հայ­րե­նի­քի կեան­քին առն­չո­ւած ըլ­լայ եւ հոն՝ օ­րա­կար­գե­րու ցան­կին մէջ նե­րա­ռո­ւած չըլ­լայ: Այդ­պէս ե­ղած է միշտ, ինչ որ կը նշա­նա­կէ, թէ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը իբ­րեւ հա­մա­հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն ամ­բող­ջա­պէս կլա­նո­ւած է հա­մա­հայ­կա­կան ծա­ռա­յու­թեամբ, սե­ւե­ռա­կէտ դար­ձու­ցած է ազ­գին դի­մաց ծա­ռա­ցող բազ­մա­մա­կար­դակ խնդիր­նե­րը , ո­րով եւ անհ­րա­ժեշտ ժա­մա­նակ չէ տրա­մադ­րած ինք­զին­քին՝ ինքն իր­մով զբա­ղե­լու հա­մար: Այս ա­ռու­մով, կ­՚ա­ռանձ­նաց­նեմ եր­կու հարց, ըստ ին­ծի կա­րե­ւոր ու ան­յե­տաձ­գե­լի:
­Հա­յաս­տա­նի մէջ վե­րըն­ձիւ­ղո­ւե­լէ ետք , վե­րան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան հո­վա­նիին տակ գոր­ծող կու­սակ­ցու­թեան հան­գա­ման­քով, Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը բնա­կան ըն­թաց­քով մը մխրճո­ւե­ցաւ երկ­րի քա­ղա­քա­կան կեան­քին, նոյ­նիսկ մաս կազ­մեց կա­ռա­վա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն, ա­ռանց որ այդ ուղ­ղու­թեամբ նա­խա­պէս (եւ մին­չեւ այ­սօր) գէթ քննար­կած ըլ­լայ իր կա­նո­նա­գիրքն ու կա­ռոյ­ցը՝ եզ­րա­կաց­նե­լու հա­մար, որ ա­նոնք կը հա­մա­պա­տաս­խա­նե՞ն թէ ոչ պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւն մը ե­ղած ըլ­լա­լու իր նոր հան­գա­ման­քին: ­Հա­ւա­նա­կան է նաեւ, թէ կան­խա­տե­սու­թիւ­նը չու­նե­ցաւ, որ քա­ղա­քա­կան կեան­քը յղի է տա­րա­տե­սակ փոր­ձու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք դրա­պէս կամ բա­ցա­սա­բար կ­՚ազ­դեն կու­սակ­ցու­թեան կեան­քին, յատ­կա­պէս ա­նոր ներ­քին մթնո­լոր­տին վրայ…: 1998-ին էր, որ վեր­ջին ան­գամ կա­նո­նագրի վե­րա­նա­յու­մով կա­ռու­ցա­յին պատ­շա­ճե­ցում մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ, այն ալ յար­մա­րո­ւե­լու հա­մար նա­խա­գահ Լ.Տ.Պ.-ի օ­րէնսդ­րա­կան «պար­տադ­րան­քին»…: Ո­րով, անց­նող ա­ւե­լի քան 25 տա­րի­նե­րու փոր­ձին վրայ, կը կար­ծեմ, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը պարտ­քը ու­նի եւ պէտ­քը՝ կա­նո­նագ­րի ու ­Կա­ռոյ­ցի վե­րա­նայ­ման, սա­կայն ա­ռանց ա­ճա­պա­րան­քի: Ա­ւե­լին. հայ­րե­նի­քի ներ­կայ տագ­նա­պա­լի օ­րե­րու եւ ա­պա­գա­յի ա­նո­րո­շու­թեան մղձա­ւան­ջին մէջ, հա­մա­հայ­կա­կան տա­րո­ղու­թեամբ միակ կազ­մա­կերպ ու յու­սա­լի կու­սակ­ցու­թեան մը՝ Հ.Յ.Դ.-ին ի­րա­ւո՛ւնք իսկ չի տրո­ւիր լրջա­գոյն խնդրի մը՝ կա­ռոյ­ցի հա­մար հապ­ճեպ ո­րո­շում կա­յաց­նե­լու, որ սխալ ըլ­լա­լու պա­րա­գա­յին կրնայ ան­նա­խա­տե­սե­լի բար­դու­թիւն­ներ ա­ռա­ջաց­նել՝ իր ու ազ­գի ի­րա­վի­ճա­կի կա­պակ­ցու­թեամբ: Անհ­րա­ժեշտ է, հար­ցին բիւ­րե­ղաց­ման հա­մար, գէթ տա­րո­ւան մը կտրո­ւած­քով յե­տաձ­գել ու բաց պա­հել ծան­րակ­շիռ այս օ­րա­կար­գը եւ ա­ռիթ տալ դաշ­նակ­ցա­կան ան­հատ­նե­րու, որ ի­րենց մտա­ծում­ներն ու պատ­կե­րա­ցում­նե­րը ա­զա­տօ­րէն ու ան­կաշ­կանդ շրջա­գա­յու­թեան մէջ դնեն: Ա­մէն պա­րա­գա­յի սա­կայն, օ­րա­կար­գի քննարկ­ման ըն­թաց­քին անհ­րա­ժեշտ է գե­րա­զանց կա­րե­ւո­րու­թիւն տալ այն ի­րա­կա­նու­թեան, որ հայ­րե­նի­քի եւ սփիւռ­քի տա­րած­քին կազ­մա­կեր­պա­կան կրկնակ պատ­կա­նե­լիու­թեամբ ու տար­բեր գոր­ծա­դաշ­տե­րու վրայ գոր­ծե­լու իւ­րա­յատ­կու­թեանց մէջ, Հ.Յ.Դ.-ը պար­տի սե­փա­կան պե­տու­թեան օ­րէնք­նե­րով ա­ռաջ­նոր­դո­ւող կու­սակ­ցու­թեան մը կար­գա­վի­ճա­կը ու­նե­նա­լու, այ­լեւ միա­ժա­մա­նակ՝ ամ­րօ­րէն կառ­չած մնա­լու ՄԷԿ ՈՒ ՄԻԱՁՈՅԼ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԸԼԼԱԼՈՒ ԻՐ ԷՈՒԹԵԱՆ:
­Հիմ­նադ­րու­թեան օ­րե­րէն Հ.Յ.Դ.ի ներ­քին մթնո­լոր­տը նոյն­քան կա­րե­ւոր ե­ղած է, որ­քան իր գոր­ծը:
Ա­ւե­լին՝ միեւ­նոյն դրօ­շին զի­նո­ւո­րագ­րո­ւած ուխ­տեալ­նե­րու «մէկ ու մեծ ըն­տա­նիք»ի ներ­քին մթնո­լորտն է, որ ան­ցեա­լի մէջ զինք ա­ռաջ­նոր­դած է պան­ծա­լի մե­ծա­գոր­ծու­թեանց: ­Մինչ հի­մա՞…:
­Շատ դի­պուկ էր սրտցաւ դաշ­նակ­ցա­կա­նի մը ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը՝ ֆէյս­պու­քի վրայ շրջա­գա­յող Ե­րե­ւա­նի 131-ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան պատ­կե­րին հա­մար. «Այդ պատ­կե­րը խան­դա­վա­ռեց շերտ մը դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րու, ու­րիշ­նե­րը դժգոհ ձգեց, իսկ շա­տեր բո­լո­րո­վին ան­տար­բեր մնա­ցին…»։ Ի­րա­կա­նու­թիւն մը, որ խորթ ու ան­յայ­րիր է Հ.Յ.Դ.-ին, եւ զոր հիմ­նո­վին շրջե­լու հա­մար կ­՚են­թադ­րեմ, թէ 34-րդ Ընդհ. ­Ժո­ղո­վը իր սե­ղա­նին կ­՚ու­նե­նայ՝ ըստ ա­մե­նայ­նի մեր­ժե­լի մեր այս ներ­կա­յի ներ­քին ի­րա­վի­ճա­կը եւ բա­րե­յոյս մի­ջոց­նե­րով ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­րա­զատ մթնո­լոր­տը վե­րա­կանգ­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը կը դա­սէ հրա­տապ կար­գով ա­ռա­ջի­նը՝ իր ան­յե­տաձ­գե­լի ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թեանց մէջ: